29.7.16

Հալէպի «Գանձասար»ը արժանի է ամէն գնահատանքի եւ յարգանքի

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
 
Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ եւ պատուաւոր տեղը պիտի գրաւէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը, քանի մը պատճառներով: Նախ՝ որ Սուրիոյ մէջ մամուլը ընդհանրապէս պետական հակակշռի տակ ըլլալով, որեւէ թերթի արտօնութիւն դժուար ձեռք կը ձգուէր, եթէ չըսեմ՝ արգելքի կը հանդիպէր, եւ անշուշտ ասիկա իր պատճառները ունէր: Տասնամեակներէ ի վեր որեւէ հայկական օրաթերթ, կամ պարբերաթերթ չէր հրատարակուեր Սուրիոյ մէջ, սակայն հալէպահայ համայնքին պետութեան կողմէ վայելած վստահութիւնը պատճառ դարձաւ, որ թերթը բացառիկ կարգով արտօնութիւն ստանայ, որպէս Բերիոյ թեմի պաշտօնաթերթ եւ անխափան եւ կանոնաւոր հերթականութեամբ շարունակուի մինչեւ օրս:
Իսկ երկրորդ եւ աւելի շեշտուած, քանի որ Սուրիոյ պատերազմի հինգ տարիներու ընթացքին եւ Հալէպի դժոխային պայմաններուն մէջ, ան շարունակեց գոյատեւել, քաղաքին մէջ ՄԻԱԿ հրատարակուող թերթը ըլլալով, երբ նոյնիսկ պետական թերթեր կանգ առած են, ելեկտրական հոսանքի բացակայութեան, թուղթի, տպագրութեան անհամեմատ սուղ գիներուն եւ քաղաքի անապահովութեան պատճառով:
Թերթը շարունակութիւնն էր իր նախորդին, որ հիմնուած էր 1978-ին՝ «Օշական» անունով, որ պարբերաթերթ էր եւ որմէ տարեկան 4-6 թիւ լոյս կը տեսնէր: 1991-էն սկսեալ կոչուեցաւ «Գանձասար», որպէս երկշաբաթաթերթ, իսկ 1993-էն ի վեր՝ որպէս շաբաթաթերթ եւ դարձաւ սուրիահայութեան միակ խօսափողը, եթէ նկատի չառնենք հատ ու կենտ հրատարակուող միութենական, դպրոցական, կամ այլ պարբերական հրատարակութիւնները, որոնք երբեմն որպէս տարեգիրք կը տպուէին եւ որոնք ընդհանրական բնոյթ չունէին, այլ հրատարակիչ կազմակերպութեան լուրերով հանդէս կու գային եւ նեղ շրջանակի մէջ կը տարածուէին:
«Գանձասար»-ը շաբաթաթերթի մը պահանջած բոլոր տուեալները ունէր եւ այդպէս ալ կը շարունակուի ցարդ, կլոր տարին ընթերցող հասարակութեան սեղանին դնելով 53-54 թիւ, իսկ իւրաքանչիւր ամանորի կը հրատարակէ բաւական ծաւալուն եւ ատօք «Բացառիկ» մը, նմանապէս ալ լոյսին կը բերէ Ապրիլեան յաւելուած մը, նուիրուած ցեղասպանութեան տարելիցին, որուն մէջ մէկտեղուած կ՚ըլլան Մեծ Եղեռնին հետ առնչուող քաղաքական վերլուծողական, գրական եւ պատմական յօդուածներ:
25 տարիներու երկայնքին ԳԱՆՁԱՍԱՐԸ յաջորդաբար խմբագրած են Խաժակ Մկրտիչեան , Մարի Մերտխանեան, Խաչիկ Շահինեան եւ վերջին եrեք տարիներուն, 2014-էն ի վեր, Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պողիկեան։ (Հետաքրքրական եւ միեւնոյն ատեն ոչ-սովորական երեւոյթ է չորս խմբագիրներէն երկուքին կին ըլլալը, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ եւ մակարդակով կատարած են իրենց վստահուած առաքելութիւնը):
Այժմ, պատկառելի 20 էջանի դարձած այս թերթին առաջին էջը տրամադրուած ըլլալով Սուրիոյ եւ միջազգային քաղաքական լուրերուն, յաջորդող էջերը կ՛ընդգրկեն խմբագրական մը, օրուան թէժ ազգային-քաղաքական հարցերու վերլուծումներով, թերթին եւ անշուշտ թերթը հովանաւորող կազմակերպութեան տեսակէտը փոխանցող: Յաջորդաբար լուրեր հայաշխարհէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն, ապա ազգային, քաղաքական, վերլուծական յօդուածներ, Հայ Դատի աշխատանքներու մասին անդրադարձ, գրական-գեղարուեստական էջեր, որոնք կը շարունակեն հիւրընկալել սուրիահայ եւ սփիւռքի ծանօթ գրողներ, ինչպէս նաեւ բժշկա-առողջապահական, կանանց նուիրուած, մարզական, ժամանցի եւ այլ էջեր:
Յատկանշական է, որ խմբագրութիւնը կարեւորութիւն ընծայելով նորահաս սերունդի կրթա-դաստիարակչական կարիքներուն, 1995-էն ի վեր թերթը օժտեց մանկական 4 էջերէ բաղկացած, նկարազարդ ներդիրով մը՝ «Կկու» անունով, որուն գալուստը ամէն շաբաթ անհամբերութեամբ կը սպասեն դպրոցական փոքրիկներ. (Ես, օրինակ, դրացիիս թոռնիկին, որպէս բարենիշ, խաղալիքի կամ քաղցրեղէնի փոխարէն «Գանձասար»-ի «Կկու»-ները կու տայի, եւ ան մեծ ուրախութեամբ կ՛առնէր ձեռքէս, կը նստէր ու կը սկսէր կարդալ): Այս մանկական յաւելուածը սկիզբը որպէս խմբագիր ունեցած է Այտա Մինասեանը , ապա 19 տարիներէ ի վեր անոր խմբագրութիւնը հետեւողականօրէն կը կատարէ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան (դարձեալ իգական սեռի խմբագիրներ...):
«Գանձասար»-ի հիմնական նպատակը եղած է պահպանել լեզուն, մտնել ամէն հայու տուն եւ խրախուսել ընթերցասիրութիւնը, արծարծել համահայկական գերխնդիրներ եւ մէկտեղել տարբեր կարծիքներ, կիզակէտ ունենալով Հայրենիքը, եւ նորահաս սերունդին մէջ վառ պահել հայրենասիրութիւնը: Նպատակներ՝ որոնք թուղթի վրայ չեն մնացած, այլ դարձած են իրականութիւն:
Սուրիական պատերազմի Հալէպի դժոխային օրերուն, երբ թերթին խմբագրատունը քանիցս թիրախ դարձաւ ռմբակոծումներու, ստիպուած աւելի ապահով վայրեր ապաստանեցաւ խմբագրական կազմը, մինչեւ իսկ խմբագրական աշխատանքները կատարուեցան տունէն: Անողոք ռմբակոծութեան զոհ գնաց թերթին ցրուիչըՙ Վրէժ ճապաղջուրեան, սակայն հակառակ այս բոլորին, առանց շաբաթ մը իսկ ուշացումի, թերթը տպարանէն դուրս եկաւ ու հասաւ ընթերցողներուն կանոնաւորաբար ամէն ուրբաթ առաւօտ, իր գունատիպ զգեստով եւ լեցուն պարունակութեամբ, հակառակ որ տպարանի շէնքն ալ բազմաթիւ անգամներ քանդումի ենթարկուեցաւ դաժան եւ անկասելի ռմբակոծումներու պատճառով:
«Գանձասար»-ի լուրերը ոչ միայն շաբթէ-շաբաթ տպուելով կը հասնին ժողովուրդին, այլ պատերազմին, ռմբակոծումներուն, եւ շտապ-օգնութեան մարմնին թէժ լուրերը օրը-օրին կը փոխանցուին համացանցի եւ դիմատետրի էջերուն միջոցով, քանի որ թերթը ունի նաեւ իր համացանցային տարբերակը, որուն պատճառով տպագիր թերթին եւ համացանցային տարբերակին ընթերցողներուն թիւը հասած է 18.000 պատկառելի թիւին (www.kantsasar.com):
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ թերթը երկու անգամ արժանացած է «Սփիւռքի լաւագոյն լրատուամիջոց» մրցանակին:
Հայ պարբերական մամուլի ճամբան յաճախ քարքարուտ ու վտանգալից, սակայն, ի հեճուկս անոր դէմ ցցուած դժուարութիւններուն, իրենց ազգանուէր առաքելութեան գիտակից խմբագիրներ ու հրատարակիչներ, կուրծք տալով տարատեսակ սպառնալիքներու, շարունակած են կենսունակ պահել անոր զարկերակը, ի փառս հայ գիրին ու միտքին: Եւ ահա այսօր նոյն ճակատագիրը կը դիմագրաւէ «Գանձասար»-ը:
Մամուլը, որ կոչուած է «Չորրորդ իշխանութիւն», ի զուր տեղ չէ արժանացած այդ անուանումին, մասնաւորաբար նոր ժամանակներուն մէջ անոր ունեցած ճակատագրական դերը անառարկելի է. իսկ հայ մամուլի պարագային՝ անոր դերը քիչ մը աւելի շեշտուած, յատկապէս երբ իր պատմութեան ընթացքին խախտած են առաջին երեք իշխանութիւնները:
Այս բոլորէն ետք, ինչպէ՞ս չխոնարհիլ «Գանձասար»-ի հերոսական գոյերթին դիմաց, ինչպէ՞ս չհամբուրել ճակատը խմբագրուհիին եւ աշխատակիցներուն, յատկապէս որ այս տարին անոր արծաթեայ յոբելեանն է:

«Ազգ», 29 Յուլիս 2016

No comments:

Post a Comment