8.1.14

Ստորագրահաւաք՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի որոշումը բողոքարկելու պահանջով

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը (CCAF) հրապարակ հանած է խնդրագիր մը, որ Զուիցերիայէն կը պահանջէ բողոքարկել Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի (ՄԻԵԴ) Դեկտեմբեր 19ի որոշումը, ըստ որուն թուրք ազգայնամոլ եւ Թուրքիոյ Աշխատաւորներու Կուսակցութեան նախագահ Տողու Փէրինչէքի (ներկայիս՝ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած հակապետական դաւադրութեան որպէս մասնակից) Ժընեւ կատարուած 2007ի հրապարակային յայտարարութիւնը, թէ «այսպէս կոչուած հայկական ցեղասպանութիւնը միջազգային կեղծիք մըն է», դատապարտելի չէ։
Խնդրագրին ամբողջական բնագիրը կարդալու եւ ստորագրելու համար, այցելեցէ՛ք Change.org։

No comments:

Post a Comment