6.8.15

Նշանաւոր դուստրը...

ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
6 Օ­գոս­տոս 1917 թուա­կա­նին, Ի­տա­լիոյ Ֆլո­րան­ս քա­ղա­քին մէջ ծնած է հայ մեծ գրող Կոստան Զա­րեա­նի դուստ­րը՝ Նուարդ Զա­րեա­ն, որ հե­տա­գա­յին դար­ձած է Ի­տա­լիոյ մէջ նշա­նա­ւոր ար­ձա­նա­գործ, նկա­րիչ։ Սա­կայն ա­նոր կեան­քի եւ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան Հա­յաս­տա­նի եւ առ­հա­սա­րակ Սփիւռ­քի եւ հա­յաշ­խար­հի մէջ: Այս անդ­րա­դար­ձը պատ­րաս­տե­լու հա­մար ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ տա­ղան­դա­ւոր հայ ար­ձա­նա­գոր­ծի ծննդեան օ­րը եւ մա­հուան 10-ա­մեա­կը: Ճիշդ տա­սը տա­րի ա­ռաջ, 31 Յունուար 2005 թուա­կա­նին Ի­տա­լիոյ Սան­թա Մա­րի­նել­լա քա­ղա­քին մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց Հայաստա­նէն եւ հա­յու­թե­նէն հե­ռու, ա­ռանձ­նու­թեան մէջ ապ­րող եւ մին­չեւ կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը ստեղ­ծա­գոր­ծող հայ ա­րուես­տա­գի­տու­հին:
Նուարդ Զա­րեա­նի կեան­քի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու հա­մար օգ­տուած ենք իր եղբօր՝ ճար­տա­րա­պե­տու­թան տոք­թոր, Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Ար­մէն Զա­րեա­նի մա­սին այ­լե­ւայլ նիւ­թե­րէ, ո­րոնց մէջ պզտիկ բա­ժին­ներ յատ­կա­ցուած են նաեւ իր նշա­նա­ւոր քրո­ջ: Ինչ­պէս նաեւ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղած ենք Ար­մէն Զա­րեա­նի որդւոյն՝ ճար­տա­րա­պետ Ա­րա Զա­րեա­նի յօ­դուած­նե­րէն: Հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ գրե­թէ յօդուած­ներ չեն տպագ­րուած Նուարդ Զա­րեա­նի մա­սին, ե­թէ չհա­շուենք «Ազ­գ» թեր­թին մէջ 2001 թուա­կա­նին, իր կեն­դա­նու­թեան օ­րօք տպագրուած յատ­կան­շա­կան նիւթ մը՝ «Սան­թա Մա­րի­նել­լա­յի հայ քան­դա­կա­գոր­ծու­հի­ն», հե­ղի­նակ Մե­լա­նիա Պա­տա­լեան: Դժբախ­տա­բար ո՛չ մէկ հրա­տա­րա­կուած պատ­կե­րա­գիրք, ո՛չ մէկ գիրք կամ հա­մա­ցան­ցա­յին էջ գտանք նուի­րուած ի­տա­լա­հայ տա­ղան­դա­ւոր քան­դա­կա­գոր­ծին։ Հա­մա­ցան­ցին ու այլ պա­հոց­նե­րու մէջ փնտռտունք­նե­րէ ետք չհան­դի­պե­ցանք նաեւ լու­սան­կա­րի մը, ո­րուն մէջ պատ­կե­րուած է Նուարդ Զա­րեան: Ի­տա­լա­կան կայ­քի մը մէջ գտանք ա­նոր քան­դակ­նե­րէն մէկ քա­նի­ին լուսան­կար­նե­րը միայն եւ կարճ կեն­սագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Հա­մե­մա­տա­բար հարուստ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան Նուարդ Զա­րեա­նի մօր յու­շե­րուն մէջ, ո­ր սա­կայն տպագ­րուած չեն եւ կը պահ­պա­նուին ըն­տա­նի­քի ժա­ռանգ­նե­րուն մօտ: Եւ միայն այս տա­րուան սկիզ­բին Ար­մէն Զա­րեա­նի դստեր՝ Սիր­վարդ Զա­րեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ հա­յե­րէ­նով հատուած մը տպագ­րուած է «Ազ­գ» թեր­թին մէջ:
Նուարդ Զա­րեան միակ դուստրն է գրող Կոս­տան Զա­րեա­նի եւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Թա­գու­հի Շահ­նա­զա­րեա­նի:
Կոս­տան Զա­րեան Պոլ­սոյ «Հայ­րե­նի­ք» օ­րա­թեր­թի հիմնա­դիր, յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան եւ հան­րա­յին գոր­ծիչ Յով­հան­նէս Շահ­նա­զա­րի եղ­բօր դստեր՝ Թա­գու­հի Շահնա­զա­րեա­նի հետ ա­մուս­նա­ցած է 1912 թուա­կա­նին՝ Վե­նե­տի­կի մէջ: Նոյն տա­րե­վեր­ջին ա­նոնք կը մեկ­նին Պո­լիս, ուր Զա­րեա­ն հայ ո­գին գտնե­լու եւ իր մայ­րե­նի լեզուին ա­ւե­լի մօ­տէն հա­ղոր­դակ­ցե­լու նպա­տակ ու­նէր: Թա­գու­հի Շահ­նա­զա­րեան ա­մուս­նա­նա­լով Կոս­տան Զա­րեա­նի հետ հա­ւա­սար կեր­պով տա­րած է ըն­տա­նեկան կեան­քի բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ըն­տա­նի­քին վի­ճա­կած դժուա­րին ճա­կա­տա­գիրն ու սար­սափ­նե­րը: Ա­նոնք 1914 թուա­կա­նին ի­րենց եր­կու զա­ւակ­նե­րով հեռա­ցած են Պո­լի­սէն: Ապ­րած է նաեւ Հա­յաս­տան, ուր ե­րաժշ­տու­թեան դա­սեր տուած է նո­րաս­տեղծ Երաժշտա­նո­ցին մէջ:
Զա­րեան­նե­րու հա­մա­տեղ կեան­քը տե­ւած է մին­չեւ 1929 թուա­կա­նը: Այ­նու­հե­տեւ Կոս­տան Զա­րեան հե­ռա­ցած է կնոջ­մէն ու ա­մուս­նա­ցած է ա­մե­րի­կա­ցի նկար­չու­հի Ֆրան­սիս Պրուք­սի (1901-1963) հետ: Թա­գու­հի Շահ­նա­զա­րեա­նի հետ գրո­ղը ու­նէր ե­րեք զա­ւակ, ո­րոքն ալ հե­տա­գա­յին նշանաւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներ դար­ձած են՝ Ար­մէն, Վա­հէ եւ Նուարդ Զա­րեան­ներ: 
Մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քի վրայ գրա­կան ու ա­րուես­տի հետ­քը թո­ղած է նաեւ Թա­գու­հի Շահ­նա­զա­րեան, որ մամու­լի մէջ յօդուած­ներ եւ զա­նա­զան գրու­թիւն­ներ կը ստո­րագ­րէր Թա­գու­հի Շահ­նա­զար ա­նու­նով: Ան նաեւ հիմ­նա­կան յու­շա­գիրն է Կոս­տան Զա­րեա­նի: Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Թա­գու­հի Զա­րեա­ն ման­րա­մասն գրա­ռած է Կոս­տան Զա­րեա­նի եւ իր հա­մա­տեղ կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը, այ­նու­հե­տեւ՝ 1930 թուա­կա­նէն յե­տոյ գրո­ղի կեան­քի դէպ­քերն ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը: Այդ ֆրան­սե­րէն օ­րագ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս կը նշէ գրա­կա­նա­գէտ Եու­րի Խա­չատրեան, Թա­գու­հի Շահ­նա­զա­րեան-Զա­րեան գրած է ե­րեք օ­րի­նա­կով՝ իր ե­րեք զաւակներուն հա­մար: Յու­սանք, այդ ար­ժէ­քա­ւոր գի­րը օր մը հրա­տա­րա­կուած, այ­նու­հե­տեւ՝ հա­յե­րէ­նի թարգմա­նուած կը տես­նենք, քա­նի որ այդ մէ­կը կրնայ լոյս սփռել Կոս­տան Զա­րեա­նի ան­ձին եւ գրականութեան վրայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մին­չեւ հի­մա մեծ գրա­գէ­տին կեն­սագ­րու­թեան մէջ կան չճշդուած տեղե­կու­թիւն­ներ:
Կոս­տան եւ Թա­գու­հի Զա­րեան­նե­րու դուստ­րը ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին ար­դէն ու­նե­ցած է նկար­չա­կան ցայ­տուն ըն­դու­նա­կու­թիւն­ներ. նկար­չա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը սկիզբ առած են տաս­նեօթ տա­րե­կա­նին։ Ան ստա­ցած է եւ­րո­պա­կան տար­րա­կան կրթու­թիւն, ուսա­նած է Մի­լա­նո­յի «Scuola di Brera» ա­կա­դե­միոյ մէջ, ա­ւար­տած է Վե­նե­տիկի «Liceo Artistico»ի դա­սըն­թացք­նե­րը։ Քան­դա­կա­գործ Ա­տոլֆ Վիլ­թի խոր­հուր­դով ձգած է նկարչութիւ­նը եւ զբա­ղած՝ քան­դա­կա­գոր­ծու­թեամբ: Ու­սա­նած է Հռո­մի Գե­ղա­րուեստ­ից ակա­դե­միոյ մէջ, ուր ա­շա­կեր­տած է քան­դա­կա­գործ Ան­ճե­լօ Սա­նել­լիին։ 1935-1940 թուականնե­րուն ու­սա­նած է Վե­նե­տի­կի Գե­ղարուես­տից ա­կա­դե­միոյ մէջ, ուր ալ աշակերտած է նկա­րիչ Պրու­նօ Սա­յե­րիին։ Սնած ա­րուես­տա­սէր շրջա­նա­կին մէջ, յա­ճախ ընկերացած է դաշ­նա­կա­հա­րու­հի մօր եւ գրա­գէտ հօր ա­նոնց ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն՝ դէ­պի Եւ­րո­պա­յի բազ­մա­թիւ մայ­րա­քա­ղաք­ներ:
1936 թուա­կա­նին ի­տա­լա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Նուարդ Զա­րեա­նին կը յատ­կաց­նէ օտարազ­գի ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար սահ­մա­նուած կրթա­թո­շակ։ 1965 թուա­կա­նէն սկսեալ ան դա­սա­ւան­դած է Հռո­մի Գե­ղա­րուես­տից լի­սէ­ին մէջ։ Մաս­նակ­ցած է նշա­նա­ւոր ցուցահան­դէս­նե­րու, ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ գնա­հա­տան­քի ու խլե­լով մրցա­նակ­ներ նաեւ որպէս ա­ռա­ջին կին քան­դա­կա­գործ:
Իր ա­ռա­ջին ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը Նուարդ Զա­րեան բա­ցած է 1946 թուա­կա­նին «Cortile» պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, երկ­րոր­դը՝ 1950 թուա­կա­նին «Galleria dello Zodiaco» ցուցաս­րա­հէն ներս, ուր ներ­կա­յա­ցուած տաս­նութ քան­դակ, փայ­տագ­րու­թիւն եւ գծան­կար։ Ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ ու­նե­ցած է Քո­փեն­հա­կի, Հռո­մի, Վիեն­նա­յի, Օս­լո­յի, ինչպէս նաեւ եւ­րո­պա­կան այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ։
Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Նուարդ Զա­րեան գոր­ծօն մասնակցու­թիւն ու­նե­ցած է ի­տա­լա­կան Դի­մադ­րու­թեան շար­ժու­մին։ Իր ա­մու­սի­նը, որ նոյն­պէս քան­դա­կա­գործ էր, զի­նուո­րագ­րուած ու պա­տե­րազ­մի մեկ­նած է:
Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ետք ա­նոր գոր­ծե­րը կ՚ըն­դու­նուին «Accademia di Belle Arti»ի մէջ, ուր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան կը հրա­ւի­րուի դա­սա­խօ­սա­կան աշ­խա­տան­քի:
1950 թուա­կա­նին Ի­տա­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեծ մրցոյթ մը յայ­տա­րա­րած է Հռո­մի Նոր կա­յա­րա­նի գե­ղա­րուես­տա­կան ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար:
Ի­տա­լա­ցի խումբ մը նշա­նա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու կար­գին այդ մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած է նաեւ Նուարդ Զա­րեան ու շա­հած է ա­ռա­ջին մրցա­նա­կը՝ կա­յա­րա­նի պա­տե­րուն խճան­կար կա­տա­րե­լու հա­մար:
Յատ­կան­շա­կան դրուագ մը եւս կայ Նուարդ Զա­րեա­նի կեան­քին մէջ. 1951 թուա­կա­նին Ի­րա­նի կառավարութիւ­նը մեր տա­ղան­դա­ւոր հայրենակցուհիին կը պա­տուի­րէ ստեղ­ծել Ի­րա­նի վերջին շահ՝ Ռը­զա Փահ­լե­ւիի դի­ման­կա­րը, որ նախատե­սուած էր շա­հի դամ­բա­րա­նին հա­մար։ Քանդա­կա­գոր­ծու­հի Նուարդ Զա­րեան կը կա­տա­րէ այդ գործը եւս:
Ա­րուես­տա­գի­տու­հիի կեան­քին մէջ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին դեր ու­նե­ցած է այն ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, որ կա­տա­րած էր 1960 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին, իր հօր՝ Կոս­տան Զա­րեա­նի հետ, երբ ան հայ­րե­նիք կը վե­րա­դառ­նար ե­րե­սուն տա­րուան բա­ցա­կա­յու­թե­նէն ետք:
Հա­յաս­տա­նը Նուարդ Զա­րեա­նին ներշնչում­նե­րու մեծ ազ­դակ հա­ղոր­դած է. հայ­րե­նի­քի կար­միր տուֆն ու քարը գրա­ւած են նաեւ քա­րով ստեղ­ծա­գոր­ծող քանդակա­գոր­ծու­հիին հո­գին: Նոյն շրջա­նին Սե­ւա­նայ լճի մօտ յայտ­նա­բե­րուած ի­րե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն արթն­ցուած էին իր մէջ: Հռոմ վե­րա­դար­ձին ան հա­մախմ­բած էր իտալացի ճար­տա­րա­գէտ­ներ ու հնա­գէտ­ներ, եւ զա­նոնք ու­ղար­կած Հա­յաս­տան՝ պեղումներ կա­տա­րե­լու հա­մար:
Կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր ա­մուս­նոյն՝ ծա­նօթ քան­դա­կա­գործ Մա­րիօ Չի­մա­րա­յի մա­հէն ետք ա­րուես­տա­գի­տու­հին կը բնա­կէր Հռո­մի մօտ, Սան­թա Մա­րի­նել­լա ծո­վեզ­րեայ քա­ղա­քի ա­մե­նա­բարձր բլու­րի գա­գա­թը, իր նա­խագ­ծով կա­ռու­ցուած ա­ռանձ­նա­տան մէջ, որ յար­գի ի­րե­րու եւ քան­դակ­նե­րու առ­կա­յու­թեան շնոր­հիւ նման էր պատկե­րաս­րա­հի: Անոր զա­ւա­կը՝ Տիե­կօ Չի­մա­րա, նոյն­պէս ար­ձա­նա­գործ է, որ երկար տարիներ եղած է RAI-ի (Իտալիոյ կեդրոնական հեռուստատեսութեան) մշակութային ծրագրերու պատասխանատու, ինչպէս նաեւ լրագրող եւ գիրքերու հեղինակ։ Տիեկօ Չիմարա մանկութենէն դրսեւորած է արուեստագիտական հակումները եւ իր առաջին խեցեգործ կաւեղէնները ցուցադրուած են Հռոմի նորայայտ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու ցուցադրութեան փողոցին՝ «Via Margutta»ի վրայ։ Իր վերջին գիրքը արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Նուարդ Զարեան ու­նի նաեւ դուստր մը, որուն հետ, ինչ­պէս կը նշեն ըն­տա­նի­քի բա­րե­կամ­նե­րը, Նուարդ Զա­րեան հա­յե­րէն կը խօսէր: 1996 թուա­կա­նին Սան­թա Մա­րի­նել­լա­յի հրա­պա­րակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, տեղ­ւոյն քաղաքապե­տին, բնակ­չու­թեան եւ հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան բա­ցու­մը կատարուե­ցաւ «Փոք­րիկ­նե­րուն շուրջ­պա­րը՝ չոր­ցած ծա­ռին շուր­ջ» Զա­րեա­նի խմբա­քան­դա­կին: Քան­դա­կը նուի­րուած էր 1982 թուա­կա­նին Սան­թա Մա­րի­նել­լա­յի լեռ­նա­սահ­քի վթա­րի ժամա­նակ զո­հուած­նե­րու յի­շա­տա­կին:
Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն Նուարդ Զա­րեան կապ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի հետ։ 1964 թուակա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է ա­նոր ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, եւ ան քսան­հինգ գործ նուի­րած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին։ Ի­տա­լա­հայ քանդակա­գոր­ծու­հիի երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է 1970 թուակա­նին: Տա­րի­ներ անց ան հրա­ւի­րուած է հայ­րե­նիք՝ աշ­խա­տե­լու Հա­յաս­տա­նը ներկայացնող «Մայ­րու­թիւ­ն» մե­ծա­ծա­ւալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ: Գլխա­ւոր պո­ղո­տա­յին վրայ տե­ղադ­րուե­լիք քան­դա­կի քա­րը ին­ք ընտ­րած է, բայց տե­ղադ­րու­մին ներ­կայ չէ եղած։ Հե­տա­գա­յին տե­ղեակ դար­ձած է, որ քան­դա­կը չէ զե­տե­ղուած: Իր եղ­բօր՝ Ար­մէն Զարեա­նի մտայ­ղա­ցու­մով Ե­րե­ւա­նի Գլխա­ւոր պո­ղո­տա­յին վրայ տե­ղադ­րուած պէտք է ըլլա­յին Նուարդ Զա­րեան-Չի­մա­րա քան­դա­կա­գոր­ծի ար­ձան­նե­րը: Սա­կայն այդ մէ­կը իրակա­նու­թիւն չդար­ձաւ:
Նուարդ Զա­րեան Ի­տա­լիոյ ժա­մա­նա­կա­կից քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան տա­ղան­դա­ւոր ներկայա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կն էր, որ մաս­նակ­ցած էր Վե­նե­տի­կի «Biennale»ին, Հռո­մի «Quadriennale»ին, եւ­րո­պա­կան ու մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, Հռո­մի «Piazza di Spagna» կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին յա­րա­կից «La Cassapanca» պատկերասրահի հիմ­նա­դիր տնօ­րէնն էր, այդ­պէս ալ հռչակ չվա­յե­լեց իր հայ­րե­նի­քին մէջ:
2005 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին Եւ­րո­պա­յի մէջ լոյս տես­նող հայ­կա­կան թեր­թե­րը հե­տե­ւեալ բո­վան­դա­կու­թեամբ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը տա­րա­ծե­ցին.
«Հռոմ, 2 Փետ­րուար 2005 թուա­կա­նի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11.00-ին Հռո­մի Սան­թ Անտ­րէա Յոյն Ուղ­ղա­փառ եկեղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը իտալահայ քան­դա­կա­գոր­ծու­հի Տի­կին Նուարդ Զարեանի, դուստ­րը՝ գրա­գէտ-բա­նաս­տեղծ Կոս­տան Զա­րեա­նի: Ներ­կայ էին զա­ւակ­նե­րը, ըն­տա­նե­կան պարա­գա­նե­րը, ա­րուես­տա­սէր բա­րե­կամ­ներ եւ հռոմահայ հա­մայն­քի ան­դամ­ներ: Թաղ­ման արարողութիւ­նը կը մա­տու­ցէր էջ­միած­նա­կան վարդապետ Հայր Ա­րէն Շահի­նեան, Իտա­լիոյ Հայ Առաքե­լա­կան հա­մայն­քի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ներկայութեամբ Վազ­գէն Ա­բե­ղայ Նանեանի:
«Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Հայր Ա­րէն իր քա­րո­զին մէջ մխի­թա­րա­կան խօս­քե­րով սփո­փեց հան­գու­ցեա­լին պարա­գա­ներն ու ներ­կա­նե­րը ա­նոր յի­շա­տա­կին ու հոգւոյն լու­սա­ւո­րու­թեան մաղ­թան­քով:
«Հուսկ, ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի Ի­րի­նա Լուտ­կո­վիչ, կարդաց հա­տուած­ներ ա­րուես­տի մեկ­նա­բան Մա­րիօ Վենթու­րո­լա­յի՝ Նուարդ Զա­րեա­նի ա­րուես­տին նուի­րուած գրքի նա­խա­բա­նէն. այդ­տեղ հա­րա­զատ կեր­պով նկա­րագ­րուած էր Զա­րեա­նի անհատականու­թիւ­նը՝ ակ­նար­կե­լով թէ՛ ան­ձին, թէ՛ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն եւ թէ կեան­քին, որ դրոշ­մուած էր լա­ւա­տե­սու­թեամբ եւ ե­րի­տա­սարդ հո­գիով:
«Ա­պա հա­յե­րէ­նով խօսք ա­ռաւ Հռո­մի եւ Լա­ցիո­յի Հայ հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի Տի­կին Սե­դա Մար­թա­յեան: Ան անդ­րա­դար­ձաւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Զարեանի կեան­քի գլխա­ւոր հանգրուան­նե­րու­ն»:
Այս­պէս, տա­սը տա­րի ա­ռաջ Ի­տա­լիոյ մէջ ա­ւար­տե­ցաւ Զա­րեան նշա­նա­ւոր ըն­տա­նի­քի նոյն­քան նշա­նա­ւոր դստեր երկ­րա­յին կեան­քը:
Նուարդ Զա­րեա­նի քան­դակ­նե­րէն են «Ա­րե­ւին նա­յող կի­նը», «Նստած կի­նը», «Ցանկապատի ե­տի­ն»: Իր գոր­ծե­րը կը պա­հուին Ի­տա­լիոյ, Լի­բա­նա­նի թան­գա­րան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ «Կիւլ­պէն­կեա­ն» հա­ւա­քա­ծո­յի մէջ:
Այ­սօր, երբ Հա­յաս­տա­նը կը գտնէ եւ կը գուր­գու­րայ հայ ա­րուե­սա­գէտ­նե­րու ձեռ­քե­րով պատ­րաս­տուած գոր­ծե­րուն, հայ միտքին պատ­կա­նող աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ հպար­տու­թեան ա­ռար­կայ կը դարձ­նէ զա­նոնք, այդ ո­րո­նում­նե­րուն մէջ օր մը երկիրը հա­ւա­նա­բար կը վե­րյի­շէ նաեւ Նուարդ Զա­րեա­նի ա­նու­նը, իբ­րեւ ան­ցեալ դա­րուն ծնած եւ եր­կար ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեանք ու­նե­ցած հայ մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­գէտ:

«Ժամանակ», 6 Օգոստոս 2015

No comments:

Post a Comment