3.8.13

Մամուլը քաւութեան նոխազ

Ժ. Չ. 
Երբ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը հրապարակեցինք, կարգ մը շրջանակներու մէջ դատապարտողական մեծ աղմուկ բարձրացաւ։ Այս առթիւ Սփիւռքի նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, անձնական հանգամանքով արտայայտուելով «Նոր Յառաջ»ի Facebook-ի էջին վրայ, գրեց հետեւեալը. “Պէտք չէ, որ այս նամակը մեր 4 պատերէն դուրս ելլէր։ Թուրքերը պէտք պիտի չունենան լրտեսութիւն ընելու։ Անոնք բոլոր տեղեկութիւնները կը քաղեն սփիւռքեան լրատուամիջոցներէն։ Ուրախ պիտի ըլլան տեղեկանալով որ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ խնդիրներ ծագած են։ Ոչ մէկ բանի կը ծառայէ Հայաստանն ու Էջմիածինը մրոտելը…»։

Այս բարձրաստիճան պաշտօնեան գիտակցութիւնն ունի, որ Նորվան սրբազանի հրաժարականը քարոզչական նպատակներով կրնայ Թուրքիոյ կողմէ օգտագործուիլ, ինչպէս որ հայութեան ծոցը ծագած որեւէ ծանրակշիռ գայթակղալի դէպք կրնայ շահագործուիլ թրքական կողմէն, ինչպէս՝ Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի մը եւ ՀՀ վարչապետի Կիպրոսի մէջ հեռափնեայ ընկերութիւն ունենալը, կամ Սիւնիքի մէջ մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանին առնչուած մարդասպանութիւնները, կամ Հարսնաքարի մէջ Աւետեան սպայի սպանութեան պարագան, կամ ՀՀ նախագահի ընտրական խախտումները։ Ինչո՞ւ այս շարքային պաշտօնեային գիտակցութիւնը չունին անոր գերադասները։
Հայաստանեան մամուլը կը վխտայ պետական գայթակղալի սպաննութիւններու, կաշառակերութեան, կողոպուտի վերաբերեալ նիւթերով, ինչո՞ւ իշխանութիւնները մտահոգ չեն Թուրքիոյ կողմէ այս լուրերուն շահագործումով։ Կը կարծեն, թէ անտեղեա՞կ են։ Միթէ անոնք հետաքրքրուած են միայն Սփիւռքի լրատու միջոցներու տարածած լուրերո՞վ։ Անշուշտ ծիծաղելի է լրատու միջոցները քաւութեան նոխազ սեպելու մտայնութիւնը, յատուկ՝ նեղմիտ, ստրկամիտ պետական մարդոց։
Կրնանք շնորհաւորել եւ… խրախուսել, որ անոր օրինակը վարակիչ դառնայ իր գերադասներուն, որպէսզի անոնք ալ անդրադառնան որ իրենց ազգավնաս գործունէութիւնը քարոզչական նպատակներով կ՚օգտագործուի Թուրքիոյ կողմէ միջազգային ատեաններուն մէջ։
Սակայն այս դիտարկումը կը մնայ երկրորդական։ Թուրքիոյ կամ այլ օտար ուժերու կողմէ հայութեան ներքին հարցերու շահարկումի վտանգէն անդին, զարմանալին այն է, որ այդ բարձրաստիճան պաշտօնեան չի մտահոգուիր հայ ժողովուրդին կրած անմիջական վնասով, երբ քաղաքական կամ հոգեւոր դասու կողմէ կը յարուցուին խնդիրներ, որոնցմէ առաջին տուժողը հայ ժողովուրդն է, հայկական պետութիւնն է, հայկական եկեղեցին է, հայ հաւատացեալն է։
Պետական մարդիկ թերութիւններ շատ ունին։ Երբեմն, կը դաւաճանեն իրենց տուած երդումին։ Մամուլին դերն է զանոնք մատնանշելը, աներկբայ։

«Նոր Յառաջ», Օգոստոս 3, 2013 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment