8.2.16

Նամակ մը «Ժամանակ»ին՝ 101 տարի առաջ



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ամերիկայի հայոց արեւելեան թեմին կից «Զօհրապ» տեղեկատուական կեդրոնը (Նիւ Եորք) պահուող թղթակալ մը կը պարունակէ «Ամէնուն Տարեցոյց»ի նշանաւոր հրատարակիչին՝ Թէոդիկի (1873-1928), եւ իր նուազ ծանօթ մտերիմ գրասէր ընկերոջ՝ Սարգիս Սաքաեանի վերաբերող կամ անոնց կողմէ հաւաքուած անտիպ նամակներու եւ այլ նիւթերու լուսապատճէններ։ Անշուշտ, մանրամասնութիւններ չկան, թէ ինչպէ՞ս մէկտեղուած են այդ տարաբնոյթ նիւթերը, որոնցմէ մէկ քանիին քաղուածքները լոյս տեսած էին ժամանակին տարեցոյցին մէջ եւ թերեւս այլուր, բայց բնագիրները ցարդ կը մնային անյայտ։ Կարելի չէ եղած պարզել նաեւ, թէ լուսապատճէնները ի՞նչ ճանապարհով Նիւ Եորք հասած են եւ թէ բնագիրները ի՞նչ ճակատագրի արժանացած են։ Այդ թղթակալին պարունակութեան ծանօթանանլէ ետք, տարբեր առիթներով անոր նիւթերուն մէկ մասը հրատարակած ենք մամուլին մէջ։ Հրատարակութեան սպասող գրութիւններուն շարքին է ստորեւ հրատարակուող նամակը, որ կը պատկանի Յարութիւն Ալփիարի գրիչին։ 
Շնորհակալական այս նամակը երկու առանձնայատկութիւն ունի։ Առաջին հերթին՝ գրուած է 101 տարի առաջ՝ 1915ի Ամանորի նախօրեակին։ Երկրորդ՝ ուղղուած է «Ժամանակ»ի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանին (1867-1926), որ թերթին արտօնատէրն ու հրատարակիչը եղած է միւս հիմնադրին՝ Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ, 1863-1913) մահէն ետք, 1913-1926 թուականներուն։ Հաշուի առնելով զոյգ պարագաները, նպատակայարմար գտանք այս նամակը հրատարակել «Ժամանակ»ի ամանորեան բացառիկին մէջ՝ ընդառաջելով խմբագրութեան կողմէ աշխատակցութեան հրաւէրին։ 
Յարութիւն Ալփիար (1864-1919) կը պատկանի երգիծանքի յատուկ մէկ հոսանքին, որ ծաղկած է ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին, եւ որ օրուան ճաշակին համապատասխան կը քալէր՝ առանց բարոյախօսական ծանր յաւակնութիւններու։ Ան մշակած է ֆրանսական թեթեւ գրականութեան համապատասխան սեռ մը՝ ֆանթէզին (fantaisie)։ Մայիս 1913ին, ֆրանսացի գրագէտ Թրիսթան Տըրէմ (Tristan Derème) կը գրէր. «Պէտք է սահմանել ֆանթէզին եւ առաջադրել, որ ան անոյշ անկախութեան ձեւ մըն է, երբեմն՝ մելամաղձոտ կերպարանքով մը, որ կը քօղարկէ երկդիմի ժպիտ մը»[1]։ Պատահական չէ, անշուշտ, որ Ալփիարի երախայրիքը՝ «Առաջին անգամը» (1908), «Ֆանթէզի նորավէպ» ենթավերնագիրը կրած ըլլայ, իսկ երրորդ հատորը, որ սովորաբար կը յիշուի գրական պատմութեան մէջ, արդէն «Ֆանթազիօ» վերնագրով լոյս տեսած է 1913ին։ Ռուտոլֆ Սամիկեան՝ Պարոնեանի եւ Ալփիարի բաղդատականը ընելով 1911ին, կը գրէր, թէ վերջինս «աւելի modern[e], աւելի նրբացած, հետեւած է (...) պաճուճազարդ ու խաբուսիկ գրականութեան, որ “սիկառէթի մը լայն ծուխին պէս կը ցնդի” ինչպէս գրած է Պրիւնթիէռ, բայց այս ծուխը մինչեւ որ անհետանայ, մեր աչքին առջեւ կը պարզէ ցնորական, ծաղրական եւ այլանդակ մարդապատկերներու ուրուագիծերը»[2]։ Սամիկեանի դիտողութիւնը արդէն ցոյց կու տար Ալփիարի գրականութեան անցողակի բնոյթը. «Զուարթացուցիչ ու զովացուցիչ գրականութի՞ւն մը։ Ինչո՞ւ չէ։ (...) [Ի]նչո՞ւ չի ճանչնանք, թէ չի հաւատանք թէ զուարթ ու աշխարհիկ գրականութիւն մը Ալփիարի կողմէ մշակուած այնքան ճարտարօրէն ու այնքան արժանօրէն»[3]։ Եւ սակայն, ինչպէս որ համաշխարհային առաջին պատերազմը պիտի գար իրար խառնելու գրականութեան բոլոր ըմբռնումները, նոյնը պիտի պատահէր պոլսահայ ու արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Ալփիար 55 տարեկան հասակին մահացած է Պոլիս, 1919ի առաջին ամիսներուն, ու անոր անունը, եթէ չհաշուենք 1986ին Պէյրութ լոյս տեսած «Արձակ-համարձակ» վերնագրով ժողովածուին հրատարակութիւնը,  լրիւ մոռցուած է մեր գրականութեան մէջ։ 
Յ. Ալփիար ծանուցումի մը մասին կը խօսի, զոր «Ժամանակ» սիրայօժար հրատարակած է, բնականաբար՝ ի վարձատրութիւն անոր աշխատակցութեան։ Կ՚ենթադրենք, թերթի 1914ի հաւաքածոն ձեռքի տակ չունենալով, որ ծանուցումը նախորդ տարի լոյս տեսած հատորին՝ «Ֆանթազիո»յի վաճառքին կը վերաբերէր։ Նկատի ունենալով որ թերթի 1914ի բացառիկին հրատարակիչը Թէոդիկը եղած է, պարզ կը դառնայ, որ յետգրութեան մէջ ակնարկուած է «Ժամանակ»ի 1915ի Կաղանդի բացառիկին։  
Չենք գիտեր, սակայն, թէ արդեօք ո՞ր թերթը երախտամոռ եղած է Ալփիարի հանդէպ ու չէ յօժարած ծանուցումը տպել՝ վերջինիս բազմազան աշխատակցութեան փոխարէն, ինչ որ ցասում պատճառած է հիւանդանոց պառկած գրագէտին։ 
Ժամանակները փոխուած են, բայց ոչ անպայման բարքերը։
  
·          
Ազգ. Հիւանդանոց
28 Դեկտ. 1914
Սիրելի Գօչունեան էֆէնտի,
            Ապերախտութիւն պիտի ըլլար իմ կողմէս, եթէ չի փութայի իմ անկեղծ եւ խորունկ շնորհակալութիւններ[ս] ձեզ յայտնել, այն խնամատարութեան համար որով ծանուցումս կը հրատարակուի կոր մեր պատուական «Ժամանակ»ի մէջ։
Ձեր այս կարեկից հաճոյակատարութիւնը կրկին արժէք կ[ը] ստանայ աչքիս, երբ կը տեսնեմ ուրիշ լրագրապետ մը որ հակառակ՝ իր թերթին տարուան մէջ 20-25 յօդուածներ տուած ըլլալուս, իր սովորական հէրկէլէութեամբ՝ ցայսօր անգամ մը իսկ չի տպեց։
Իր այս ըրածը պատճառ պիտի ըլլայ որ այսուհետեւ իր թերթը ինծի համար գոյութիւն չունենայ։
«Այսօր ինծի, վաղը՝ քեզի» գրուած է կաթոլիկ մեռելներու վրայ դրուած զուխային վրայ։
Անկասկած լրագրապետս Համիտէն աւելի զօրաւոր եւ աւելի հարուստ չէ։
Կը յուսամ որ պիտի բարեհաճիք ծանուցումս շարունակել, մինչեւ ծնունդ, այդ ակնկալութեամբ։
Կը մնամ՝ միշտ երախտապարտ։
                                                                                                Յ. ԱԼՓԻԱՐ
         
Յ.Գ.- Կաղանդի իր թիւին համար գրած յօդուածս արդէն ղրկած եմ Թէոդիկին։
 

[1]Philippe Kekus et Antoine Piantoni, “Fantaisie et histoire littéraire”, 6 Octobre 2015 (www.fabula.org)։
[2]Ռ. Սամիկեան, «Յ. Ալփիար», Հայ գրականութիւն, թիւ 4, 1/14 Հոկտեմբեր 1911, էջ 25։
[3]Անդ, էջ 22։

«Ժամանակ», 31 Դեկտեմբեր 2015

No comments:

Post a Comment