ԾՈՎԻՆԱՐ ԼՈՔՄԱԿԷՕԶԵԱՆ

«Մենք կ՚ուզենք փրկել բոլոր այն հայերը, որ մնացին Սուրիոյ մէջ, մասնաւո­րապէս Հալէպի մէջ, բայց փրկել ոչ թէ նիւ­թա­կանով, այլ կը ջա­նանք գա­ղափար­ներ տալ եւ կոչ անել, որ­պէսզի բո­լորը ել­նեն այդ արեան բաղ­նի­քէն, քան­զի այս պա­տերազ­մը եր­կար պի­տի տե­ւէ՝ 30-40 տա­րի իմ կարծի­քովս, ար­դէն ահա վեր­ջա­ցաւ ըսո­ղը հոն մնաց, ու­նե­ցած դրա­մը վերջացաւ եւ ոչինչ դարձաւ տո­լարի եւ եւ­րո­յի առ­ջեւ։ Կամ կը փրկես դուն քե­զ եւ քու ըն­տա­նիքդ կամ ալ ու­նե­ցած միւլքիդ (ու­նե­ցուած­քիդ) ստրուկ դար­ձած զոհ կ՚եր­թաս։ Եթէ դուն քեզ­մէ ճիգ չթա­փես, էշ նահատակ պիտ եր­թաս իրա­կանու­թեան մէջ»։ Այսպի­սի կոչ արեց մի սու­րիահայ, որը միւս ար­տա­գաղ­թած սու­րիահա­յերի պէս ցաւ ի սիրտ լքել էր պա­տերազ­մի սկզբին իր սի­րելի Հա­լէպը եւ հաս­տատուել Գեր­մա­նիայում։