24.12.13

Նախնիք

ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ
Թարգմանութիւն՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Ընդունինք, որ թուրքերս բան «հնարել»ու շատ կարողութիւն չունինք, բայց լաւ կը «յարմարցնենք»:
Թերեւս ալ այդ պատճառով է, որ ամենէն կոկոզաբանները ամենէն բարձր դիրքերու վրայ կը զետեղենք. թերեւս նոյնիսկ կը կարծենք, որ քաղաքականութիւնը «յարմարցնելու» մրցում է:
Մեր ամենէն լաւ «յարմարցուցած»ներուն մէջ Պատմութիւնը անկասկած առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ:
Խոստովանիմ, որ «նախնիք»ի մասին սուտերը իմ նախընտրածներէն են:
Մեր խալիֆա էֆէնտիներէն, զորս կը կոչենք մեր «նախնիքը», այդ «իրենց նժոյգներէն վար չիջնող» մեր սուլթաններէն գրեթէ բոլորին ալ մեծ հայրերուն քրիստոնեայ ըլլալը, նոյնիսկ այդ մեծհայրերէն ոմանց քահանայ ըլլալը գիտէիք, չէ՞:
Վստահ եմ, թէ ձեզմէ ոչ մէկը, ներառեալ՝ վարչապետ Էրտողան գիտէ Քանունիին (*) մեծհօր անունը:
«Պայազիտ Բ.» պատասխանելով, այդպէս գիտակ ու գոհունակ մի՛ ժպտիք: Այդ մէկը հօրը հայրն էր, իսկ ո՞վ էր մօրը հայրը:
Լաւ, ուրեմն ինչո՞ւ մեր խալիֆա էֆէնտիներուն պալատին՝ Թոփգափուի մէջ եկեղեցի մը կայ:
Լաւ, օսմանցիներէն առաջ, զորս կը կոչենք մեր նախնիքը, որո՞նք էին մեր նախահայրերը:
Ուրեմն, ո՞վ է օսմանցին:
Ենթադրենք, որ գիտէք թէ օսմանցին կը սերի «քայը» ցեղախումբէն. բայց ի՞նչ գիտէք այդ ցեղախումբին մասին:
Կարելի չէ, որ այդ մասին շատ բան գիտնաք, քանի որ Պատմութեան մէջ անգամ այդ մասին շատ բան չկայ: Նոյնիսկ «քայը» ցեղախումբին գոյութիւն ունեցած ըլլալու փաստը խնդրական է:
Երթանք քիչ մը աւելի ետ:
Օսմանեան կայսրութիւնը հիմնուեցաւ 1299ին: Թուրքերը Անատոլիա եկան 1071ին:
Ալփարսլանի հետ քանի՞ թուրք Անատոլիա եկաւ:
«Թուրքերը ո՞վ են» հարցումը զանց առնելով, անցնինք այլ հարցումի մը:
Այն 70 միլիոննոց ժողովուրդը, զոր այսօր «թուրք» կը կոչենք, Ալփարսլանի հետ եկած «թուրքերուն» հարազատ զաւակնե՞րն են:
Թէ ոչ, մենք՝ այն ժամանակներուն Անատոլիա բնակող բիւզանդացիներուն, հայերուն, յոյներուն, քիւրտերուն հասարակաց զաւակնե՞րն ենք:
Ուրեմն, ի՞նչպէս կարելի է, որ մեր «նախնիքը» միայն Թուրքեր եւ մահմետականներ ըլլան:
Մեր նախնիներուն մէջ բիւզանդացիներ չկա՞ն:
Ինչո՞ւ ուրեմն «նենգաւոր Բիւզանդիոն» ըսելը մեր նախնիներուն ուղղուած նախատինք չենք սեպեր:
Որովհետեւ կը յարմարցնենք Պատմութիւնը:
Մենք մեզի թուրք եւ մահմետական Պատմութիւն մը կը գրենք:
Անատոլիայի բոլոր ժողովուրդները եւ հսկայ Բիւզանդիոնը կ՚անտեսենք:
Կարծես թէ Անատոլիոյ մէջ կեանքը սկիզբ առած ըլլար Ալփարսլանի բանակով:
Անշո՛ւշտ, եթէ սկսինք Պատմութիւնը այսպէս յարմարցնելով, մնացեալ ամէն ինչ ալ կը յարմարցնենք:
Օսմանցի սուլթաններն ալ այլ յարմարեցումի նիւթեր կը դառնան:
Մինչեւ այսօր քէմալականները Պատմութիւն մը կը յարմարցնէին, հիմա կարգը եկած է պահպանողականներու Պատմութիւն յարմարցնելուն:
Ըստ անոնց, օսմանցի սուլթանները նժոյգէն երբեք վար չիջնող, չհամբուրուող, չսիրաբանող, իրենց գլուխը աղօթքէն վեր չվերցնող ծերունազարդներ էին:
Խալիֆա Սէլիմ Բ.ին ծաղրանունը «գինով Սէլիմ»էր, Մուրատ Դ. ալքոլէն մահացաւ:
Դուք բնաւ հետաքրքրուա՞ծ էք խալիֆաներու մայրաքաղաք՝ Իսթանպուլ առաքուած ոգելից ըմպելիներու քանակով:
Այն ատեն կատարուած «ներածում»ներուն արձանագրութիւնները կան: Եթէ հետաքրքրուած էք, կրնաք թղթատել:
Խալիֆաներուն հարէմները կիներով լեցուն էին:
Իրենց ժամանակուան կիներէն միայն մէկո՞ւն հետ եղան սուլթանները:
Աւազանի խրախճանքներ չըրի՞ն անոնք:
Պալատին մէջ կիները մեքենայութիւններու մասնակից չդարձուեցա՞ն:
Եւ դեռ ձեզ պիտի խնայեմ «իշօղլան»ներու (*) հարցը: Պիտի չմտնեմ այդ նիւթին մէջ:
Եթէ այսպիսի վարչապետի մը կողմէ յօրինուած նոր Պատմութիւն մը պիտի յարմարցնենք, գործ ունինք:
Ամէն պետութիւն ունի իր «պաշտօնական Պատմութիւն»ը. քանի որ իւրաքանչիւր ընկերութեան Պատմութեան էջերը լեցուն են ամօթալի անցքերով եւ պաշտօնական Պատմութիւնը անոնց մէկ մասը «փոփոխութիւններու» կ՚ենթարկէ:
Բայց արուեստագէտներ, անկախ պատմագէտներ, որոնք կը պատմեն ճշմարտութիւնը, կը կանխեն մարդ արարածին տգէտ մնալը:
Եւ ընկերութիւն մը քանի զտուի պաշտօնական Պատմութեան սուտերէն, այնքան կը զարգանայ կամ քանի զարգանայ՝ այնքան կը ձերբազատի սուտերէն:
Պատմութիւնը «կուռք»ի վերածելը, «կուռք ստեղծէ, ապա զայն պաշտէ»ի մօտեցումով՝ Պատմութիւն յարմարցնելը ու այդ Պատմութիւնը պաշտելը, յետամնացութեան ամենէն ծանօթ յատկանիշներէն է:
Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ մենք մեզ կը դատապարտենք նման յետադիմութեան, այսպիսի խղճալի ճնշումի: Գէշ-աղէկ Պատմութեան մը զաւակներն ենք, երկու մեծ կայսրութեան հասարակաց հողերուն վրայ կ՚ապրինք, այդ կայսրութիւններուն ժառանգորդներն ենք:
Այսօր, մեր՝ հաճոյքով ունկնդրած «ալաթուրքա» երաժշտութիւնը իր ակունքը կը գտնէ Բիւզանդիոնէն:
Օսմանեան պետական «աւանդութիւններուն» եւ վարչաձեւին կարեւոր մէկ մասը Բիւզանդիոնէն առնուած է:
Մեր «նախնիքը», ինչպէս միւս բոլոր «նախնիները», լաւ կողմեր ալ ունին, գէշ կողմեր ալ: Այսպէս՝ մենք մեզի Պատմութիւն մը յարմարցնելէ ետք, այդ յարմարցուած Պատմութեան կաղապարներուն չսղմող երեւոյթները դատախազութեան մօտ բողոքելը, մեր նախնիներու համբուրուելէն, սիրաբանելէն շատ աւելի ամօթալի խեղճութիւն մը կը պարզէ:
Ճշմարտութենէն վախնալու բան չկայ:
Ունինք այնքան հարուստ Պատմութիւն մը, որ շատ մը այլ ընկերութիւններու նախանձը կ՚առթէ. այդ Պատմութեան մէջ ամէն ցեղէ, ամէն կրօնէ «նախնի» կայ, հոն ներկայ է մարդկութեան ամէն տիպար:  
Հպարտացէք ձեր Պատմութեան հարստութեամբ, կոկոզաբանութիւններով պարծենալէ աւելի լաւ է:
 
(*) Սուլթան Սիւլէյման («Ն.Յ.»)։
(**) Այլազգ ցեղերէ ընտրուած վայելուչ եւ կիրթ երիտասարդներ, որոնք իբրեւ թէ պալատական պաշտօններու կը կոչուէին, բայց շատ յաճախ սուլթանին միասեռական նպատակներուն կը ծառայէին («Ն.Յ.»)։
 
«Թարաֆ», Նոյեմբեր 28, 2013 («Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 10, 2013)

No comments:

Post a Comment