24.6.15

Գրական երեկոյ, նուիրուած՝ Դանիէլ Վարուժանին

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

«Մենք, Զաւակներդ օգոստափառ,
Պիտի կերտենք Նո՜ր Արշալոյս»

Գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը առաւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը յարգելու եւ յիշելու Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակ ու անմահանուն գրողներէն ոմանց։  Այդ շարքին առաջինը եղաւ Դանիէլ Վարուժան։ Մայիս 29, 2015, Ուրբաթ երեկոյեան ԹՄՄի Նիւ Ճըրզիի կեդրոնը հաւաքուած էր մեր ծանօթ գրասէր հասարակութիւնը։  Միջին Արեւելքի մայր գաղութներու մէջ կազմակերպուած նման լուրջ գրական երեկոյի մը ներկայ ըլլալու հաճոյքն էր որ ըմբոշխնեցին այն ներկաները, որոնք տակաւին կ’ապրին մեր գրական արժէքներուն մեծութեամբն ու ներշնչումովը։  Անոնք հասակ առած անոնց` Զօհրապի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Սեւակի, Թլկատինցիի … գործերուն արժէքներովը տակաւին կը մնան ամրօրէն կապուած արեւմտահայ այդ գրական աշխարհին հետ։
Մասնաճիւղի ատենապետին բացման խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարել ԹՄՄի երկարամեայ հաւատաւոր անդամ, կրթական մշակ, գրող ու Նիւ Եորքի միա´կ հայկական դպրոցին` Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին սիրուած տնօրէնուհին` Տիկին Զարմինէ Պօղոսեան։  Ան ծանօթ գրական մեր աշխարհին, ծանօթ նաեւ յայտագրին մաս ու բաժին վերցուցած մտաւորականներուն եւ գեղարուեստական յայտագրին երիտասարդ արուեստագէտներուն, ըստ սովորականին, լաւագոյնս կրցաւ կատարել իր պարտականութիւնը, իր գեղեցիկ մայրենիով ու երբեմն անգլերէն լեզուով համեմելով յայտագիրը։
Նախ ըսենք որ գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէին ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին շնորհալի դերասաններէն` Յարութ Պարսումեան, Արփի Չանքար, Սրբուհի Վարդիվառեան եւ Դալար Զօքեան, որոնք անգլերէն ու հայերէն լեզուներով ընթերցեցին Վարուժանի գոհարներէն` քերթուածներէն քանի մը գործեր։  Անոնք առինքնեցին իրենց կատարողութեամբ հանդիսականները։
Օրուան առաջին խօսք առնողը եղաւ այս համայնքին ծանօթ ու այժմ պոստոնաբնակ մտաւորական, ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան վարիչ քարտուղար Արամ Արքուն։  Իր պաշտօնին կոչուելէն ի վեր պաշտօնական իր այս այցելութեամբ ան վեր առաւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղի բազմաբեղուն ու մանաւան որակեալ մշակութային, գրական ու թատերական գործունէութիւնը` օրինակ ծառայելով այլ մասնաճիւղերուն թէ տեղական զանազան ազգային կազմակերպութիւններուն։
Արամ խօսք առաւ անգլերէն լեզուով ու անգիր կատարեց իր դասախօսութիւնը. նախ հորիզոնականը գծեց Վարուժանի կեանքին ու գործին միջեւ։  Վարուժան (ծնած` Դանիէլ Չպուքճեան, 1885ին նահատակուած` 1915ին) կը նուիրուի քերթողական գրականութեան։ Բրքնիքի զաւակ (Սեբաստիոյ նահանգէն) փոքր տարիքէն ծանօթացաւ հայ մշակին ու անոր արտին, կալին ու հունձքին։  Ու իր գիւղին եւ ապա` Կ. Պոլսոյ մէջ հասակ առած ճաշակեց Համիտեան կոտորածներուն արհաւիրքը։
Ուսումնատենչ ուսանող հայ կաթողիկէ ընտանիքին զաւակ, նախ մայրաքաղաքի Մխիթարեան վարժարանը կը յաճախէ ու ապա կ’անցնի Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանը, ուր կը ծանօթանայ եւրոպական ու դասական գրականութեան։  Կը ներշնչուի իտալական արուեստի գործերով։  Կը վայելէ իր ուսուցիչներուն համակրանքը եւ զինք բարձրագոյն կրթութեան համար կը ղրկեն Պելճիքա ուսանելու։  Տեղւոյն, թէեւ բանուորական ու ճարտարարուեստական կեանքին, անֆլաման մշակոյթին ու գրականութեան կը ծանօթանայ մօտիկէն։
Կը վերադառնայ ծննդավայր, 1909ին, երբ արդէն Կիլիկեան (ծանօթ` Ատանայի) աղէտը վրայ կը հասնի։  Կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին եւ կը դասաւանդէ Սեբաստիոյ եւ Եւդոկիոյ (Թոքաթ) մէջ, որոնցմէ ետք կը հաստատուի Կ. Պոլիս ուր կը նշանակուի հայկական վարժարանի մը տնօրէնը։
Կը հրատարակէ իր բանաստեղութեան երեք հատորները` «Սարսուռներ» (1905-06), «Ցեղին ձայնը» (1909), «Հեթանոս երգեր» (1912) եւ յետ մահու կը հրատարակուի իր նշանաւոր «Հացին երգը» (1921)։  Արքուն մէկ առ մէկ կը ծանօթացնէ այս գործերը, որոնք ունին ընկերային խորք, իսկ Վարուժան այս գործերով երեւան կը հանէ ընկերային անարդարութիւններ ու կը շեշտաւորէ իր ընկերվարական համոզումները։
Ապրիլ 24, 1915ին, տակաւին 31 տարեկան կը քալէ դէպի աքսոր, դէպի Այաշ ու կը նահատակուի, մնալով դասական ու անմահ մեր բանաստեղծը։
Սիրուած բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թէքեան բեմ հրաւիրուեցաւ կարդալու Վարուժանին նուիրուած իր մէկ ստեղծագործութիւնը։  Այս եղաւ անակնկալ մը եւ որ բերաւ յաւելեալ որակ օրուան այլապէս հարուստ յայտագրին։
Յաջորդ բանախօսը՝ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, հասակ առած է Արժանթինի մէջ, սակայն իր հետաքրքրութիւնը դէպի հայկական մշակոյթ ու արժէքներ զինք կապած են ազգային կեանքին, հայ դպրոցին եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Նիւ Եորքի մտաւորական հայ շրջանակին յարգելի անդամներէն ան կը մնայ ու քաջալերողը` Թէքէեանի գործունէութեան։
Կու տանք հատուածներ, հայերէնով իր պատրաստած լուրջ ուսումնասիրութենէն. «Առաջին երեք գիրքերը բաւարար եղած էին Վարուժանը դարձնելու արեւմտահայ բանաստեղծութեան գագաթը։  Ու հոն պիտի մնար առյաւէտ, որովհետեւ իր սերունդով ու անոր վերապրողներով վերջացան արեւմտահայութիւնն ու արեւմտահայ գրականութիւնը, որուն պիտի յաջորդէին Սփիւռքն ու սփիւռքահայ գրականութիւնը, բոլորովին տարբեր միջավայրի ու պայմաններու ծնունդ»։
«Կը մաղթեմ, որ այս ձեռնարկը առիթ մը հանդիսանայ, որպէսզի անոնք, որոնք մինչեւ հիմա միայն ունկնդիր եղած են, դառնան ընթերցող, իսկ ընթերցողները դառնան վերընթերցող»։
«Բանաստեղծութեան ազգակերտ դերին մասին, կարելի է փոխաբերական իմաստով կարդալ 1911ին տպուած Հայ լեզուի խնդիրը յօդուածին հետեւեալ տողերուն ընդմէջէն. "Լեզուն սկսաւ օտարանալ եւ ստրկանալ կարգ մը գրիչներու տակ, որոնք չունէին տաղանդը` գոնէ զայն պահպանելու համար այն ձեւին մէջ, զոր իրենց յանձներ էին Պ. Դուրեանի, Գ. Օտեանի եւ Յ. Պարոնեանի նման շքեղ գրագէտներ … Բայց ո՞ւր էր Գաւառը` ուր ժողովուրդի հոգւոյն ամբողջականութիւնը կ’ապրի, ո՞ւր էր գաւառը հզօր, գունագեղ, իրապաշտ իր աշուղներուն հոյլերով։  Այն լեզուն որ իր ծոցէն հեռու կը սաղմնաւորէր, անշուշտ պիտի չկրանր արտայայտել այն մեծ իտէալները, այն վսեմ պատկերներու դիւցազներգութիւնները` որոնք իր մարդուն եւ իր հողին կը պատկանին։  Այդ լեզուն իսկապէս չունեցաւ ժողովուրդի մը սրտին տիեզերական բաբախիւնները, թէպէտեւ, խոստովանինք, ան շատ յաջող, շատ մանրազնին ուրուագծեց ջղայնութիւնը ենթակայական յոյզերու"»։
Դոկտ. Մատթէոսեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Թէքէեան-Վարուժան սիրալիր յարաբերութիւնները, հակառակ երկու մեծ քերթողներուն գաղափարական տարբերութիւններուն։
Նիւ Եորքի հայկական գրախանութներէն անկարելի եղաւ ապահովել Վարուժանի գիրքերէն` տրամադրելու ներկաներուն։ Ստիպուած ներկաներուն մէկական օրինակ տրամադրուեցաւ «Հանդիպումներ 1»էն օրինակներ ուր լոյս տեսած էր հեղինակին ունեցած սիրուն ու սրտբաց տեսակցութիւնը վաղամեռիկ բանաստեղծին դստեր Վերոնիքային հետ, Նիւ Եորքի մէջ  Գոնէ այդ նուէրով ներկաները պիտի պահեն մնայուն յիշատակ մը այս երեկոյէն։
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն պատրաստութեամբ` Թէքէեանի վարչութեան տիկիններուն` Մարի Զօքեանի, Հելէն Միսքի եւ Տիանա Մխիթարեանի կողմէ։  Ու առիթ եղաւ ներկաներուն ծանօթանալու օրուան հիւր բանախօսներուն։

«Հայրենիք», 22 Յունիս 2015

No comments:

Post a Comment