26.10.14

Մեծ Եղեռնի նոր յուշարձանը Ռումանիոյ մէջ



 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ («Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 4), Ժ.Չ. կը տեղեկացնէր Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած ու ռումանական Փիթէշթի քաղաքը տեղադրուած խաչքարին բացումը, որ տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 27ին։ Բացման արարողութիւնը զուգադիպած է «Ա. Աշխարհամարտը եւ անոր ազդեցութիւնը հայ սփիւռքի կազմաւորման վրայ» համաժողովին (Պուքրէշ, Սեպտեմբեր 26-28)։



Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց խաչքարին երկլեզու՝ հայերէն եւ ռումաներէն արձանագրութիւնը։ Հայերէն գրութիւնը կ՚ըսէ.
«Կանգնեցաւ խաչքարս այս յիշատակութեան բիւրաւոր նահատակացն ազգիս հայոց, որք կատարեցան յընթացս մեծի եղեռնի յամի Տեառն 1915 յԱրեւմտեան Հայաստան։ Աղօթք եւ օրհնութիւն նահատակացն մերոց»։
Գրաբար շարադրանքին իմաստը թափանցիկ է, բայց որովհետեւ մեր օրերուն մարդիկ կը դժկամին Տէրունական աղօթքի իմաստն իսկ հասկնալէ, ահա աշխարհաբարի վերածում մը, ուր մինչեւ իսկ ընթացիկ «յամի Տեառն» ձեւը փոխած ենք.
«Այս խաչքարը կանգնեցաւ որպէս յիշատակ հայոց ազգի բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք մահացան Մեծ Եղեռնի ընթացքին, Տիրոջ տարի 1915ին, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Աղօթք եւ օրհնութիւն մեր նահատակներուն»։
Յոյժ հետաքրքրական է ռումաներէն արձանագրութիւնը, որուն թարգմանութիւնը մօտաւորապէս կ՚ըսէ.
«Այս խաչը կանգնեցաւ որպէս յիշատակ հայ ժողովուրդի 1.500.000 որդիներուն եւ դուստրերուն, որոնք մահացան ցեղասպանութեան ժամանակ [in timpul genocidului], Տիրոջ տարի 1915ին, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Աղօթք եւ օրհնութիւն մեր նահատակներուն համար»։
Ինչպէս կը տեսնուի, ռումաներէնը գրեթէ բառացի թարգմանութիւնն է հայերէնին, թէեւ կան փոքրիկ նրբերանգներ։ Կ՚արժէ ուշադրութեան յանձնել անոնցմէ ամենէն կարեւորը. հոն ուր հայերէն գրութիւնը կը գործածէ մեծ եղեռն, ռումաներէնը կը գրէ genocid(ului)։
Արդ, այս «տարօրինակ» երեւոյթը երկու բացատրութիւն ունի.
ա) Մաքրակրօն գրաբարագէտ մը որոշած է «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածել, քանի որ ան... «Նոր Հայկազեան բառարան»ին մէջ չկայ։
բ) Իրազեկ ռումանագէտ մը թարգմանած է «Մեծ Եղեռն» արտայայտութիւնը, որ ներկայիս «Հայկական Ցեղասպանութիւն» իմաստով կը գործածուի նախագահներու եւ կաթողիկոսներու կողմէ, իր փոխաբերական իմաստով՝ genocid։
Ընթերցողը յիշելու է 2009-2014ի խեղկատակութիւնը, երբ ամէն անգամ, որ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա գործածած է «Մեծ Եղեռն» բառը իր Ապրիլ 24ի ուղերձին մէջ՝ առանց «ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելու, դատապարտումի վայնասուն բարձրացնող մեր լուսաւորեալ ղեկավարներուն եւ հրապարակագիրներուն շարքին չէ գտնուած մէ՛կ հոգի, որ տարրական գիտութիւնը ունենար՝ ամերիկացի նախագահին յայտնելու, թէ «ցեղասպանութիւն» բառին հայերէնը կը գործածէ եւ թէ այսպէսով 1915ի եւ յաջորդող տարիներու իրողութեան ցեղասպանական բնոյթը կը ճանչնայ։ Նման հակահարուածի մը դիմաց, կարիք չկայ քաղաքական հանճար ըլլալու, կռահելու համար, որ Օպամա այնուհետեւ «Մեծ Եղեռն»ը սրբած կ՚ըլլար իր բառապաշարէն։ (Երբ Փետրուար 2013ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ նախընտրական հանդիպումի մը ընթացքին, նման բան մը կը յայտնէր, ամերիկահայ խմբագիր մը գտնուած է, որ անոր թելադրած է... բառարան բանալ(1)։ Ի դէպ, վերջին տասնհինգամեակին տպուած տասնեակ մը երկլեզու բառարաններ ունինք մեր տրամադրութեան տակ, որոնք կը գրեն... եղեռն = genocide եւ ցեղասպանութիւն = genocide)։ Թրքական ժխտողականութեան նահապետ ու ԱՄՆ նախկին դեսպան Մուսթաֆա Շիւքրիւ Էլեքտաղ արդէն Ապրիլ 2010ին Օպամային ուղղուած անգլերէն բաց նամակով յայտնած էր, թէ «Մեծ Եղեռն» ցեղասպանութիւն կը նշանակէ, բայց կը թուի, որ մենք թուրք ժխտողներու չափ ալ հայերէն չենք գիտեր...։
Աւելի՛ն. մեր ամենագէտները չվարանեցան լեզուաբանութեան դասեր տալու, կրկնելով, որ «Մեծ Եղեռն» հինցած բառը genocide բառի գիւտէն, այսինքն՝ 1944էն առաջ գործածուած է, քանի որ այնուհետեւ միակ ընդունելի բառը «ցեղասպանութիւն» է, կարծէք թէ հասարակ գոյական մը՝ բոլոր նման դէպքերուն իրաւական անունը, կարելի ըլլար գործածել որպէս յատուկ անուն հայոց պարագային։ Հոգ չէ, որ իրենց խմբագրատուներուն աչքին տակ գտնուող Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ 2000ին զետեղուած 4,5 մեթր բարձրութեամբ նահակատաց յուշարձանին վրայ անգլերէն գրուած է “In the memory of the Armenian Martyrs of the Genocide, 1915-1923 AD,” իսկ հայերէն՝ «Մեծ Եղեռնի նահատակներին»։  Այսինքն՝ կը փաստարկէ, որ «Մեծ Եղեռն» եւ “genocide” հոմանիշ են։ Իրենց հայերէնագիտութեան որպէս վառ ապացոյց, մեր «լեզուաբանները» ամենայն լրջութեամբ պնդեցին ամէնուրեք, որ «եղեռն» բառին անգլերէն թարգմանութիւնը... “calamity”, “catastrophe”, “disaster” կամ “tragedy” է՝ առանց մէ՛կ հատիկ բառարան բանալու։
Քաղաքական հեռատեսութենէ ու լեզուական իմացութենէ զուրկ եւ տարուէ տարի կրկնուող այս հակազդեցութիւնը ո՛չ միայն ծառայեց նուաստացնելու Մեծ Եղեռնի վերապրողներուն յիշատակը, որոնք տասնամեակներով գործածած են այդ անուանումը որպէս ամենէն գերակշիռը՝ 1910ական թուականներու վերջաւորութենէն, այլեւ թոյլ տալու, որ ան բերնի ծամօն դառնար ԱՄՆ նախագահի իրերայաջորդ ուղերձներու մէջ, որոնք իրենց իմաստը բոլորովին կորսնցուցած են հինգ տարի ետք։ Աւելի՛ն. ցաւալի է մատնանշել, որ այդ ինքնակոչ թէ նշանակովի «պաշտպաններ»ուն թեթեւ ձեռքով, ցեղասպանութեան վերջին փուլին՝ ժխտողականութեան վերջին զոհը դարձաւ... հայերէնը։
Վստահաբար, քաղաքական այս կարկառուն դէմքերէն մէկ քանին ներկայ էին յուշարձանի բացումին Ռումանիոյ մէջ։ Անոնցմէ մէկը՝ իր անգլերէն շաբաթական սիւնակին մէջ ընդարձակօրէն անդրադառնալով համաժողովին ու յուշարձանին (2), «մոռցաւ» հրապարակաւ հարցնել ռումանահայ համայնքին, թէ ի՞նչ իրաւունքով համարձակած է գործածել «Մեծ Եղեռն»ը՝ փոխան «ցեղասպանութիւն»ի։ (Գուցէ գրաբար երեք տողերը լեզուական անյաղթահարելի պատնէշ մը ստեղծած ըլլան եւ ան անդրադարձած չըլլայ «Մեծ Եղեռն»ի ներկայութեան...)։ Բայց որքան ատեն որ ռումաներէն genocid գրուած է, որո՞ւ հոգը, թէ հայերէնը ի՞նչ կ՚ըսէ։
Մարդիկ սովոր են խօսելու ու գրելու առանց փաստական ապացոյցներու գործածութեան։ Ահա թէ ինչո՛ւ մենք նոյնքան սովոր ենք ազգովին քայլ մը առաջ եւ երկու քայլ... ետ երթալու։
----------------------------
(1) Ara Khachatourian, “Sarkisian Should Educate Himself About Genocide”, Asbarez, February 6, 2013.
(2) Տե՛ս Յարութ Սասունեան, «Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողով՝ հակառակ թրքական բողոքներուն», Ասպարէզ, Հոկտեմբեր 2, 2014։

«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 23, 2014

No comments:

Post a Comment