1.10.13

«Մեր երդում»ը այլեւս պարտադիր չէ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դպրոցներուն մէջ

Թրքական ազգայնամոլ բովանդակութեամբ «Մեր երդում»ի ամէն առաւօտ արտասանութիւնը պարտադիր էր Թուրքիոյ բոլոր դպրոցներու աշակերտութեան համար, ներառեալ՝ ազգային փոքրամասնութեանց վարժարաններուն:
Ինչպէս ծանօթ է, այս հարցը վերջին տարիներուն բաւական վիճարկումներու տեղի տուած էր եւ յաճախ օրակարգի նիւթ դարձած: Անոր դէմ բողոքողները, առանց յատկապէս ընդգծելու փոքրամասնութեանց աշակերտութեան պարտադրանքի հանգամանքը, կը պահանջէին ամբողջական ջնջումը՝ երկրին բոլո՛ր դպրոցներէն:
Ներկայիս, Թուրքիոյ Ազգային Կրթութեան նախարարութիւնը այս մասին որոշում մը կայացուցած է: Մերժած է «Մեր երդում»ը բոլորովին ջնջելու այդ պահանջը, սակայն վերցուցած է ազգային փոքրամասնութեանց դպրոցներուն մէջ անոր պարտադիր բնոյթը:

«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 1, 2013
 
Ստորեւ կու տանք երդումին թրքերէն բնագիրը եւ հայերէն թարգմանութիւնը.-
Türküm, doğruyum, çalışkanım. İlkem, küçüklerimi korumak, büyüklerimi saymak, yurdumu, milletimi, özümden çok sevmektir. Ülküm, yükselmek, ileri gitmektir.
Ey büyük Atatürk! Açtığın yolda, gösterdiğin hedefe durmadan yürüyeceğime ant içerim.
Varlığım Türk varlığına armağan olsun. Ne mutlu Türküm diyene !
[«Ես թուրք եմ՝ պարկեշտ ու աշխատասէր։ Իմ սկզբունքս է՝ պաշտպանել փոքրիկը, յարգել երէցը, սիրել իմ հայրենիքս ու իմ ազգս աւելի քան զիս։ Իմ իտէալս է աճիլ ու յառաջդիմել։
Ո՛վ Մեծն Աթաթիւրք, քու բացած ճանապարհիդ վրայ, երդում կ՚ընեմ անդադար քալել դէպի քու սահմանած նպատակներդ։
Իմ գոյութիւնս պիտի նուիրուի թրքական գոյութեան։ Որքա՜ն երջանիկ է ան, որ կ՚ըսէ "Ես թուրք եմ"»]
 

No comments:

Post a Comment