8.7.14

Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն...

ՄԱՆՈԻԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
 
Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի կարենաս ինքզինքդ խաբել, որ տակաւին մարդ ես:
Հալէպի մէջ բժիշկ չփնտռես. բոլորը գացած են, այն ալ առաջին գացողներէն եղած են.. մոռնալով կամ մոռացութեան տալով Հիփոքրաթի երդումը..  եւ կը խնդրեմ իրենցմէ որ չըսեն .« մեր գացած տեղը մարդիկ կը բուժենք.. մենք մարդու բժիշկներ ենք…»:
Այս բառերը թող չարտասանեն, որպէսզի խեղճ հալէպցին չկարկամի: Թերեւս իրաւունք ունէին, չէ՞ որ  Հալէպի մէջ մարդ չէ մնացած, մենք հոս մնացողներս պարզապէս մարդակերպ էակներ ենք, եւ մե՛նք ամենաշատը կը գիտակցինք այս իրականութիւնը… Վկայ՝ Հալէպի փողոցները…
Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի չտեսնես կիսաքանդ կամ ամբողջութեամբ քանդուած տուներ, չտեսնես Հալէպի աղտոտ փողոցները, որպէսզի ամէն վայրկեան չզգաս նուաստացումդ, որպէսզի չտեսնես ջուր կրող մեծն ու փոքրը, կինն ու այրը, որոնք երբեմն ժամերով հերթի կանգնելէ ետք ամէն օր, ջուր կրելու աւելի հեշտ միջոց մը կը հնարեն, փայտէ եւ փլասթիքէ տուփ-սնտուկներու մէջ կը տեղադրեն դոյլերն ու շիշերը որպէսզի տան երկար ճանապարհը կարենան անցնիլ, իսկ այս փոքր հազիւ տաս տարեկան աղջիկը կը տեսնե՞ս… Աստուծոյ սիրոյն աչքերդ փակէ որպէսզի չտեսնես, ան ջուրով լի դոյլերը սնտուկին մէջ տեղադրած է բայց զառիվերը աւելի դիւրին ելլելու համար կապը մէջքին անցուցած է… ի՞նչ անուն տաս այս աղջնակին, եւ դեռ կ’ուզէիր որ մարդաբուժ բժիշկները այս կենդանաբնական պարտէզին մէջ մնա՞ն… ամօթ չէ՞…
կ’ըսեն, թէ ջուրի տագնապը պիտի թեթեւնայ, իսկ կարգ մը թաղերու մէջ ջուր կայ արդէն, միայն շէնքի յարկերը չի բարձրանար եւ երբ ելեկտրականութիւն կայ եւ դուն ջուր վեր բարձրացնող գործիք ունիս ջուր կ’ունենաս, ապա թէ ոչ, ընդամէնը քանի մը յարկ պիտի կրես ծանր դոյլերը, վնաս չունի, անոր ալ կը վարժուիս.. Եւ օր մը կրնաս զարմանալ երբ տանդ ծորակներէն ջուր վերհոսի, թերեւս ալ գոցես ծորակները, եւ շարունակես ջուր կրել… Կը յիշե՛ս, երբ առաջին անգամ ամիս մը սպասելէ ետք ելեկտրական հոսանք եկաւ, չես գիտեր գիշերուայ ժամը քանիին, ի՞նչ ըրիր. ելար եւ լոյսը… անջատեցիր… ու սարսափեցար, որովհետեւ մութին վարժուած էիր, ինչպէս որ հիմա սերունդները կը վարժուին «անդպրոցութեան», ծուլութեան, գողութեան, սպանութեան, մութին, ջուր կրելուն, փամփուշտներու սուլոցին, պայթող ռումբերուն եւ ռազմական օդանաւերէ մարդաբնակ վայրեր նետուող պայթուցիկ նիւթերով լի տակառներու ձայներուն…
Այս ամէնը չլսելու եւ անոնց չվարժուելու համար ականջներդ ալ խցանէ…
Այսօրուայ հալէպցին, վաղը երբ այս ամէնը վերջ գտնեն (եթէ վերջ գտնեն), պիտի փնտռէ այս ամէնը եւ չգտնելու պարագային ինք պիտի ջանայ վերստեղծել զանոնք…
Աչքերդ գոց քալէ Հալէպի փողոցներէն, որպէսզի չտեսնես երեկուայ առեւտրականներն ու արհեստաւորները, որոնք փողոցի անկիւնները, կանաչեղէն կը ծախեն, սիկարէթ կը ծախեն,  խորոված կ’եփեն… Աչքերդ գոց քալէ որպէսզի չտեսնես անթիւ մուրացկանները, աղբակոյտերու մէջ չես գիտեր ի՞նչ փնտռողները..  որպէսզի չտեսնես անօթի շուներու վոհմակները, որպէսզի չտեսնես, մարդոց հետ քալող եւ օրէցօր բազմացող կուշտ շուները.. ուրկէ ալ կը բերեն այս ազնուացեղ շուները..
Աչքերդ գոցէ որովհետեւ փողոցներու մէջ պիտի տեսնես ջուր կրելու պատճառաւ կորաքամակ դարձած էակներ, տխուր-խոժոռ, ժպիտը մոռցած դէմքեր, յոյսը կորսնցուցած բայց զայն կարօտով սպասող դէմքեր…
Եւ բժիշկները թող չվերադառնան՝ անգործ պիտի մնան, որովհետեւ ոչ թէ հիւանդ չէ մնացած Հալէպի մէջ (փա՜ռք Աստուծոյ բոլորս հիւանդ ենք), այլ որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր վճարունակութիւնը…
Աւետաբեր լուր մըն ալ տամ. վերջերս Հալէպ այցելեց երկրին վարչապետը, ան կառավարութեան անունով խոստացաւ ութսուն նոր հորեր փորել, որպէսզի Հալէպի բոլոր թաղերը հորեր ունենան…
Հալէպցիները ուրախացան, անոնց ուրախութիւնը կ’ամբողջանայ եթէ պարոն վարչապետը ութսուն հատ ալ ոսկրաբոյժ, թէկուզ անասնաբոյժ, բժիշկ ղրկէ, բուժելու հալէպցիներու կռացած ողնաշարերը… 
Եւ գիտե՞ս սխալը ո՞րն է…
Ամենամեծ սխալը այս բոլորին չվարժուիլն է, եւ մարդ մնալը, որովհետեւ կը պատկերացնե՞ս, թէ ինչպէս պիտի կարենաս ապրիլ փոխուած եւ այլակերպուած շրջապատիդ մէջ, երբ այս բոլորին վերջակէտ դրուի եւ դուն դեռ մարդ մնացած ես…

«Սիվիլնեթ» (civilnet.am), Յուլիս 3, 2014

No comments:

Post a Comment