1.2.14

«Արմինիըն Ռիվիւ»ն պիտի թուայնացուի


Ռուբէն Դարբինեանի մտայղացումով եւ նախաձեռնութեամբ 1948-էն ի վեր, որոշ ընդմիջումներով Պոսթընի մէջ հրատարակուող «Արմինիըն Ռիվիւ» հանդէսը հայագիտական նիւթեր հետազօտողներուն համար արժէքաւոր աղբիւր մըն է: Այս հանդէսին էջերուն ստորագրած են ժամանակակից հայ գրականութեան եւ պատմագիտութեան վաւերական անուններ: Հանդէսի էջերուն կը հանդիպինք ոչ միայն ամերիկահայ, այլ նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի գիտնականներու պատմա-քաղաքական եւ մշակութաբանական բնոյթի աշխատութիւններուն:
Անգլիալեզու այս հրատարակութեան տպագիր տարբերակները, «Ռիվիւ»-ի խմբագիր փրոֆ. Ասպետ Գոչիկեանի եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան միջեւ կայացած համաձայնութեամբ, օրաթերթի «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին մէջ պիտի թուայնացուին, հանդէսին ամբողջ բովանդակութիւնը տրամադրելի եւ հասանելի դարձնելով ժամանակակից հայագիտութեան խնդիրները ուսումնասիրողներուն:
«Արմինիըն Ռիվիւ»-ի հրատարակութիւնը կը հովանաւորէ 2003-ին հաստատուած «Ալիս եւ Հերի Սաչաքլեան-Արմինիըն Ռիվիւ Հիմնադրամ»ը:
Յառաջիկայ ամիսներուն «Ազդակ»-ի յարկին տակ կը սկսի «Արմինիըն Ռիվիու»ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքը:

«Ազդակ», Յունուար 28, 2014

No comments:

Post a Comment