10.6.14

Ա՜խ այդ փողոցները


ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին։
Պատմէին, թէ ինչպէ՛ս ինծի պէս հազարաւոր հայ մանուկներ հո՛ն լոյս աշխարհ եկած են, զուտ հայկական ծննդատան մէջ։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին, թէ ինչպէ՛ս կարդալու առաջին փորձերս հո՛ն ըրած եմ, հեգելով փողոցներուն ցուցատախտակներուն հայերէն թէ արաբերէն անունները։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ ինչպէ՛սառանձին յետիոտն դպրոց երթալ սորված եմ, երբ միայն հինգ տարեկան էի, պողոտան կտրելու համար բռնելով ինծի առաջարկուած թաղի հայ արհեստաւորներուն սեւցած ու կոշտացած ձեռքերը։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ ինչպէ՛ս առեւտուրի առաջին դասերս հո՛ն սորված եմ, Վարդեվառ Ամմոյին քովէն պաղպաղակ ու քոլա գնելով։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ ինչպէ՛ս հոն սորվեցայ կեանքի առաջին դասերս, երբ օր մը մայրս զիս նպարավաճառին ղրկեց կէս քիլօ սուրճ գնելու, իսկ վերջինս զիս անտեսելով որպէս մանուկ, կէս ժամ սպասել տուաւ, որ ինք իր նոր ստացած ապրանքը դասաւորէր նախ, մինչեւ որ մտահոգ մայրս ետեւէս հասաւ եւ լաւ մը յանդիմանեց զինք, ինծի ալ խրատելով որ չվախնամ իրաւունքս պաշտպանելէ։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին, թէ ինչպէ՛ս մեր հաւատքի առաջին սերմերը հոն սկսած են ծաղկիլ, երբ դպրոցական քննութիւններէ առաջ եկեղեցի կը վազէինք աղօթելու եւ իրարու հետ մրցումի կ՚ելլէինք երկիւղածութեամբ համբուրելու սրբապատկերներն ու փայտէ դրան խաչերը, մինչ ճաղատ լուսարարը նեղացած կը պոռար. «Փոխանակ պատերը համբուրելու, տունը մէկ ժամ աւելի դաս սորվեցէք»։ Ապա հլունով հողաթափ հագած ոտքերը ծանր ծանր քսելով կ՚ուղղուէր զանգակատուն, զանգին պարանը քաշելով մեզի լուր տալու, թէ առաւօտեան ժամերգութիւնը պիտի սկսէր, հետեւաբար պէտք էր պարպէինք եկեղեցին։ Որքան կը փափաքէինք որ այդ պարանը քաշելու պատիւը մեզի ալ վիճակուէր օր մը, բայց իր խոժոր նայուածքը կ՚անհետացնէր ամէն յոյս։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին, թէ ինչպէ՛ս տարիներով Կիլիկիա շէնքին հիմքը փորուած մնաց որպէս խոշոր փոս մը եւ մենք ամէն անգամ որ հոնկէ կ՚անցնէինք, անհամբեր կը սպասէինք թէ ե՞րբ պիտի բարձրանար այս «Ազգային Շէնք»ը։ Ուշացումին ոչ պաշտօնական բացատրութիւնը այն էր, որ իբր թէ շէնքին հիմքէն ջուր դուրս կ՚ելլէր, եւ մինչեւ այդ ջուրը չցամքէր, կարելի չէր շէնքը կառուցել։ Որքան զգուշութեամբ կ՚անցնէինք այդ հսկայ փոսին կողքէն, վախնալով որ կրնայինք մէջը իյնալ։ Իսկ թաղին չար տղաքը ինչեր ըսես չէին պատմեր փոսին մէջ գտնուող վիշապներուն ու օձերուն մասին։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ ինչպէ՛ս մեր ամբողջ կրթութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը հոն ստացած էինք։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ ինչպէ՛ս դասապահու ընթացքին ուսուցիչին ամէնալուրջ մէկ բացատրութիւնը կ՚ընդհատուէր Ղազանճի Սարգիսին մուրճի համաչափ ու ականջ խլցնող հարուածներուն ձայնով, երբ ան սկսէր պզտիկ, իրերայաջորդ փոսիկներ յառաջացնել իր «ղազաններուն» վրայ։ Հազարաւոր տարիներու հնութիւն ունեցող այս արհեստ-արուեստը ներկայիս սկսած է մեծ ժողովրդականութիւն վայելել արեւմուտքի մէջ։ Աշխարհահռչակ արուեստագէտներ իրենց գործերուն մէջ սկսած են մտցնել զայն, շինելով ոչ թէ ղազաններ, այլ նուրբ ու թանկարժէք զարդեր։ Անոնք հպարտութեամբ կը նշեն, թէ այդ արհեստը սորված են արեւելքի մէջ քանի մը տարի աշակերտելով յայտնի վարպետներու։ Ամէն անգամ որ այդպիսի գեղեցիկ կտորի մը հանդիպիմ, դէմքիս վրայ ժպիտ մը կը գծագրուի ու յիշողութիւնս զիս կը փոխադրէ դէպի Նոր Գիւղ ու ես կը լսեմ բացարձակ անտարբերութեամբ մեր դասապահերը ընդմիջող վարպետ Սարգիսին ծանր մուրճի հարուածները։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին մեր սիրոյ առաջին արկածախնդրութիւններուն մասին։ Որքա՜ն գաղտնի ժամադրութիւններ կամ պատահական հանդիպումներ, իբր թէ, հիւրընկալած  են այդ փողոցները։ Որքա՜ն նոր հայ ընտանիքներ կազմուած ու բոյներ հիւսուած են այդ թաղերուն մէջ։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ ինչպէ՛ս անձրեւներէ ետք մղձաւանջի կը վերածուէր մեզի համար քալելը ցեխոտ ճամբաներէն, երբ մեր մաքուր ու արդուկուած տաբատները բծաւոր կը դառնային ցատկող ցեխերուն պատճառով։ Իսկ թաղի հայ երիտասարդները, իրենց աշխատանքէն դադար առնելով, միշտ պատրաստ էին «խօսք մը նետելու» գլուխը կախ արագ-արագ անցնող ամօթխած հայ աղջիկներուն։ Բայց եթէ պատահէր որ այդ խօսք նետողը տեղացի «լակոտ» մը ըլլար, բոլորը պատուախնդիր եղբօր մը պէս պատրաստ էին պաշպանելու հայ աղջիկը։
Ա՜խ այդ փողոցները։
Լեզու ունենային եւ պատմէին թէ քանի քանի հայ երիտասարդներու անհատականութեան կազմութեան մէջ մեծ դեր ունեցած էին։
Ա՜խ այս ՓԼԱՏԱ՛Կ փողոցները, լեզու ունենային եւ դեռ ինչե՜ր ինչե՜ր պատմէին…


«Հայրենիք», Յունիս 10, 2014

No comments:

Post a Comment