12.11.14

Ո՛վ կը յիշէ կամ կը կարդայ Զարեհ Որբունին...

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպաբնակ իմ գրասէր բարեկամուհիներէն մին, որ առողջական լուրջ դժուարութիւններու բերումով տունէն դուրս չի կրնար ելլել, առջի շաբաթ հեռաձայներ էր ինծի ու խնդրեր.
- Ընթերցումի համար աղուոր գի՛րք մը առաջարկէ ինծի։ Թող արեւմտահայերէն ըլլայ, նախընտրաբար՝ վիպական գործ մը։
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ՝ անզգալաբար իրեն տուի Ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի անունը, եւ թելադրեցի որ ակումբի գրադարանէն ապահովէ անոր «Փորձը» վէպը եւ ընկղմի անոր մէջ…։
Երէկ, մեր բարեկամուհին կրկին հեռաձայնեց ինծի՝ աւետելու համար, թէ անցեալ շաբաթ ծայրէ ծայր յափշտակութեամբ կարդացեր էր ոչ միայն «Փորձը», այլեւ անոր շարունակութիւնը համարուող «Թեկնածուն» վէպը…։ Ուրեմն, մէկի փոխարէն՝ կարդացեր էր երկու գիրք…։
Մեր ընթերցողուհին խորապէս տպաւորուած էր Որբունիի գրական ոճէն, վէպին նիւթէն, ու շարունակ դիտել կու տար՝ թէ խորունկ վերլուծումներու եւ իմաստասիրական սուզումներու վարպետ մըն էր ան։
Հեռաձայնը գոցելէ ետք՝ պահ մը անձնատուր եղայ տխուր մտորումներու։
Զարեհ Որբունի՜…։ Ծնած՝ Օրտու (Սեւ ծովու ափին) 1902-ին, մահացած՝ 1980-ին։ Շատերու նման ի՛նք ալ կը պատկանէր Եղեռնի որբերու սերունդին։ Հազար դժուարութիւններով կրցաւ մորթը փրկել ու անցնիլ Պոլիս, ուր ուսանեցաւ Պէրպէրեան վարժարանը։ Շուտով սակայն անցաւ Ֆրանսա ու դարձաւ Ֆրանսահայ առաջին գրողներու խմբակին յայտնի անուններէն մին։ Ճիշդ 85 տարի առաջ, 1929-ին, հրատարակեց իր անդրանիկ վէպը՝ «Փորձը», Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին հետ գրեթէ նոյն օրերուն։ Անշուշտ, Շահնուրի չափ բախտաւոր չեղաւ, սակայն միշտ ալ պահեց հեղինակաւոր վիպագիրի մը համբաւը։ Երբեմն «հեռացաւ» հայ գրականութենէն՝ դառնացած, ճաշարան բանեցուց Փարիզի մէջ երկար տարիներ, բայց յետոյ կրկին վերադարձաւ իր կոչումին…։
«Փորձը» վէպը քառահատոր վիպաշարքի մը առաջին հատորն էր։ Անոր յաջորդեցին «Թեկնածուն» (1967), «ԱսՖալթը» (1971) եւ վերջապէս «Սովորական օր մը» (1973) վէպերը, որոնք չորսը միասին՝ կը կրէին «Հալածուածները» խորագիրը։
Որբունիի այս հապճեպ յիշատակութիւնը թերեւս ո՛չ մէկ շահագրգռութիւն ստեղծէ Դիմատետրի վրայ։ Ժամանակներն ու ճաշակները փոխուած են։ Սակայն կ՛արժէ մտածել Պոլսոյ հին դպրոցներէն շրջանաւարտ այն հրաշալի ու հոյակապ սերունդին մասին (Որբունի, Շահնուր եւ միւսները), որոնք ՇԱՏ ՏՈԿՈՒՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԸ ՏԻՐԱՊԵՏԱԾ ԷԻՆ, ու դարձան սփիւռքահայ գրականութեան առաջին մշակները…։
Այսօր, մեր լաւագոյն գաղութներուն լաւագոյն դպրոցներն անգամ ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ իրականացնել այն՝ զոր այնքա՜ն դիւրութեամբ կը յաջողէին կատարել Պոլսոյ «Պէրպէրեան» կամ «Կեդրոնական» երբեմնի վարժարանները…։ Գրողնե՛ր արտադրել, մարդո՛ւժ հասցնել…։
Նուազագոյնով բաւարարուելու յօժար պիտի ըլլայինք՝ եթէ մեր այսօրուան դպրոցները կարենային գէթ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐ արտադրել…։
Ի դէպ, Որբունիի վէպերը կարդացող իմ գրասէր բարեկամուհին Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի հին սանուհիներէն է…։

"Aleppo Armenians" (Facebook), Նոյեմբեր 11, 2014

No comments:

Post a Comment