24.1.14

Եոհանա Ռիվա Կարապետեան՝ «Միսս Ուրուկուայ» 2014


Հայազգի մոտել Եոհանա Ռիվա Կարապետեան Կիրակի, Յունուար 19ին հռչակուած է 2014 թվականի Ուրուկուայի գեղեցկուհի Փունթա տէլ Էսթէ ծովեզերեայ քաղաքին մէջ, հանդիսանալով «Միսս Ուրուկուայ» գեղեցկութեան մրցոյթին յաղթականը։          
Նոյեմբեր 1990ին Մոնթէվիտէօ ծնած կապտաչեայ ու խարտեաշ Կարապետեանը, որուն հասակը 1.74 մեթր է, առաջին անգամը չէ, որ նման մրցումներու կը մասնակցի։ Ան նաեւ Ուրուկուայի «Միսս Թուրիզմ 2008»ի յաղթականն է, իսկ 2008ին Մալեզիա տեղի ունեցած «Միսս Թուրիզմ» միջազգային մրցոյթին ընդգրկուած է լաւագոյն 15ի խմբակին մէջ։ Հայուհին նաեւ մասնակցած է «Միսս Աթլանթիքօ» միջազգային մրցոյթին Ուրուկուայի մէջ (2010) եւ արժանացած «Միսս Ֆոթոժենիք» տիտղոսին։
Ան իր բնագաւառին մէջ ընդարձակ փորձառութեան տիրացած է՝ աշխատելով հարաւամերիկեան տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Արժանթին, Փերու, Էքուատոր, Պրազիլ, եւ այլն։
Կ՚ակնկալուի, որ այս տարի ան ներկայացնէ Ուրուկուայը Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք «Միսս Տիեզերք» մրցոյթին, քանի որ անցեալ տարուան «Միսս Ուրուկուայ»ը՝ Միքայէլա Օրսի, հրաժարած է իր տիտղոսէն պատճառաբանելով անպատշաճ առաջարկներու ստացումը։

No comments:

Post a Comment