3.8.13

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստը

Ինչպէս յայտարարուած էր, Յուլիս 30-31ին գումարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը, «ընդլայնուած կազմով»։ Օրակարգի վրայ էր Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի քննարկումը։ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը ի պաշտօնէ անդամ ըլլալով հանդերձ, մասնաւոր կերպով հրաւիրուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ՝ ներկայացնելու այն փաստարկումները, որով պիտի հիմնաւորէր իր հրաժարականին մէջ արծարծած սուր քննադատութիւնները՝ ուղղուած Կաթողիկոսին անձին եւ տարած գործունէութեան։

Նորվան Սրբազան ըստ երեւոյթին մերժած է մասնակցիլ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի այս նիստին։ Սրբազանը անհասանելի ըլլալով, միայն կարելի եղաւ ճշդել, որ իր կեցուածքը բացատրող նամակ մը յղած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներուն։ Նախքան ԳՀԽ ժողովի գումարումը, Սրբազան Հօր Էջմիածին մեկնումը յանձնարարելի չէր թուեր կարգ մը շրջանակներու կողմէ, նկատի առնելով այն հանգամանքը որ ԳՀԽ-ի բոլոր անդամները Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած անձեր են, եւ թէ ան վերածուած է կաթողիկոսական որոշումներ հաստատող ատեանի։ Այսինքն՝ ի սկզբանէ հրաժարական քննարկելու սահմանուած վայր չէ։
Ամէն պարագայի, Էջմիածնի մամլոյ հաղորդագրութիւնը քանի մը հարցականներ առաջ կը բերէ. 
ա) Ընդլայնուած նիստ որակուած է, սակայն Էջմիածնի մամլոյ դիւանին կողմէ ցրուած լուսանկարը ցոյց կու տայ աւելի՛ սեղմ նիստի մը պատկերը, ուր անդամներուն կէսը բացակայ է։
բ) Կը նշուի, թէ ԳՀԽ-ը ընդունած է Նորվան Սրբազանի հրաժարականը իր երեք պաշտօններէն եւ կը դիմէ կաթողիկոսին, որ հաստատէ։ Չէ նշուած, թէ Կաթողիկոսը հաստատա՞ծ է, թէ ոչ (*)։
գ) Հաղորդագրութիւնը չի յիշատակեր Սրբազանին բացակայութեան պարագան, ոչ ալ անոր նամակին ընթերցումը եւ քննարկումը։
Ամէն պարագայի, անհամբեր կը սպասենք Սրբազան Հօր յղած նամակի բովանդակութեան հրապարակումին, Ֆրանսայի հայ գաղութը յուզող այս խիստ կարեւոր խնդրին ամբողջական լուսաբանման համար։

«Նոր Յառաջ», Օգոստոս 3, 2013

(*) Բարձր իշխանութեան մը (առաջնորդ, պատրիարք, թէ կաթողիկոս) վաւերացումին ուղղուած դիմումները ընդհանրապէս միեւնոյն վայրկեանին չեն հաստատուիր կամ չեն մերժուիր («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment