20.2.16

Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան 50ամեակի յոբելինական հանդիսութիւն Լոնտոնի մէջ

Յու­նուա­րի 25-ին, Հա­յա­գի­տա­կան Ուս­մանց Ծրա­գի­րը պա­տի­ւը ու­նե­ցաւ կազ­մա­կեր­պե­լու Գրի­գոր Պըլ­տեա­նի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան 50-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը։ Գրի­գոր Պըլ­տեան ան­ձամբ ներ­կայ գտնուե­ցաւ եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ հան­դի­սու­թեան, իրողութիւն մը, որ Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց ծրագ­րին հա­մար ե­ղաւ յատ­կա­պէս յիշատակելի։
Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Հա­յա­գի­տա­կան Ուս­մանց Ծրագ­րի ղե­կա­վար Գրի­գոր Մոսկոֆեան։ Ան հիա­ցու­մով խօ­սե­ցաւ Պըլ­տեա­նի գրա­կա­նու­թեան մա­սին, որ կրցած է անց­նող յի­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պա­հել իր «թար­մու­թիւ­նը»։ Մոս­կո­ֆեան խօ­սե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան վրայ Պըլ­տեա­նի ու­նե­ցած դրա­կան ազ­դե­ցու­թեան մա­սին, աւելցնելով, որ ան անդ­րան­ցած է մեր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ գրա­կա­նու­թեան արտայայտչամի­ջո­ցի եւ ի­մաս­տի սահ­մա­նա­գի­ծե­րը։ Այս ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին նաեւ երի­տա­սարդ գրող Քրիս­տիան Բա­տի­կեան, որ Պըլ­տեա­նի հին գոր­ծե­րէն ըն­թեր­ցեց, եւ Մոն­րէա­լէն Րաֆ­ֆի Ա­ճէ­մեան, որ ղե­կա­վա­րեց այս զրոյց-հան­դի­պու­մը։ Հարկ է նշել, որ Աճէ­մեան տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձած է Պըլ­տեա­նի գրա­կա­նու­թեան։ Այս ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ SOAS-ի (Լոն­տո­նի հա­մալ­սա­րան) Խա­լի­լի սրա­հին մէջ։
Րաֆ­ֆի Ա­ճէ­մեան ար­տա­յայ­տեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը մաս­նակ­ցե­լու այն­պի­սի իրադարձութեան մը, ուր ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւն կամ ուղ­ղու­թիւն չէր քարո­զուեր կամ փա­ռա­բա­նուեր։ Ան նշեց, թէ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցող նմա­նա­տիպ հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ուր կը նշուի գրո­ղի մը գոր­ծու­նէու­թեան յոբելեա­նը, ընդ­հան­րա­պէս թա­քուն կամ բա­ցա­յայտ կապ մը կ՚ըլ­լայ գրո­ղին եւ տուեալ քաղա­քա­կան խմբակ­ցու­թեան մի­ջեւ։ Իսկ այս հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին այս­պի­սի յաւակնու­թիւն­ներ չկա­յին. այլ կա­յին Պըլ­տեա­նի գոր­ծե­րը գնա­հա­տող եւ ըն­թեր­ցող ներկաներ։ Ա­ճէ­մեան Գրի­գոր Պըլ­տեա­նի գոր­ծե­րուն վրայ ընդ­հա­նուր ակ­նարկ մը նե­տեց, նշե­լով ա­նոր կրած ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, եւ անդ­րա­դար­ձաւ այն պատ­ճառ­նե­րուն, զորս դրդեցին Պըլ­տեա­նը գրե­լու զինք շրջա­պա­տող աշ­խար­հին մա­սին։
Ա­պա Րաֆ­ֆի Ա­ճէ­մեան սկսաւ զրոյ­ցի մը Պըլ­տեա­նի հետ։ Ան Պըլ­տեա­նին հար­ցուց իր կող­մէ «պար­զա­մի­տ» դա­սուող հար­ցում մը, սա­կայն ա­տի­կա օ­րուան հիւ­րին հար­ցուե­լիք ա­մե­նէն պատ­շաճ հար­ցումն էր. «Ե՞րբ, ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞ւ ո­րո­շու­մ տուիք գրե­լու»։ Պըլ­տեան յստակ թուա­կան մը տուաւ՝ 1965-ի Ապ­րի­լը։ Այդ թուա­կա­նին Պըլ­տեան կը յա­ճա­խէր լիբանա­նա-ֆրան­սա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը (Lycռe franco-libanais), որ Պըլ­տեա­նի հա­մար նոր եւ ան­ծա­նօթ մի­ջա­վայր մըն էր։ Ան միակ հայ ու­սա­նողն էր դա­սա­րա­նին մէջ։ Այս շրջա­նին է, որ ան կը հան­դի­պի Մի­շէլ Ռի­պո­նին, զոր Պըլ­տեան կը նկա­րագ­րէ որ­պէս փի­լի­սո­փա­յու­թեան հիա­նա­լի ու­սու­ցիչ։ Պըլ­տեան Ռի­պո­նին կը վե­րագ­րէ գրող դառ­նա­լու իր ներշն­չու­մը։ Ինք ու­զած էր մաս­նա­ւո­րա­պէս փի­լի­սո­փա­յու­թեան գրող դառ­նալ։ Ռի­պոն շատ կը խօ­սէր ֆրան­սա­ցի բա­նաս­տեղծ, գրող եւ փի­լի­սո­փայ Փոլ Վա­լե­րիի մա­սին, հետեւա­բար Պըլ­տեան նշեց, որ իր ա­ռա­ջին գրա­կան փոր­ձե­րը մե­ծա­պէս ազ­դուած էին անկէ։
Ա­ճէ­մեա­նի երկ­րորդ հար­ցու­մը կը վե­րա­բե­րէր Պըլ­տեա­նի ընտ­րած գրա­կան լե­զուին. «Ինչպէ՞ս ո­րո­շե­ցիք հա­յե­րէ­նով գրե­լ»։ Ան պա­տաս­խա­նեց ը­սե­լով, թէ իր մտքէն բնաւ չէր ան­ցած ու­րիշ լե­զուով գրել, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հա­յե­րէ­նով գրե­լու ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած է Փա­րիզ գտնուած ժա­մա­նակ։ Այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին է, որ ան ծա­նօ­թա­ցած է Յա­կոբ Օշա­կա­նի գոր­ծե­րուն՝ նախ գրաքն­նա­դա­տա­կան ժան­րին։ Պըլ­տեան խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ այդ ժա­մա­նակ զար­մա­ցած էր տես­նե­լով, թէ այդ­քան խո­րունկ եւ բարդ մտքեր կա­րե­լի էր ար­տա­յայ­տել հա­յե­րէ­նով։ Պըլ­տեան նաեւ նշեց Վա­հան Թէ­քէեա­նը, ո­րուն գոր­ծե­րը ան նախա­պէս պարզ ու ան­հե­տաքրք­րա­կան գտած էր, բայց ա­ւե­լի ուշ անդ­րա­դար­ձած էր, թէ Թէ­քէեան մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուի գրա­կան զար­գա­ցու­մին վրայ։ Պըլ­տեան անդ­րա­դար­ձաւ իր յա­ճա­խած հայ­կա­կան դպրո­ցի ու­սու­ցու­մին թերութիւններուն. ա­շա­կերտ­նե­րը չէին խրա­խու­սուեր կար­դա­լու «դժուա­ր» գրող­ներ եւ անոնց չէին սոր­վեց­ներ գրա­կան օ­րէնք­նե­րուն մա­սին։ Այս մէ­կը ու­սու­ցիչ­նե­րուն տուեալ նիւ­թին մէջ ու­նե­ցած ան­գի­տու­թեան ար­դիւնքն էր։ Պըլ­տեան ակ­նար­կեց, թէ հայ գրականու­թեան եւ գրե­լու ա­րուես­տին տի­րա­պե­տե­լու հա­մար հարկ էր ձե­ւով մը «ինքնուսոյ­ց» ըլ­լալ։ Ա­ճէ­մեան նշեց, թէ այդ տա­րի­նե­րուն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ գրե­լը տա­րա­ծուած էր, ե­րե­ւոյթ մը, որ կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ այ­սօր։ Պըլ­տեան պա­տաս­խա­նեց ը­սե­լով, թէ գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն հա­յե­րէ­նով բանաստեղծութիւն­ներ գրե­լը շատ դժուար կը սե­պէր, քա­նի որ դեռ ամ­բող­ջո­վին չէր տիրա­պե­տեր լե­զուին։ Ան յի­շեց, թէ ինչ­պէս կը նստէր ու ժա­մե­րով կը սպա­սէր որ ներշնչուի...։ Հա­յե­րէն լե­զուին չտի­րա­պե­տե­լէն եւ հա­յե­րէ­նով փոր­ձա­ռու­թիւն մը չու­նե­նա­լէն բա­ցի, Պըլ­տեան ոչ ոք ու­նէր ի­րեն տա­ղա­չա­փու­թիւն սոր­վեց­նող։ Ան ա­ռան­ձին կը սոր­վի այս բո­լո­րը, նախ գիր­քե­րու մի­ջո­ցաւ, ա­պա լե­զուին հետ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի աշ­խա­տե­լով, ծանօ­թա­նա­լով նաեւ ա­նոր ձայ­նե­րուն ու կշռոյթ­նե­րու բնոյ­թին։
Պըլ­տեան ա­պա խօ­սե­ցաւ իր անձ­նա­կան գրա­կան ո­ճի զար­գա­ցու­մին մա­սին։ Գրե­լու ժամա­նակ ան ինքն ի­րեն սահ­ման­ներ եւ ա­ռա­ջադ­րանք­ներ կը դնէր՝ նա­խա­դա­սու­թեան կա­ռու­ցուած­քին եւ բա­ռե­րուն հետ խա­ղա­լով։ Այս մէ­կը ան սոր­ված էր Փոլ Վա­լե­րիէն։ Օրինա­կի հա­մար, Պըլ­տեան կը փոր­ձէր քա­նի մը տող գրել խու­սա­փե­լով տուեալ ձայ­նա­ւոր մը գոր­ծա­ծե­լէ։ Այս մէ­կը նպա­տա­կա­յար­մար վար­ժու­թիւն մըն է, որ­պէս­զի գրե­լը ըլ­լայ ա­ւե­լի դժուար ա­ռա­ջադ­րանք մը եւ որ­պէս­զի լե­զուի տի­րա­պե­տու­մը ա­ւե­լի ամ­րա­նայ։ Նշեց, թէ այս­պի­սի ծան­րա­բեռ­նու­մը կա­րե­լի է ան­շուշտ միայն այն ժա­մա­նակ՝ երբ լե­զուի տիրապե­տու­թիւ­նը ո­րոշ մա­կար­դա­կի ար­դէն հա­սած է։
Ա­ճէ­մեան նշեց, թէ Պըլ­տեան ար­դէն գրած է, որ գի­տէր, թէ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ի՞նչ չէ. Պըլ­տեան թուեց լե­զուի տե­սակ­ներ, ո­րոնք ըստ ի­րեն՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն չեն հա­մա­րուիր. ա­սոնք են՝ նկա­րագ­րա­կան, հայ­րե­նա­սի­րա­կան, հռե­տո­րա­կան եւ նար­կի­սա­կան­։ Բանաստեղ­ծու­թեան մէջ Պըլ­տեա­նի ա­ռաջ­նա­կարգ նպա­տակ­նե­րէն է ջնջել «ե­ս­»ը։ Բառերու խա­ղի վար­ժու­թիւ­նը Պըլ­տեա­նի հա­մար պար­զա­պէս զուար­ճանք չէր, այլ մի­ջոց մը լե­զուին տի­րա­պե­տե­լու մին­չեւ ա՛յն աս­տի­ճան, որ «ե­ս­»ը ել­լէր գրու­թեան մէ­ջէն։ Ա­սոնք ե­ղան վար­ժու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րեն ա­ռիթ տուին հե­տա­գա­յին ա­ւե­լի ա­զատ արտայայտուելու՝ ա­ռանց ա­պա­ւի­նե­լու «ե­ս­»ին, որ­պէս ներշն­չու­մի աղ­բիւր։ Գրե­լու հմտութիւ­նը զար­գաց­նե­լու հա­մար պէտք է աշ­խա­տիլ մտքին, զգա­ցում­նե­րուն եւ լե­զուին վրայ։ Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն գրե­լու գե­րա­գոյն նպա­տա­կը մտքի եւ լե­զուի հաշ­տե­ցումն է։
Պըլ­տեան շա­րու­նա­կեց անդ­րա­դառ­նալ իր գրա­կան գոր­ծե­րուն պատ­մու­թեան՝ խօ­սե­լով բա­նաս­տեղ­ծա­կան, գրաքն­նա­դա­տա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, մանտ­րա­նե­րուն եւ «պա­տու­մ»­նե­րուն մա­սին։ Պըլ­տեան բա­ցա­յայ­տեց «պա­տու­մ­»ի իր հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը (որ կու գայ «պատ­մե­լ» բա­յէն, նաեւ ար­մատն է «պատ­մու­թիւ­ն» բա­ռին)։ Ան գրա­կան այս ո­ճը զա­նա­զա­նեց վէ­պէն, այս վեր­ջի­նը հա­մա­րե­լով ա­ւե­լի մեծ գործ, որ կը հիմ­նուի նիւ­թի մը վրայ եւ ան­պայ­ման պէտք է հե­րոս մը ու­նե­նայ։ Իսկ «պա­տու­մ­»ը մտա­ծե­լա­կերպ մըն է, որուն ընդ­մէ­ջէն խնդիր մը կ՚ա­ռա­ջադ­րուի։ Գրու­թիւն մը, որ յստակ խնդիր մը չու­նի՝ պարզա­պէս կը դառ­նայ պատ­մու­թիւն մը, եւ այս մէ­կը չի կրնար «պա­տու­մ» սե­պուիլ։ Պատ­մու­թիւն մը պար­զա­պէս պատ­մե­լը կամ նկա­րագ­րե­լը չի հե­տաքրք­րեր զինք. «պատում­»ին մէջ խնդիր մը կամ հարց մը պէտք է խու­զար­կուի։
Պըլ­տեան հաս­տա­տեց պատ­կե­րի մը կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը. Ա­րիս­տո­տէլ ը­սած է, թէ մարդ չի կրնար մտա­ծել ա­ռանց պատ­կե­րի։ Պատ­կե­րը այն կերպն ու տեսքն է, ո­րուն մի­ջո­ցով մարդ կը մտա­ծէ։ «Պա­տու­մ­»ին նպա­տակն է կեանք տալ պատ­կե­րին։ Պատ­կե­րը նա­խա­պէս «սառա­ծ» է, «պա­տու­մ»ն է, որ շունչ ու կեր­պա­րանք կու տայ ա­նոր։ Պըլ­տեան կը շեշ­տէ, որ գրե­լու ժա­մա­նակ մարդ պէտք չէ պատ­կե­րին գե­րին դառ­նայ ու պէտք չէ ա­նոր յանձ­նուի...։
Ձեռ­նար­կի փա­կու­մին, Պըլ­տեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Գրի­գոր Մոս­կո­ֆեա­նին՝ այս յո­բե­լեա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար։ Պըլ­տեա­նի հա­մար խնդրա­յա­րոյց էր այս ձեռնարկը գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան «50-րդ յո­բե­լեա­ն» ա­նուա­նե­լը. ան պի­տի նա­խընտ­րէր զայն կո­չել հան­դի­պում մը, ո­րուն նիւ­թը գրա­կա­նու­թիւնն էր։
Հա­յա­գի­տա­կան Ուս­մանց Ծրա­գի­րը պա­տի­ւը ու­նե­ցաւ նման ձեռ­նարկ մը կազմակերպելու, հա­ճոյ­քը ու­նե­նա­լով ան­ձամբ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գրի­գոր Պըլ­տեա­նը եւ լսելու իր իսկ կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան քննար­կու­մը։

«Նոր Յառաջ», 20 Փետրուար 2016

No comments:

Post a Comment