Քանի որ մեր խմբագրատան մէջ են Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացքներու դասարանները, յաճախ առիթը կ՚ունենանք մասնակիցներուն հետ զրուցելու։ Կը զրուցենք նաեւ իրենց դասախօսներուն՝ Նարեկի, Սարինի, Սեւանի հետ։ Թէ՛ մասնակիցները եւ թէ՛ դասախօսները ոգեւորուած են շարունակուող աշխատանքէն։
Ուսուցիչներու ոգեւորութեան գլխաւոր պատճառը մասնակիցներուն անյագ պապակն է հայերէնին տիրապետելու համար։ Իսկ մասնակիցները մեծ ուրախութեամբ կը պատմեն դասախօսներու նուիրումին մասին։ Անոնց մէջ կան ակադեմականներ, որոնք իրենց ցարդ շարունակուող կամ ապագայի ծրագիրներուն համար անհրաժեշտութիւն մը կը համարեն հայերէնի իմացութիւնը։ Ոմանք վերջին քաղաքական զարգացումներուն պատճառաւ ստիպուեցան դասընթացքը կիսատ թողուլ ու վերադառնալ իրենց համալսարանները։ Բարձրագոյն Ուսման Խորհուրդը (YÖK) շրջաբերականով մը ետ կանչեց համալսարաններու բոլոր այն գիտաշխատողները կամ դասախօսները, որոնք ամառուան արձակուրդի բերմամբ հեռացած էին իրենց պաշտօնավարած համալսարաններէն։ Իսկոյն անոնց համար դասաւորուեցաւ «Skype»ի դրութիւն, որպէսզի իրենց գտնուած քաղաքներուն մէջ կարենան հետեւիլ դասաւանդութեան։
Այս զարգացումներուն լոյսին տակ ակամայ կը տարուիմ խորհուրդներով։ Խորհուրդներ, որոնք շատ անգամ մեր պոլսահայ հասարակութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը դարձած են։ Օրինակներով գիտենք, որ միայն երեք անգամ Վենետիկի համալսարանի խտացեալ դասընթացքներուն մասնակցող ո՛չ հայը կը յաջողի Պարոնեանի թատրերգութիւնները թարգմանել։ Ուրիշ մէկը նոյն դասընթացքներուն միայն երկու անգամ հետեւելով իր հայազգի ընկերուհիին հետ հրատարակեց թրքախօսներու համար հայերէնի ուսուցման լաւագոյն գիրքերէն մէկը։ Իսկ մենք յաճախ կը հանդիպինք հայկական վարժարանի բարձրագոյն բաժինը աւարտելով հանդերձ նոյն Պարոնեանը ընթերցելու անգամ անկարող երիտասարդներու։ Ստիպուած ենք այս հակասութեան մասին խորհիլ։ Որքան ատեն որ այս տարօրինակութիւնը չվերլուծենք, անիմաստ պիտի ըլլայ մեր դպրոցներուն մէջ հայերէնի ուսման բարելաւման համար նախատեսուած ամէն փորձ։
Մեր դիմաց կան երկու խոչընդոտներ՝ չունինք լաւ պատրաստուած ուսուցիչ, չունինք սորվելու կամք դրսեւորող աշակերտ։ Եթէ Վենետիկի դասընթացքը կամ Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը որոշ յաջողութիւն կ՚արձանագրեն, պատճառը այս երկու խոչընդոտները յաղթահարած ըլլալն է։ Հոն թէ՛ կան իրենց նիւթին մէջ մասնագիտացած ուսուցիչներ եւ թէ՛ ինչ ուզելը գիտցող ուսանողներ։
Միւս կողմէ, մենք քաղքենիներու յատուկ տգիտութեամբ թէ՛ արհամարհեցինք մայրենին եւ թէ՛ դիտումնաւոր կերպով կացինահարեցինք հայ դպրոցի առաքելութիւնը։ Իբրեւ ծնող համարձակութիւն գտանք դպրոցներու տնօրէնութեան վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի բացի հայերէն լեզուի եւ կրօնքի առարկաներէն, մնացեալ բոլոր նիւթերը դասաւանդուին տեղական լեզուով։ Այդ պահուն իբրեւ պատճառաբանութիւն արդարանալ փորձեցինք «Համալսարանի մուտքի քննութեան պահուն այս հարցումները հայերէ՞ն պիտի հարցնեն» կեղծ սրամտութեամբ։ Մինչդեռ նոյն հարցումը հարցնել անոնց միտքէն իսկ չէր անցած երբ իրենց զաւակները արձանագրած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի նման օտար լեզուներով դասաւանդող դպրոցներ։
Ծնողներու այս ազգադաւ ընթացքը իսկոյն արձագանգ գտաւ իրենց առաքելութեան գիտակցելէ զուրկ տնօրէններու, ուսուցիչներու կամ խնամակալներու մօտ։
Ուրեմն եթէ այս է ախտաճանաչումը, պարզ է նաեւ լուծումը։ Հայ դպրոցի դռները կը փակես հայերէնի դէմ դժկամութիւն յայտնող ծնողներուն դիմաց, եւ ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ…

«Ակօս», 29 Յուլիս 2016