22.1.14

Հրանդ Տինք. 7-րդ տարելից

Ժ. Չ.

Հրանդ Տինք դեռ չէ մահացած։ Կ՚ապրի «Ակօս» թերթով։ Կ՚ապրի իր մահէն ետք, իր ընտանիքի հաստատած Հրանդ Տինք Հիմնարկի գործունէութեամբ։ Եւ ի՜նչ գործունէութիւն։ Գիրքերու հրատարակութիւններ՝ գաւառներու մէջ լռութեան մատնուած հայերու բանաւոր պատումները՝ Մարտին, Տիգրանակերտ, Անգարա…։ Հայերու պատկանող բռնագրաւուած կալուածներու ցանկագրում։ Հսկողութեան կեդրոն՝ թրքական մամուլի, ընկերային ցանցերու մէջ ցեղային խտրականութեան արտայայտութիւններու։ Համալսարաններու հետ գործակցաբար կազմակերպուած համագումարներ՝ փոքրամասնութիւններու կրած անարդարութիւնները ուսումնասիրող, ինչպէս՝ Իսլամաց(ու)ած Հայերը։ Մրցանակներու բաշխում՝ «Հրանդ Տինք» մրցանակը, որ կը շնորհուի ամէն տարի Սեպտ. 15ին, Տինքի ծննդեան օրը, խտրականութեան, ցեղապաշտութեան, բռնութեան դէմ պայքարող գործիչներու։ Դեռ, Հայաստան-Թուրքիա լրագրողներու տարեկան այցելութեան ծրագրեր, «Խղճմտանք»ի շարժանկարի փառատօն, թեմաթիկ եռալեզու օրատետր՝ այժմէական լուսանկարիչներու գործերով լուսազարդուած… եւ Հայաստանի առնչուած ծրագիրներ։
Հրանդ Տինք հիմնարկը կը գործակցի միջազգային պետական եւ ոչ-կառավարական տասնեակ կազմակերպութիւններու հետ։ Թուրքիոյ մէջ դարձած է անշրջանցելի կազմակերպութիւն մը փոքրամասնութիւններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ծիրէն ներս։ Շուրջ 15 հոգինոց խումբ մը կ՚աշխատի հիմնարկին համար։
Ահա անձ մը, որ ամենէն նւաստ պայմաններու մէջ ծնած ու մեծցած է Թուրքիա՝ Մալաթիա։ Փոխադրուած է Պոլիս, եղած է որբանոցի զաւակ։ Պզտիկուց մարմնին վրայ զգացած է մարդկային բոլոր անարդարութիւնները, ընկերութեան դաժանութիւնը, առաւել՝ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ՝ քեմալական յաջորդական վարչակարգերու հայ եւ ոչ-թուրք քաղաքացիներու հարստահարութիւններն ու անոնց հանդէպ ատելավառ քայլերը։ Անոր նահատակութեան 7րդ տարելիցին առթիւ տարուէ տարի անոր անունով տարուած գործերուն ծաւալը կ՚ընդլայնի եւ անոնց ազդեցութիւնը թրքական քաղաքական դաշտին մէջ հայկական թաքնուած ու ժխտուած իրականութիւնները ճանչցնելու եւ ընդունիլ տալու առումով կը մեծնայ։ Իր առաքելութիւնը ընդհանրական է, թրքաբնակ հասարակութեան բոլոր բաղադրիչները կ՚օգտուին անկէ։ Մասնաւորապէս թրքական ընկերութիւնը, որ կաղապարուած ու ճնշիչ ուրացումէն կը բեռնաթափուի։
Հայկական իրականութեան ժխտումի ծալքերը բարդ են Թուրքիոյ մէջ։ Փաստ՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան անցած փշոտ ճանապարհը, որուն 2013ին առաջին դատավճիռին արձակումէն ետք, դատախազութիւնը որոշեց զերոյէն վերսկսիլ ամբողջ գործընթացը, դատաքննութեան ընթացքին կարգ մը անձներու եւ պետական շրջանակներու ուղղակի մասնակցութիւնը զանցուած նկատելով։
Տինք գիտակցութեան նոր էջ մը բացաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ցեղասպանութիւնը, որու մասին, դեռ 10 տարի առաջ, մարդիկ չէին համարձակեր իրենց բերանը բանալ կամ խօսիլ, այսօր հրապարակային քննարկման նիւթ դարձած է։ Ապրիլ 24ը կ՚ոգեկոչուի Պոլսոյ եւ զանազան այլ քաղաքներու մէջ։ Ան դարձաւ գաւառահայութեան խղճին ձայնը։ Լեզու տուաւ 1915էն ի վեր անոնց թլուատ բերանին։
Անձնաւորութեան յետմահու շողարձակումին ետին կան անհատներ, որոնք հաւատքով կը շարունակեն իր կտակածը։ Նախ իր տիկինը՝ Ռաքէլ Տինք, որ անխոնջ ջահակիրն է իր ամուսնոյն գաղափարականին. եղբայրները, որոնք լռելեայն կը գործեն, յետոյ՝ զաւակները, «Ակօս» թերթի շրջանակը եւ գաղափարակիցներ՝ հայ եւ ոչ-հայ։ Յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ «Արաս» հրատարակչատունը, որ երիտասարդներուն տուաւ հայկական գիր-գրականութեան ճաշակը եւ սերունդ պատրաստեց։ Երկլեզու հրատարակութիւններու, թարգմանական գրականութեան, մշակոյթներու ներթափանցումի հող պատրաստեց, կամուրջներ ստեղծեց։
«Հ. Տինք» Հիմնարկին վաստակը վարակած է նաեւ Սփիւռքը, համալսարանականներ, լրատու միջոցներ, քաղաքական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚այցելեն, կը դասաւանդեն, կը զեկուցեն, գրասենեակ կը բանան, ժողովներ կը գումարեն։
Թուրքիան բախտաւոր է Տինքով, Հայաստանն ու Սփիւռքը դեռ կը սպասեն իրենց Տինքերուն։

«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Յունուար 18, 2014

No comments:

Post a Comment