19.11.13

«Պարտադիր կուտակային համակարգ». նոր բանավէճ

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նոյեմբեր 15ի նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր մասնաւորաբար կենսաթոշակներու վերաբերող օրէնքին «պարտադիր կուտակային համակարգ»ի բաժնին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծը, անհրաժեշտ մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով տեղի չէ ունեցած։
Փոփոխութիւններու դիմումը Ազգային Ժողովին ներկայացուցած էին ոչ իշխանական ուժերը: Նախաձեռնարկ ՀՅԴ-ին միացած էին Հայ Ազգային Գոնկրէսը (ՀԱԿ), Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը, որոնք հաւաքած էին անհրաժեշտ 44 ստորագրութիւններ։ Սակայն, Խորհրդարանի քաղաքական մեծամասնութիւնը չէ ներկայացած նիստին։
Տեղեկանալով նիստի ձախողութեան մասին՝ քաղաքացիական հանրութեան գործիչները, որոնք խորհրդարանական ընդդիմութեան աջակցելու համար համախմբուած էին Խորհրդարանին առջեւ, բողոքի երթով ուղղուած են դէպի իշխանութեան գլուխը գտնուող Հանրապետական Կուսակցութեան գրասենեակ։
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնած է, որ կատարուածը խայտառակութիւն է։ Ըստ դաշնակցական երեսփոխանին, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը դիւրին ձեւը գտած է, որպէսզի իր ծրագիրներուն սնանկութիւնը չբացայայտուի։
Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան երեսփոխան Արծուիկ Մինասեան լրագրողներուն յայտնած է, որ այս ձեւով մեծամասնութիւնը ոչ թէ խաբեց ընդդիմութիւնը, այլ՝ ինքն իրեն, ժողովուրդը, իրենց զաւակները եւ սերունդները։ Ան նշած է, որ հանրապետականները որեւէ փաստարկ չունին, թէ ինչո՛ւ չեն մասնակցած նիստին, բայց Սահմանադրական Դատարանի համապատասխան որոշման մէջ նշուած է, որ «քաղաքական պոյքոթ» հասկացութիւն չկայ։ Ան հակասահմանադրական որակած է հանրապետականներու այս քայլը:
«Պարտադիր կուտակային համակարգ»ի դէմ պայքարը սկսած է հետզհետէ ծաւալ ստանալ: Շաբաթ, Նոյեմբեր 16ին Երեւանի մէջ սկսած են շրջիլ կառքեր, որոնց վրայ փակցուած թղթիկներու միջոցով հանրութեան լայն զանգուածները կը տեղեկացուին, թէ ի՛նչ բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը:
Այս համակարգի ընդդիմախօսները Նոյեմբեր 16ին հաւաքուած են Մաշտոցի պուրակին մէջ եւ քննարկած յետագայ քայլերը:
Բողոքի շարժումին կազմակերպիչները արդէն նամակներ ուղղած են շարք մը ատեաններու, ներկայացնելով իրենց մտահոգութիւնները:
2014 Յունուար 1էն, Հայաստան կ՚անցնի «Պարտադիր կուտակային համակարգ»ի, որ կը վերաբերի 1973 Դեկտեմբեր 31էն յետոյ ծնածներուն, որոնք օրինականօրէն կ՚աշխատին: Մինչեւ 500 հազար դրամ [= 1250 ամերիկեան տոլար, մօտաւորապէս] աշխատավարձ ստացողները վճարումներ կը կատարեն իրենց աշխատավարձի 5%ի չափով, 5% ալ այդ աշխատողներու անհատական հաշուին կը փոխանցէ պետութիւնը, ապագային որպէս թոշակ տրամադրելու համար։ 500 հազար դրամէն աւելի աշխատավարձ ստացողի անհատական կուտակային հաշուին պետութիւնը 25 հազար դրամէն աւելի չի վճարեր։ Օրինակ, եթէ աշխատավարձը կը կազմէ 100 հազար դրամ, ենթական ամէն ամիս իր անձնական կուտակային հաշուին պէտք է փոխանցէ 5000 դրամ, նոյնքան ալ կը փոխանցէ պետութիւնը: Եթէ աշխատավարձը 500 հազարէն բարձր է, օրինակ, 700 հազար, պետութիւնը կ՚աւելցնէ միայն 25 հազար դրամ, իսկ քաղաքացին կը փոխանցէ 45 հազար:
Ձեռնարկատէրերու կամ, օրինակ, նոտարի մը պարագային, կուտակումները կը հաշուուին ոչ թէ ամսական, այլ տարեկան եկամուտի հիման վրայ: Անոնք որոնց տարեկան եկամուտը 6 միլիոն դրամէն պակաս է, իրենց եկամուտի 5 տոկոսին կ՚աւելցնեն նաեւ պետութեան ամենամեայ 5 տոկոսը: Օրինակ, եթէ տարեկան եկամուտը կը կազմէ 5 միլիոն դրամ, 250 հազարը ենթական կը փոխանցէ կուտակային հաշուին, եւ 250 հազար ալ կ՚աւելցնէ պետութիւնը, այսինքն ընդհանուր առմամբ տարեկան կը փոխանցուի կենսաթոշակային հաշուին 500 հազար դրամ: Եթէ տարեկան եկամուտը կը գերազանցէ 6 միլիոն դրամը, պետութիւնը ամէն տարի կ՚աւելցնէ 300 հազար դրամ, մնացած գումարը որ անհրաժեշտ է 10 տոկոսը լրանալու համար, կը փոխանցէ ենթական (*):

«Նոր Յառաջ», Նոյեմբեր 19, 2013

(*) ԱՄՆի մէջ, աշխատավարձ ստացող աշխատողը կը ձեռնարկէ կուտակային հաշուի մը՝ կամաւոր կերպով։ Բնականաբար, այս հաշիւները, որոնք ներդրողական մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէ կը կառավարուին, ենթակայ կրնան ըլլալ ելեւմտական շուկայի վայրիվերումներուն (օրինակ՝ 2008ի սակարանային տագնապի ժամանակ անոնք մեծ անկում կրեցին)։ Արժանթինի մէջ, պարտադիր նման համակարգ մը գոյութիւն ունեցաւ 1993-2008ին. ըստ 1990ական թուականներուն կատարուած բարենորոգման։ 1990ական թուականներու վերջաւորութեան համաշխարհային տնտեսական տագնապները եւ 2000-2002ի արժանթինեան տնտեսական փլուզումը ամբողջովին խաթարեց համակարգը, որ 2008ին պետականացուեցաւ, իսկ հոն կուտակուած գումարները... պետութեան ձեռքը անցան («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment