18.3.14

Հարցազրոյց Փարիզի Կրօնական Ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Գեղամ Թորոսեանի հետ

«Նոր Յառաջ».- Քանի՞ տարիէ ի վեր եկեղեցւոյ կը ծառայէք։
Գեղամ Թորոսեան.- Փարիզ ծնած եւ մկրտուած եմ։ 1949ին, երբ եկեղեցւոյ յարկին տակ հայերէնի դասընթաց մը սկսաւ՝ Տէր Ադդէ Փայլակեան քահանայի միջոցով, պրն. Սեդրակ Գարակէօզեանի եւ տիկին Յասմիկ Քիւթնէրեանի օրօք, հոն արդէն հայերէն գրել-կարդալ սորվեցայ։ Այնուհետեւ, զինուորական ծառայութենէս ետք, 1956-57 տարիներէն սկսեալ շուրջ 30 տարի տեղւոյն Արա Պարթեւեանի եկեղեցական երգչախումբին մաս  կազմեցի։ 70-ական թուականներուն Սերովբէ Սրբազան Հօր առաջարկով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամակցեցայ եւ այդ ուղղութեամբ շարունակեցի եկեղեցական ծառայութիւնս։ 1989ին նոյն հոգաբարձութեան ատենապետ ընտրուեցայ, աւելի ուշ՝ վարչութեան, նաեւ աւելի վերջը՝ օրուան Կրօնական Ընկերակցութեան —որ կը համախմբէր փարիզեան չորս եկեղեցիներ՝ Փարիզ, Ալֆորվիլ, Առնուվիլ եւ Իսի— պատգամաւոր, ապա 1996-էն սկսեալ՝ նոյն Ընկերակցութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ մինչեւ 2005, երբ չընդունեցի վերընտրուիլ։

«ՆՅ» - Փարիզի եկեղեցւոյ պատմութիւնը դուք գրի առած էք։
Գ.Թ. - 1994ին, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով, ես հատորի մը մէջ ամփոփած էի մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ Գիւտ արք. Նագգաշեան Սրբազան Հօր ժամանակ։ Այդ տարին (Օգոստոս 18ին) զուգադիպեցաւ Վազգէն Կաթողիկոսին վախճանման եւ հետեւաբար ջնջուեցան բոլոր նախատեսուած տօնակատարութիւնները, բայց գիրքը (հայերէն-ֆրանսերէն) հրատարակուեցաւ 1995 Յունուարին, որ այսօր գրեթէ սպառած է։ Յայտնեմ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100-ամեակը նշուեցաւ 2004-ին, սակայն գէշ պայմաններու մէջ, քանի որ ճիշդ այդ ատենը յայտնի դարձաւ Գիւտ Սրբազանին առընչուող ոչ-բարեացակամ լուրջ կասկածները։ Միմիայն այդ տօնակատարութեան գրքոյկը պատրաստեցի, որմէ դեռ քանի մը օրինակ տրամադրելի են, ինչպէս նաեւ այդ օրուան զանազան թերթիկներ։

«ՆՅ» - Գիտենք որ 1984ին Գիւտ Սրբազան առաջնորդական աթոռը ստանձնեց։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ ժամանակաշրջանը։
Գ.Թ. - Սերովբէ Սրբազանին վախճանումէն (1984 Փետրուար 7ին) ետք, Գիւտ Սրբազան Մայիս 9ին ընտրուեցաւ իբրեւ առաջնորդ։ Օրուան Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Յուլիս 5ին պաշտօնապէս վաւերացուց ենթակային ընտրութիւնը, սակայն ժամանակաւորապէս, պայման առաջադրելով՝ մէկ տարուան ընթացքին ստեղծել Ֆրանսայի թեմը (մէկ կամ երեք թեմ՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսիլիա): Ի վերջոյ մէկ թեմ որոշեց։ Տարիներու ընթացքին Գիւտ Սրբազանի մեղսակցութեամբ թեմական կանոնագիրը չմշակուեցաւ։ Ան միշտ պայքարեցաւ որպէսզի Ֆրանսայի բոլոր եկեղեցիները միանան Փարիզին։
Ինչ կը վերաբերի Ս. Էջմիածնի կանոնագրին, որուն մասին յստակօրէն նշում կատարուած է Վազգէն Ա.ի վերջին կոնդակին մէջ, Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին օրով էր որ պատրաստուեցաւ եւ լոյս տեսաւ 1999 Փետրուար 26ին, սակայն դժբախտաբար զուգադիպելով Վեհափառ Հօր վախճանման թուականին, չվաւերացուեցաւ եւ առկախ մնաց։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ընտրութիւնը եւ արդէն շուրջ 15 տարի անցած է եւ տակաւին այդ մասին խօսք մը իսկ չկայ, նոյնիսկ՝ ծուխերուն, թեմերուն եւ պատրիարքարաններուն կանոնագրերը ամբողջացնելու մասին։ Յամենայն դէպս ես այդ հարցը բազում անգամներ արծարծած եմ, սակայն որեւէ արդիւնքի չէ յանգած եւ Եկեղեցական Ազգային Ժողովը, որ կանոնագիրը վաւերացնելու իրաւասութիւնը ունի, չհրաւիրուեցաւ։

«ՆՅ» - Ձեր կարծիքով ի՞նչն է այս ձգձգումներուն պատճառը։
Գ.Թ. - Ինչպէս գիտէք, այսօր ի զօրու է Գէորգ Ե. եւ Գէորգ Զ. Կաթողիկոսներու օրերուն վաւերացւած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնագիրը։ Այսպէս՝ 1917ի ռուսական յեղափոխութեան ժամանակ, Գէորգ Ե. Վշտալի Կաթողիկոսը 1836ի “Պոլոժէնիան” չեղեալ հռչակած է եւ 1924ին հիմնած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը, որու միջոցաւ ալ մէջտեղ եկած է Ս. Էջմիածնի առաջին կանոնագիրը 1925ին։ Այնուհետեւ Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի ժամանակ (1945ին) ան մէկ-երկու կէտով բարեփոխուած է, մանաւա՛նդ բոլորին պարտադրելով վճարել Լուսաւորչի լուման։ Եւ անկէ ի վեր միակ այդ կանոնագիրը պաշտօնապէս ի զօրու է։ Իսկ այդ կանոնագրին տառն ու ոգին ցարդ ո՛չ մէկ Կաթողիկոս ամբողջութեամբ յարգած է։ Օրինակի համար, ըստ կանոնագրի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը 11 հոգիէ կը բաղկանայ, իսկ իւրաքանչիւր Կաթողիկոս իրաւասու է երեք անդամ նշանակելու, իսկ միւսները նախատեսուած է, որ նշանակուին Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ։ Այս վերջինը գրեթէ երբեք ոեւէ մէկը չէ նշանակած, որովհետեւ յաջորդական Կաթողիկոսները չեն ձգած եւ այդ թիւը աւելցուցած են եւ այսօր շուրջ 20 անդամ ունի նշեալ ժողովը։ Ըսեմ, որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2005 Սեպտեմբերին ինծի ալ առաջարկած էր իբրեւ աշխարհական նշանակել այդ ժողովին, սակայն ես մերժեցի քանի որ այդ օրերուն Գիւտ Սրբազան սոյն ժողովին անդամն էր եւ մենք հարցեր ունէինք վերջինիս հետ։

«ՆՅ» - Ի՞նչն է Գիւտ Սրբազանին հետ բուն հարցին պատճառը։
Գ.Թ. - Ծանօթ է, որ եկեղեցւոյ վարչութիւնը 2005-էն առաջ կասկածներ ունէր Սրբազանին հանդէպ՝ եկեղեցւոյ գանձանակէն իւրացումներու մասին։ Սակայն փաստ չունէր։ Իսկ 2005-ին փաստուեցաւ, որ ենթական դրամաշորթութեամբ զբաղած է՝ ուղղակի եկեղեցիին դրամատունէն։ Ան այդ գումարէն մաս մը 2005 Սեպտեմբերին վերադարձուց։ Ատկէ զատ, 2005-ի գարնան՝ Կրօնական Ընկերակցութեան ընտրութիւնները բոլորովին կեղծեց, ընտրութեան յաջորդ օրը նոր հրաշք-քուէներ աւելցնելով եւ այլն, այն աստիճան որ ընտրական մարմինը մերժեց արդիւնքը վաւերացնել։ Կը բաւէ տեսնել այն ատենուան լրագիրները։
1993-ին, Գլօտ Մութաֆեանի առաջարկով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Վեհափառը, աջակցութիւնը բերաւ, որպէսզի, Փարիզի Սորպոնի մէջ, ցուցահանդէս մը կազմակերպուի Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան շրջանի նիւթով։ Գլօտ Մութաֆեան ինծի կոչ ըրաւ, իբրեւ այդ գործին մասնագէտ, արհեստագիտական կազմակերպութեան եւ ներկայացումի բաժնին համար։ Այդ ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ նախագահ Միթերանն ալ բացումը կատարեց Վեհափառին հետ։
1998ին, Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին (Սարգիսեան, այս անգամ իբրեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ) եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապին համաձայնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, ուրիշ շատ աւելի ընդարձակ ցուցահանդէս մը որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ, կրկին Գլօտ Մութաֆեանի գլխաւորութեամբ պատրաստուած՝ «Ռոմա-Արմենիա» ցուցահանդէսը, Վատիկանի մէջ, որ բացուեցաւ 1999 Ապրիլին։ Նոյնպէս, Գլօտ Մութաֆեան եւ Վեհափառը ինծի վստահեցան արհեստագիտական կազմակերպութիւնը եւ ներկայացումի բաժինը, եւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը փափաքեցաւ, որ ցուցահանդէսի հաշիւներն ալ բռնեմ։ Կը յիշեմ, շատ յուզիչ էր, երբ բացման օրը Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը, որ այլեւս խօսելու կարողութիւն չունէր, ինծի հետ գրաւոր կը հաղորդակցէր…։ Ի միջի այլոց նշեմ, թէ ցուցահանդէսին նիւթապէս օժանդակած էին Լոնտոնէն Վաչէ Մանուկեան՝ 250 հազար տոլարով, իսկ Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը 50 հազար տոլար յատկացուցած էր պատկերազարդ ցուցակին (catalogue) տպագրութեան համար։ Սակայն մեր ծախսերը աւելի ըլլալով՝ դարձեալ Վաչէ Մանուկեան (Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին միջամտութեամբ) վեց ամիս ետք 30 հազար տոլար եւս նուիրեց, որպէսզի կարենանք փակել հաշիւները։ Յատկապէս ցուցահանդէսին համար դրամատնային հաշիւներ բացած էի թէ՛ Փարիզի եւ թէ՛ Հռոմի մէջ, իսկ Վաչէ Մանուկեանին նուիրած գումարները, նախքան դրամատան մեր հաշւոյն արձանագրուիլը, Գիւտ Սրբազանէն կ՚անցնէին։
Բոլոր հաշուեթուղթերը, փաստաթուղթերը եւ արհեստագիտական թղթածրարները դեռ քովս ունիմ։ Ցուցահանդէսի աւարտին (1999) քանի մը անգամ առաջարկեցի հաշուեկշիռները եւ թղթածրարները Էջմիածին փոխանցել, բայց թէ՛ Գիւտ Սրբազան եւ թէ՛ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ըսին որ քովս պահեմ։ Երբ Փարիզի եկեղեցւոյ հաշիւներուն շուրջ «առեւանգուած» գումարներուն հարցը ծագեցաւ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ինձմէ խնդրեց իրեն ուղարկել ցուցահանդէսին թղթապանակը, ինչ որ ըրի 2005 Ապրիլին՝ բոլոր հաշիւներուն մանրամասն դասակարգուած պատկերովը։ Այն ատեն կասկածներ եղան, որ Ս. Էջմիածնի անունով անծանօթ հաշիւ մը բացուած է Փարիզի դրամատան մը մէջ։
Նոյն ատեններուն ծագեցաւ Խաչիկոֆի (մահացած 1997 Մայիս 26ին) հարցը։ Խ. Խաչիկոֆը Պելճիքայի Հայկական Միութեան ատենապետն էր եւ սերտ յարաբերութիւն ունէր Գիւտ Սրբազանին հետ։ Երբ Խաչիկոֆ կինը կորսնցուց եւ յետոյ ալ ֆիզիքապէս տկարացաւ, փափաքեցաւ իր ունեցուածքը կտակել Պելճիքայի եկեղեցիին ու Հայկական Միութեան։ Այս հարցին միջամտելով՝ իրեն թելադրուեցաւ, որ աւելի լաւ կ՚ըլլայ կտակը եւ գումարները Փարիզ ղրկել, որպէսզի աւելի լաւ վերահսկողութեան տակ գտնուին եւ հարկ եղած պարագային Փարիզի եկեղեցին յատկացում կատարէ Պելճիքայի եկեղեցիին, եւ նախատեսուած գումար մը վերապահէ Պելճիքայի մէջ բացուելիք հայկական հանգստեան տան մը համար։ Գիւտ Սրբազանը ինքզինքը ներկայացուց իբր կտակին միակ մատակարարը, ինչ որ ճիշդ չէր։ Քանի մը տարօրինակ դէպքեր պատահեցան կտակին բացումին ժամանակ. նախ 50 հազար տոլարի անյայտացած գումարի հարց մը եղաւ. ապա Պրիւսէլի մէջ գոյութիւն ունեցող յարկաբաժին մը, որուն վարձքերը պիտի օգտագործուէին ըստ կտակին՝ տեղական եկեղեցւոյ հոգեւորականը վարձատրելու համար, ծախուեցաւ: Նոտարին տուած բացատրութիւնները զարմանալի թուեցան…։ Այդ կտակը երկու մասի բաժնուեցաւ. գլխաւոր բաժինը տրամադրուեցաւ հանգստեան տան մը ստեղծման նպատակին, որ դեռ ուսումնասիրութեան մէջ է Պելճիքայի հայոց կողմէ եւ աւելի փոքր գումար մը, որուն դրամատան կողմէ տրուած տոկոսները Պրիւսէլի եկեղեցիին կը փոխանցուին ամէն տարի։
Աւելցնեմ, որ երբ Ֆրանսայի Թեմը հռչակուեցաւ 2006 Դեկտեմբեր 10ին, Գիւտ Սրբազան տեղապահ նշանակուեցաւ մինչեւ Նորվան Սրբազանին ընտրութիւնը՝ 2007 Յունիս 22ին։ Այդ առիթով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրահանգեց, որ առժամեայ գրասենեակ մը յատկացուի Գիւտ Սրբազանին, որ մինչեւ 2008 Յունուար 25 Առաջնորդի գրասենեակը պահեց եւ մերժեց ազատել: Ի վերջոյ հարկադրուեցանք դատարանի ներկայացուցիչի ներկայութեամբ իր կողմէ կղպուած դուռը բանալ տալ 2009 Մայիս 13ին։ Չենք գիտեր, թէ այդ գրասենեակին մէջ գտնուող եւ եկեղեցիին պատկանող թղթածրարներէն ի՞նչ փոխանցուեցաւ նոր առաջնորդին։

«ՆՅ» - Խաչիկոֆը ժառանգորդներ ունի՞։
Գ.Թ. - Այո՛, որոնք Պելճիքայի եւ Ֆրանսայի զանազան շրջանները կը բնակին, սակայն կ՚ենթադրեմ որ բանէ բամպակէ տեղեակ չեն։

«ՆՅ» - Իսկ ո՞վ էր Խաչիկոֆի կտակակատարը։
Գ.Թ. - Երբ Խաչիկոֆ մահացաւ, Գիւտ Սրբազան յայտարարեց, թէ «կտակ մը ստացած ենք որու մատակարարը ես եմ»։ Սակայն, երբ երեք-չորս տարի ետք՝ վարչութիւնը այդ կտակէն օրինակ մը ունեցաւ, անդրադարձանք որ հոն արձանագրուած է, թէ մատակարարները պիտի ըլլան Գիւտ Սրբազանը եւ Փարիզի Կրօնական Ընկերակցութեան վարչութիւնը։ Այն ատեն է, որ կարելի եղաւ հետազօտութիւնները սկսիլ։

«ՆՅ» - Այլ կտակներու հարցեր չկա՞ն։
Գ.Թ. - Կտակներու հարցերով Գիւտ Սրբազան կը զբաղէր։ Շշուկներ կան հին կտակի մը մասին, որ կ՚ըսուի թէ Լիւքսէմպուրկ կը գտնուի՝ Պետիկեան անունով նշանաւոր նկարիչէ մը, աւելի քան 20 տարի առաջ։ Բայց ըսեմ որ շատոնց է որ նոր կտակ չենք ստացած։

«ՆՅ» - Փարիզի եկեղեցին ներկայիս քանի՞ անդամ ունի։
Գ.Թ. - Վերջին ընտրական ժողովին 47 քուէարկողներ կային (61-ը վճարած էին 20 եւրոյի իրենց տարեկան անդամավճարը), ինչ որ ամօթալի երեւոյթ մըն է՝ իբրեւ թէ 150 հազար հաշուող փարիզեան շրջանի հայութեան համար։ Իսկ արձանագրուածներու թիւը նուազ քան 260 է։ Մեր ծխական եկամուտը կ՚ապահովուի ծիսակատարութիւններէն (պսակ, մկրտութիւն, հոգեհանգիստ, թաղման կարգ, նուիրատուութիւն եւ իւղագին). սակայն այս եկամուտը բաւարար չէ բոլոր ծախսերը փակելու համար…։ Թեմը շատ քիչ եկամուտ ունենալով՝ դժուարութեան առջեւ է։ Եւ այսօրուան ըսենք քիչ մը հաւասարակշռուած վիճակը կը պարտի Փարիզի Ծխական Խորհուրդին, որ այս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին մեծ գումարներ փոխ տուած է, որպէսզի կարենայ իր առաքելութիւնը շարունակել։
Միւս կողմէ, մեր գաղութին մէջ ուրախալի երեւոյթը Ս. Մեսրոպ Կրթարանի նոր շէնքին կառուցումն է, որ պիտի նպաստէ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան՝ նկատի ունենալով, որ այսօր ֆրանսահայութեան մեծամասնութիւնը ֆրանսախօս է, հայերէն գրել-կարդալ չի գիտեր եւ կրօնական դաստիարակութիւն չէ ստացած։ Նոյնպէս, «Դպրոցասէր»ի նոր մանկապարտէզը պիտի բացուի այս տարի։ Նշենք նաեւ, որ վեց տարի առաջ Պ. Գ. Մարանկոզեանի նիւթական օժանդակութեամբ, Հրայր Այվազեանի ուղեկցութեամբ պատրաստուեցաւ պատարագի նոր բացատրութիւններով լի գիրք մը՝ 3.000 տպաքանակով։ Անցեալ տարի անձամբ պատրաստեցի յուղարկաւորութեան կարգին վերաբերող գրքոյկ մը՝ ժողովուրդին հասկնալի լեզուով, նկատի ունենալով որ անոր մեծամասնութիւնը կը լսէ բայց չի հասկնար արարողութեանց միտք բանին։ Նոյնպէս, 1990էն ի վեր, ամէն Կիրակի եւ ամէն տօնի առթիւ, կը պատրաստեմ երկլեզու թերթիկներ, որպէսզի հաւատացեալները կարենան հետեւիլ սուրբ ընթերցումներուն, ինչպէս նաեւ զանազան ուրիշ թուղթեր։ Նախ 2006ին, ապա 2008-էն ի վեր ամէն տարի կը պատրաստեմ Թեմին օրացոյցը։

«ՆՅ» - Թեմի կազմութենէն ի վեր ընդհանուր առմամբ ինչպէ՞ս կը գնահատէք կացութիւնը։
Գ.Թ. - Երբ 2003 Նոյեմբերին խումբով Վեհափառին հետ Ս. Էջմիածնէն Փարիզ վերադարձանք, քանի մը հոգիներ նշանակուեցան Փարիզէն, Լիոնէն, Մարսիլիայէն, Վալանսէն, որպէսզի Թեմին կանոնագիրը ուսումնասիրուի Նորվան Սրբազանին ատենապետութեամբ, ես ալ՝ որպէս քարտուղար։ Շատ ժողովներ ըրինք, եւ այդ հանդիպումներուն միա՛յն մէկ անգամ ներկայ գտնուեցաւ Գիւտ Սրբազանը։ Ի վերջոյ, 2004 Ապրիլ 1ին, Էջմիածին յանձնեցինք մեր ուսումնասիրութեանց արդիւնքը։ Այնուհետեւ, մէկուկէս տարի ետք՝ դիմեցին մեզի նախատեսուած կանոնագրի մասին այլ առաջարկներ ներկայացնելու նպատակով։ Առաջարկները ընդհանրապէս մերժուեցան (փոխանորդագիր մը՝ ամուսին-կին, նախապէս թեկնածուի կոչ, ապահովագրեալ նամակով քուէ...)։ Յամենայն դէպս կանոնագիրը վաւերացուեցաւ 2005 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի բոլոր ծուխերը ստորագրեցին բացի Նիսէն, ուր առկայ էին ներքին կազմակերպական խնդիրներ։
Մինչեւ 2006 Մարտ՝ թեմական պատգամաւորները ընտրուեցան, 2006 Յուլիս 19-ին՝ ֆրանսական կառավարութիւնը թեմը արձանագրեց, 2006 Դեկտեմբեր 10-ին՝ Ֆրանսայի թեմը հռչակուեցաւ, 2007 Փետրուար 17-ին՝ թեմական դիւանն ու Թեմական Խորհուրդը ընտրուեցան, եւ 2007 Յունիս 22ին՝ առաջին առաջնորդը ընտրուեցաւ։
Անկէ ի վեր, Թեմական Խորհուրդը ամէն ամիս ժողովներ գումարեց յաջորդաբար Փարիզ, Լիոն եւ Մարսիլիա, եւ տարեկան ընդհանուր պատգամաւորական ժողովներ՝ Փարիզ, Լիոն, Վալանս, Նիս, Մարսիլիա, Առնուվիլ եւ Իսի։ Առաջին գործունէութիւնը եղաւ՝ ծուխերուն ծանօթանալ, անոնց փորձառութիւնները, յաջողութիւններն ու դժուարութիւնները բաղդատել, յանձնախումբեր ստեղծել զանազան նպատակներով, թեմը ծանօթացնել. կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, անկարելի եղաւ թեմի մասին թերթիկ մը հրատարակել, եւայլն։ Դժբախտաբար Նիսի տագնապը 2009էն ի վեր ամէն ինչ փտեցուց՝ մանաւանդ արտաքին միջամտութիւններու պատճառներով։ Խորհուրդի դիւանէն Ժագ Փանոսեան եւ Գրիգոր Փափազեան, նախքան առաջին շրջանին աւարտը, հրաժարական ներկայացուցին, եւ ես ալ՝ 2010-ին, այսինքն՝ մեր գործունէութեան շրջանի աւարտին չուզեցի դարձեալ թեկնածու ըլլալ։ Յետոյ ընտրուեցաւ նոր Թեմական Խորհուրդը, որ Դեկտեմբեր 2014ին շրջանաւարտ պիտի ըլլայ։ Այս ընթացքին, բացի 2009ին Կրընոպլի եկեղեցիին գնումէն (Պահատուրեանի եւ տեղացի հայերուն նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի դատէն ետք «Աքսա»էն ստացուած 100 հազար տոլարով), կամ ինչպէս վերը նշեցի՝ պատարագի գիրքին հրատարակութենէն, շատ ակնառու մեծ գործունէութիւն չենք ունեցած եւ շատ բան չէ փոխուած: Որպէս ձեռքբերում թերեւս կարելի է նշել հաւաքական հոգին եւ յոյսը։ Կը ծագի նաեւ հետեւեալ հարցականը՝ այսօր ո՞վ ազատօրէն պիտի ղեկավարէ Ֆրանսայի թեմը։ Գիտէ՞ք, ես բնաւ չզարմացայ ի տես Նորվան Սրբազանին հրաժարականին։
Շատ լաւ գիտէք, որ Նորվան Սրբազանին հրաժարումէն շուրջ 15 օր առաջ՝ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան Մարսիլիայի շրջանի փոխանորդ նշանակուեցաւ 2013 Յունիս 13ին, ուղղակի Վեհափառին կողմէ առանց որ կանոնագիրը յարգուի։

«ՆՅ» - Ֆրանսայի առաջնորդական ընտրութեան առումով երեք անուն վաւերացուեցաւ Կաթողիկոսին կողմէ, եւ առաջնորդութեան թեկնածու Վիգէն արք. Այգազեան հրաժարեցաւ իր թեկնածութենէն։ Այսօր այս ուղղութեամբ ամբողջ գործընթացը կասեցուա՞ծ է։
Գ.Թ. - Այո՛, եւ ընտրութեան կազմակերպութիւնը պիտի վերսկսի։

«ՆՅ» - Բայց նման գործելակերպ օրինակա՞ն է։
Գ.Թ. - Գիտէք, գրեթէ նման դէպք պատահեցաւ Մոնրէալի մէջ, եւ հակառակ անոր որ ընտրութիւնը կայացաւ, արդիւնքը Վեհափառ Հայրապետին վաւերացման չարժանացաւ՝ մէկ հոգիի վերջին վայրկեանի հրաժարման պատճառով։ Մեր ունեցած կանոնագիրը երեք թեկնածու կը պարտադրէ՝ Առաջնորդ ընտրելու համար, Հայր Զատիկը եւ կամ Հայր Գրիգորը կրնան իրենց թեկնածութիւնը կրկին դնել։

«Նոր Յառաջ», Փետրուար 25, 2014

No comments:

Post a Comment