7.12.13

Գիւմրին աշխարհաքաղաքական ուշադրութեան կեդրոն

Երկրաշարժի 25-ամեակին առիթով լոյսին բերուող մտածումներուն ու հրապարակումներուն  քաղաքական հնչեղութիւն տալը, կամ անոր հետ կապուած երեւոյթները քաղաքականացնելը ճիշդ պիտի չըլլար լրագրական բարոյագիտութեան (էթիքայի) դիտանկիւնէն:
Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յարգումը ինքզինք կը պարտադրէ նման պահերու, եւ այդ յարգումի սկզբունքէն մեկնած կը դիտարկուին շինարարական աշխատանքները, զոհերու հարազատներուն հասած օժանդակութիւնները, բնակարանային շինութիւնները, քաղաքի վերակառուցումը ընդհանրապէս եւ վերականգնողական համապատասխան աշխատանքները:

Աղէտի գօտիի մասին է խօսքը ընդհանրապէս, բայց առաւելաբար Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաք Գիւմրիին, որ երկրաշարժի կեդրոնն էր: Իսկ Գիւմրի անունը, եթէ նախ եւ առաջ նման պահու երկրաշարժի բոլոր հետեւանքներու վերացման աշխատանքները կը յուշէ, զուգահեռ կ՛ընդգծէ նաեւ աշխարհաքաղաքական բեւեռի վերածուելու յայտարարութեամբ քաղաքական բեմին վրայ ներկա՛յ յայտարարող երկրի ղեկավարին այցելութիւնը:
Գիւմրիի  Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալը, ռուսական ռազմակայանի ընդարձակումը, նոր զօրքի ժամանումը եւ անշուշտ Մոսկուայի թիւ մէկ ղեկավարին այցելութիւնը ցուցանիշ են քաղաքին տրուած կարեւորութեան, այս պարագային տարածաշրջանային մակարդակով: Պարզ էր ու ակնկալելի, որ Անգարան պիտի անհանգստանար Գիւմրիի վրայ նման կեդրոնացումներու արձանագրումով: Եւ եթէ մէկ կողմէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին թրքական կողմը եւրոպական ֆինանսաւորումով կ՛ականազերծուէր, ընդհանրապէս Անգարայի կողմէ աշխուժացած խաբկանքի քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ, միւս կողմէ այլ սահմաններու վրայ ռուսական ռազմակայանը կ՛ընդարձակուէր եւ նոր զօրախումբով կը համալրուէր:
25 տարի առաջ աւերուած Գիւմրին մոխիրներէն յարութիւն կ՛առնէր, կը վերականգնէր եւ քաղաքի տեսք կը ստանար վերջին շրջանին: Գիւմրին այժմ, շրջանային ու նաեւ միջազգային իրադարձութիւններու նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ ռազմաքաղաքական յատուկ կարեւորութիւն կը ստանար:
Գիւմրի կատարուած այցելութիւնը կը հետեւէր Հայաստանի Հանրապետութեան համար վճռորոշ օրերու: Մաքսային Միութեան անդամակցելու որոշումի յայտարարութեամբ եւ Վիլնիւսի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագրի  նախաստորագրութեան արարը կորսնցուցած Երեւանը, միջազգային ընտանիքին կը փոխանցէր, որ ինք պատրաստ է շարունակելու բազմաշառաւիղ (բազմավեկտոր) քաղաքականութիւնը: Գիւմրի կատարուած թէ՛ այցելութիւնը ինքնին, թէ անոր հետեւած տարածաշրջանային ընդգրկուածութիւն ունեցող բազմաթիւ համաձայնագրերու կնքումը եւ ռազմակայանի ընդարձակման հետ կապուած նոր որոշումները, յայտնապէս կը դժուարացնեն Երեւանի յայտարարած բազմաշառաւիղ քաղաքականութեան կիրարկումը:
Գիւմրին սակայն, ոչ միայն Մոսկուայի համար, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան համար, այլ ուղղութեամբ անշուշտ,  ռազմավարական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող աշխարհագրական միջավայր է: Անկախ սահմանադուռերու անցակէտերէն, Գիւմրին Կարսին հետ այն քաղաքն է, որ պիտի կամրջէ երկու երկիրները: Ռուսիոյ համար զսպելու թրքական թափանցումները դէպի Կովկաս, իսկ Եւրոպական Միութեան համար` Կովկասէն դէպի Եւրոպա  կարեւոր մայրուղի հարթելու:
Երկրաշարժի 25-ամեակի զոհերու յիշատակի յարգումը ամէն բանէ առաջ պարտաւորեցնող է. ասկէ զատ Գիւմրին, իր վրայ կեդրոնացուց ռազմաքաղաքական կարեւորութիւն: Երկրաշարժով աւերուած Գիւմրին վերականգնած է այսօր 25 տարի ետք: Ոչ միայն վերականգնած, այլ ստացած աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն:

«Ազդակ» (խմբագրական), Դեկտեմբեր 7, 2013

No comments:

Post a Comment