29.1.14

Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն...

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը Դիմագիրքի իր էջին մէջ Յունուար 17ին առաջարկած է սահմանադրական բարեփոխումներու համագրին մէջ քննարկել իր առաջարկը` Հայաստանը կոչել Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն` «պատմական արդարութեան վերականգնման, հայրենատիրութեան եւ պահանջատիրութեան դիտանկիւնից»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նախարարին գրառումը՝ «Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն» վերնագրով.
«Անհամեստութիւն չթուայ, բայց իմ վերջին ասուլիսը համարում եմ բաւականին յաջողուած եւ հետաքրքիր: Հնչեցին կարծիքներ թէ՛ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտների զարգացումների, խնդիրների եւ անելիքների, թէ՛ քաղաքական վերջին իրադարձութիւնների մասին: Շնորհակալ եմ լրագրողներին, որ ակտիւօրէն լուսաբանեցին այն: Սակայն, ըստ իս, մի հետաքրքիր առաջարկ դուրս մնաց լրահոսից:
Խօսքը հնարաւոր սահմանադրական բարեփոխումների մասին է: Հանրային քննարկումներն առաւել կենտրոնացել են Հայաստանի քաղաքական եւ կառավարման համակարգերի փոփոխութիւնների վրայ: Բայց, իմ կարծիքով, սահմանադրական բարեփոխումները խիստ դիտարժան եւ հետաքրքիր հնարաւորութիւն են ընձեռում նաեւ արտաքին քաղաքական դաշտում:
Մասնաւորապէս, ես առաջարկում եմ քննարկել մեր պետութեան վերանուանման հարցը, պատմական արդարութեան վերականգնման, հայրենատիրութեան եւ պահանջատիրութեան դիտանկիւնից:
Կարծում եմ, որ առաւել ճիշդ կը լինէր Հայկական Բարձրաւանդակի այս հատուածի վրայ կառուցուող պետութեան անունը դնել Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Այս առաջարկս հնչեցրել եմ դեռեւս 2005 թուականին Ազգային Ժողովում, կրկին սահմանադրական փոփոխութիւնների փաթեթի քննարկման ընթացքում:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը մօտենում է:
Շնորհակալ կը լինեմ կարծիքների համար»:
Կարծիքներն ու մեկնաբանութիւնները անմիջապէս հնչած են, որոնցմէ մէկ քանին Tert.am-ը հաւաքած է։
«Մենք պէտք է կշռադատենք. վերանուանելով այսօր մենք յա՞յտ ենք ներկայացնում Արեւմտեան Հայաստանի նկատմա՞մբ: Այսինքն՝ այդ քայլը պետք է ունենայ տրամաբանական շարունակութիւն»,- ըսած է Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը: «Հիմա տեսէք՝ մենք մի կողմից էդ խայտառակ հայ-թուրքական արձանագրութիւնները, որ սառեցրել ենք, ինչը նշանակում է, որ դրանք դեռ ուժի մէջ են, գործողութեան, որովհետեւ սառեցումը դեռ չի նշանակում օրակարգից հանել, միւս կողմից էլ յաւակնութիւններ ենք հանդէս բերում Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ, որը շատ մեր սրտով է, չափից աւելի: Բայց ուզում եմ հարցնել՝ էդ երկու քաղաքական գործելակերպը ո՞նց ենք իրար համադրում։ Արձանագրութիւններից դեռ պաշտօնապէս չենք հրաժարուել, այսինքն՝ այսօր եթէ Թուրքիայի խորհրդարանը վաւերացրեց, ինչպես մենք խոստացել ենք, մեխանիկօրէն մենք էլ պետք է վաւերացնենք, եւ այս պայմաններում մենք խօսում ենք Հայաստանը Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն հռչակելու մասին»,- աւելցուցած է պատմաբանը:
Ուրիշ պատմաբան մը՝ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան մասնաբաժնի տեսուչ Էդիկ Մինասեանը, նախ զարմացած է Աշոտեանի առաջարկէն, ապա ենթադրած է, որ ան կը կատարուի մեկնելով «պահանջատիրութիւնից», որին «կողմ ենք», բայց եւ նկատեց, որ Արեւելեան Հայաստանի մէկ մասն ալ հայերուս համար կորսուած է: «Այլ կերպ ասած, տրամաբանական տեսանկիւնից մենք համաձայն կը լինէինք, եթէ Արեւելեան Հայաստանն ամբողջութեամբ մերը լինէր, մենք նոր պահանջատիրութիւն կը ներկայացնէինք»,- ըսած է ան, աւելցնելով. «Բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնն էլ պահանջատէր կարող է լինել ցանկացած պահի»:
Հանրային Խորհրդի նախագահ եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան յայտնած է. «Ես Աշոտեանին չեմ լսել ու չեմ կարող մեկնաբանել, բայց չեմ կարծում, որ հիմա նման քննարկումների ժամանակն է: Ես չեմ կարծում նաեւ Հայաստանի պրոբլեմը դա է»:
Մէկդի ձգելով Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւններուն խնդիրը (Աշոտեան իր նախարարական պաշտօնը ստանձնած է Մայիս 2009ին, այսինքն՝ կառավարութեան անդամ էր երբ այդ փաստաթուղթը ստորագրուած էր), մարդ կը սկսի մտածել քաղաքական զուգահեռներու մասին։ Օրինակ, 2011ին Հարաւային Սուտանը անկախացաւ... իրաւականօրէն Սուտան անունով գոյութիւն երկրէն։ 2002ին Արեւելեան Թիմորը (պաշտօնապէս՝ «Թիմոր Լեսթէ») անկախացաւ. այդ անունը կը կրէ, որովհետեւ ի բնէ տեղորոշուած սահմաններով... կղզիի մը՝ Թիմորի արեւելեան կէսը կը գրաւէ։ Ի. դարու երկրորդ կէսին, Արեւելեան Գերմանիա անունով իրաւական միաւոր մը կար, իսկ անոր կողքին՝ Արեւմտեան Գերմանիա, երկուքն ալ արտայայտելով ժամանակաւորապէս բաժնուած Գերմանիոյ իրողութիւնը։
Գալով մեր փոքր ածուին, 1991ին Լեռնային Ղարաբաղը անկախացաւ որպէս իրաւայաջորդ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կոչուող իրաւական (ոչ-գերիշխան) միաւորին. նոյնիսկ խորհրդային ժամանակաշրջանին յայտնի էր, որ... Դաշտային Ղարաբաղ անունով աշխարհագրական միաւոր մը կար։
Արդ, իրաւականօրէն Արեւմտեան Հայաստան մը գոյութիւն ունի՞։ Ի բնէ տեղորոշուած (կղզի, թերակղզի, եւ այլն) Հայաստան մը կա՞յ։  «Արեւելեան» Հայաստանը Հայաստանէ՞ն անջատուած է։ Երկու Հայաստանները բաժնուա՞ծ են իրարմէ։
Ի դէպ, ինչո՞ւ չառաջարկել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հրաժարի իր օտարահունչ միջազգային անունէն՝ Republic of Nagorno Karabagh, եւ վերածուի... Լեռնային Հայաստանի Հանրապետութեան (այսինքն՝ Republic of Mountainous Armenia), որպէսզի շեշտուի անոր պատկանելիութիւնը՝ ամբողջական Հայաստանի տեսիլքին։ (Որքան գիտենք, Դեկտեմբեր 1, 1989ի ՀԽՍՀի Գերագոյն Խորհուրդի եւ ԼՂԻՄի Ազգային Խորհուրդի համատեղ որոշումը՝ Խորհրդային Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը վերամիացնելու, ի զօրու կը մնայ քառորդ դարէ ի վեր)։ Գոնէ այդպէսով Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը (2005ի շրջանաւարտ՝ Եւրոպական Խորհուրդի առընթեր Մոսկուայի Քաղաքական Հետազօտութիւններու Դպրոցէն) անշեղօրէն պիտի հետեւէր Գարեգին Նժդեհի անունով, գաղափարախօսութեամբ եւ արտաբերած նախադասութիւններով երդում պատառ եղող իր կուսակցութեան ուղեգիծին, փոխանակ մեզի հրամցնելու պատմութեան դասագիրքերէն քաղուած ձեւափոխուած տարբերակ մը։
Արդարեւ, ինչպէս յայտնի է, Ապրիլ 27, 1921ին Տաթեւի երկրորդ համագումարը Սիւնիքը հռչակեց Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւն։ Այդ քայլով, Սիւնիքի առաջնորդ Գարեգին Նժդեհ խորհրդանշականօրէն կ՚ուզէր շեշտել Սիւնիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան (վերստին խորհրդայնացած՝ Ապրիլ 2ին) իրաւականօրէն անբաժանելի մասնիկ ըլլալու իրողութիւնը, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ էր Սիւնիքի՝ «Լեռնային» Հայաստանի պատկանելիութիւնը մայր հողին։ (Յայտնի է, որ Նժդեհ վար չէ դրած զէնքերը, մինչեւ որ խորհրդահայ կառավարութիւնը, յանձին Ալեքսանդր Միասնիկեանի, չէ երաշխաւորած Զանգեզուր-Սիւնիքի միաւորումը Հայաստանին՝ ատրպէյճանական երախէն պատառ մը հայկական հող փրկելով)։ Եթէ բժշկական գիտութիւններու թեկնածու, նախարար Ա. Աշոտեանը ներշնչուած է այդ դասագրքային զուգահեռէն, նախ պարտաւոր է յիշել, որ իրաւականօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւն (ձեւականօրէն ազատ՝ խորհրդային վարչակարգի տակ, մինչեւ 1922) կար, որմէ ետք ստեղծուեցաւ կարճատեւ Լեռնահայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ան կ՚առաջարկէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանուանել, ինչ որ կը նշանակէ, որ այդպիսի քայլէ մը ետք աշխարհի քարտէսին վրայ միայն «Արեւելեան Հայաստան» պիտի մնայ, բայց ո՛չ՝ Հայաստան (մինչեւ որ... Արեւմտեան Հայաստանը միանայ Արեւելեանին...)։ 
Քանի որ հայրենատիրական եւ պահանջատիրական կայծիկ մը կը փորձենք արծարծել, եւ որդեգրած ենք «անուանափոխութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ» սկզբունքը, ինչո՞ւ չհետեւիլ... Ուրուկուայի օրինակին։ Սպանական տիրապետութեան ժամանակ, շրջանը կը կոչուէր Banda Oriental («Արեւելեան գօտի»), քանի որ Սպանիոյ տիրոյթներուն արեւելեան սահմանն էր։ 1830ին՝ անկախութեան ժամանակ, երկրին պաշտօնական անունը որդեգրուած է՝ Ուրուկուայի Արեւելեան Հանրապետութիւն, որ կը նշանակէ, թէ Ուրուկուայ գետի արեւելքը գտնուող հանրապետութիւն մըն է, պահպանելով սպանական ժամանակաշրջանի անունին յիշատակը։ Ահա կրնանք Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանուանել... Հայաստանի Արեւելեան Հանրապետութիւն, որպէս Հայկական Բարձրաւանդակի արեւելքը գտնուող պատմական միաւոր։ Այդպէսով թէ՛ հայրենատիրական պարտաւորութիւն մը պիտի գործադրէինք՝ հակադարձելով «Արեւելեան Անատոլու»ի թրքաստեղծ առասպելներուն, եւ թէ՛ հայրենասիրական պարտաւորութիւն մը՝ արեւելահայ-արեւմտահայ աւելորդ վէճ մը չստեղծելով...։
Արդարեւ, այն հարցումին, թէ պատմաբաններու կողմէ նման առաջարկ երբեւէ եղա՞ծ է, Աշոտ Մելքոնեան յիշեցուցած է Tert.amին, որ 1918 թուականէն ետք Հայաստանի ողջ քաղաքական միտքը անով զբաղած էր, եւ արեւմտահայ գործիչներուն մեծագոյն մասը չէր ընդուներ, որ այս Հայաստանը պէտք է կոչուէր Հայաստանի Հանրապետութիւն: Անոնց շարքին էին Անդրանիկը եւ Պօղոս Նուպարը, որոնք կը պնդէին, որ Հայաստանը պէտք է կոչուէր «Արեւելեան Հայաստան», «Երեւանեան Հանրապետութիւն», կամ «Արեւելահայկական Հանրապետութիւն»։ Այստեղէն կը բխի երկրորդ կարելիութիւն մը. ինչո՞ւ պատմութեան մոխիրներէն չհանել 1918-1920ին այդ ուղղութեան գործնապէս հետեւած արտասահմանեան մամուլի մէկ մասին օրինակը եւ չվերականգնել Արարատեան Հանրապետութիւն եզրոյթը։ Արարատին տէր կանգնիլը հայրենատէր ըլլալ չէ՞։
Հապա՞ եթէ ոչինչ ընենք ու աւելի գործնական միջոցներ գտնենք՝ մեր հայրենատիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը արտայայտելու... նախ եւ առաջ ապրո՛ղ հայրենիքի կտորին նկատմամբ։ “Charité bien ordonnée commence par soi-même”, կ՚ըսէ ֆրանսերէն առածը, զոր տիար Աշոտեան պէտք է լսած ըլլայ Aix Marseille II համալսարանի բժշկական մասնագիտացման տարիներուն։
Քանի որ առածանիի ոլորտը մտեր ենք, թերեւս կ՚արժէ յիշել լատինական ծանօթ խօսքը՝ "Ne sutor ultra crepidam" («Կօշկակար, կօշիկներէդ վեր մի՛ ելլեր»), զոր Պլինիոս Աւագ մէջբերած է, զայն վերագրելով յոյն նշանաւոր նկարիչ Ապելեսին։ Վերջինն ալ կիրարկած էր կօշկակարի մը, որ քննադատելէ ետք հողաթափերուն համեմատութիւնը մէկ նկարին մէջ, անցած էր... նկարչական քննադատութեան։
Արդեօք անհրաժե՞շտ է յիշեցնել, որ պատմաբաններն ու քաղաքաբանները առհասարակ բժշկագիտութեամբ չեն զբաղիր, նոյնիսկ եթէ շտապ օգնութեան դասընթացքի մը հետեւած ըլլան։ Ուրեմն, պատշաճ է եզրափակել աւետարանական յայտնի խօսքով. «Բժիշկ, բժշկեա՛ զանձն քո...»,

«Նոր Յառաջ», Յունուար 23, 2014

No comments:

Post a Comment