23.12.16

Զարեհ Խրախունիի ծննդեան 90ամեակը տօնուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ


Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան (ԷԿՍՄ) կողմէ Զարեհ Խրախունիի (բուն անունով՝ Արթօ Ճիւմպիւշեան) ծննդեան 90ամեակին առթիւ կազմակերպուած գրական ձեռնարկը փառաւոր հանդիսութեամբ մը տօնուեցաւ մշակութասէր խուռներամ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, Լիտլ Նէքի Հայոց Միութեան «Յարութիւնեան» սրահին մէջ, Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016ին:
Յայտագիրը սկսաւ ԷԿՍՄ ատենապետ Արթօ Խրիմեանի ողջոյնի խօսքով, որուն ընթացքին ան նշեց որ Զ. Խրախունիի մանչը՝ Յարօ Ճիւմպիւշեան, որ Զուիցերիա կը բնակի, անակնկալօրէն Նիւ Եորք ժամանած էր այդ հանդիսւթեան ներկայ ըլլալու համար: Նաեւ Խրախունիի թոռնիկը Անի Համբարձումեան, որ Գօլումպիա Համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղին վերջընթեր տարեշրջանին կ'աշակերտէ, իր մօրեղբօր՝ Յարոյի քով նստած էր որպէս պատուիրակ իր մօր՝ Նորայի եւ մեծ մօր՝ Մառլէնի:

22.12.16

The Grammar of Denial: State, Society, and Turkish–Armenian Relations

Seyhan Bayraktar (*)

The existing literature on the denial of the Armenian Genocide of 1915 tends to concentrate on either the Turkish state’s policies or the civil society’s increasing openness to alternative readings of the event. In my opinion, both approaches reduce denialism to an ensemble of political practices and defense mechanisms of Turkey by prioritizing the role of the state as agent of genocide denial. Although the state is indeed a dominant actor of denialism, to juxtapose state and society means to overlook the intrinsic power of the discourse and its pervasiveness across different—at times even competing—social and political settings. Recent literature conveys how shortsighted it is to attribute denial only to the Turkish state. The fact that descendants of former perpetrators have vivid memories of Armenians being killed by their ancestors has led some to conclude that the “Turkish government is denying a genocide that its own population [in contrast] remembers”.  Such an equation between social memory and genocide acknowledgment is problematic, however, as it is the tendency in recent literature to evaluate the current memory boom about the Armenian Genocide as an indicator of a true critical discourse. Hence, the debate surrounding the denial of the Armenian Genocide tends to underestimate the contested character of the concept of genocide in the Turkish political discourse and to undermine the importance of the almost century-long political struggle of the victims for genocide recognition.

21.12.16

Turkey: Linguist finds himself locked up for free speech

John Butler
 
Well-known linguist Sevan Nişanyan will not be eligible for parole in Turkey until 2024. Locked up in the overcrowded Turkish prison system, he has found his initial relatively short jail sentence for blasphemy getting ever longer as he has been subjected to a torrent of lawsuits on minor building infringements related to a mathematics village he founded.
Nişanyan, who is 60, spoke exclusively to Index on Censorship. He said he was being kept in appalling conditions. Moved from prison to prison since being jailed in January 2014, he is now being held in Menemen Prison, a “massively overcrowded and brain-dead institution”.
He added: “About two thirds of our inmates were recently moved elsewhere and the remainder pushed ever more tightly into overpopulated wards to make room for the thousands arrested in the aftermath of the coup attempt.”

19.12.16

Հարցազրոյց պատմաբան, Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի հիմնադիր-տնօրէն Արա Սարաֆեանի հետ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Նոր Յառաջ» - Դուք հրատարակչական հսկայական աշխատանք տարած էք՝ «Կոմիտաս» հիմնարկի ծիրէն ներս, նաեւ օրին հրատարակիչը եղած էք «Armenian Forum» եռամսեայ գիտական անգլիատառ հանդէսին։ Նկատի ունենալով որ նման գիտական աշխատութիւններու մասին լրատուութեան պակասը զգալի է հայկական լրատու դաշտին մէջ, կը խնդրենք որ մեզ լուսաբանէք ձեր կողմէ իրագործուող այս կարեւոր առաքելութեան մասին։ Ցարդ ի՞նչ աշխատանքներ տարուած են այս ուղղութեամբ եւ ի՞նչ պէտք է ընել որպէսզի մտաւորականութեան հետ մեր համայնքներու անդամներուն կապը վերահաստատուի եւ շարունակական ըլլայ։

18.12.16

Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 Դեկտեմբերին, համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեանը եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ընթերցուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղարձները, յղուած՝ գիտաժողովի մասնակիցներուն:

17.12.16

Արուեստի անխոնջ մշակը. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանի ծննդեան 120 ամեակին

ԳՈՀԱՐ ԱՃԵՄԵԱՆ

«Ծնած եմ Պոլիս 1896 թուականին,- պատմում է Սիրարփի Տէր-Ներսէսեանը մեր վերջին հանդիպումներից մէկի ժամանակ,- մայրս կորսնցուցած եմ երբ ինն տարեկան էի եւ հայրսՙ 1914 թուականի սկիզբը:
Մօրաքրոջս հետ միասին ես եւ քոյրս մեկնեցանք Պուլկարիա, քանի մը ամիս մնալէ ետք, երբ տեսանք պատերազմը կը շարունակուի, գացինք Զուիցերիա՝ Ժընեւ, եւ հոն մնացինք երեք տարի՝ պատերազմի շրջանին: Զուիցերիա հետեւեցայ երկրորդական գիմնազիայի, յետոյ երկու տարի համալսարան: Սակայն համալսարանը կէս ձգեցի եւ գացի Ֆրանսա՝ Փարիզի համալսարանը, ուր 1919 թուականէն ի վեր եմ համալսարանին կից Էքոլ տէ զ՛Էթիւտ հաստատութիւն մը, որ կը զբաղի գիտահետազօտական աշխատանքներով. ես ընտրեցի բիւզանդական արուեստը:
1930 թուականին հրաւէր ստացայ ամերիկեան քոլէճէ մը դասաւանդելու բիւզանդական արուեստ: Այս քոլէճը ամենաբարձրերէն մէկն է, սակայն ես չուզեցի հոն մնալ ամբողջ տարին, որովհետեւ կը փափաքէի շարունակել գիտահետազօտական աշխատանքներս: Այնպէս որ տարուան կէսը միայն այնտեղ կանչ ունէի, իսկ միւս կէսը՝ կու գայի Փարիզ, որպէսզի շարունակեմ աշխատանքս»:

«... Հայ մտաւորականութեան, գիտնականներուն պարտքն է ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ճանչցնել տալ աշխարհին առանց աւելացումներու եւ չափազանցելու, քանի որ այդ մշակոյթը այնքան հարուստ է, որ մենք կրնանք պարծենալ այդ ամէնով եւ ներկայացնել զայն առանց չափազանցելու»:
Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան

16.12.16

Զարմիկ Պողիկեան. «Հալէպի ազատագրումը զինեալ գրոհայիններէն մեծ խանդավառութիւն ու հոգեկան անդորրութիւն ստեղծեց բոլորին մէջ»

Ն. Բ.

Հալէպը ազատագրուած է, հոն ապրող հալէպահայութիւնը որոշ չափով հանգիստ է, որովհետեւ ռմբակոծումներն ու ամէն վայրկեան մահուան սպառնալիքը հեռու են արդէն: Հալէպի մէջ տիրող վիճակին, հալէպահայերուն տրամադրութեան եւ գետնի վրայ առկայ կացութեան մօտէն ծանօթանալու եւ հաւաստի աղբիւրէ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանի հետ:

14.12.16

Քառորդ դարու աշխատանք


ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Երեւանի «Հա­յաս­տան» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն լոյս տե­սած է հայ­րե­նի պատ­մա­-բա­նա­սէր, հա­յա­գէտ ու սփիւռ­քա­գէտ Ար­ծուի Բախ­չի­նեա­նի «Հա­յե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին պա­րա­րուես­տում» գիր­քը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն եր­կիր­նե­րէ շուրջ եօթ հա­րիւր յի­սուն հայ կամ հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող պա­րու­հի­ներ, պա­րա­դիր­ներ եւ պա­րու­սոյց­ներ:
Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­րա­րուես­տին մէջ հա­յազ­գի գոր­ծիչ­նե­րու մա­սին այս­պի­սի գիրք հրա­տա­րա­կե­լու հայ հե­ղի­նա­կին վա­ղե­մի ցան­կու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է պա­րա­րուես­տի ե­րախ­տա­ւոր, Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նի ա­ռա­ջին սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող, Լի­բա­նա­նի ա­ռա­ջին ար­հես­տա­վարժ պա­լէի պա­րու­հի­նե­րէն, այժմ գա­նա­տաբ­նակ պա­լէի ու­սուց­չու­հի՝ Սօ­նա Փո­լա­տեան-Օր­ճա­նեա­նի սի­րա­յօ­ժար մե­կե­նա­սու­թեան շնոր­հիւ:
Ար­ծուի Բախ­չի­նեան, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ ծա­նօթ ա­նուն մըն է թէ՛ իր գիր­քե­րով եւ թէ՛ պատ­մա­-բա­նա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, 2009 թուա­կա­նէն ի վեր կ՚աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ակա­դե­միա­յի Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի Սփիւռ­քի եւ հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու պատ­մու­թեան բաժ­նին մէջ, ուր ան սի­րով հիւ­րըն­կա­լեց «Ժամանակ»ը, պատ­մեց թէ՛ իր նոր լոյս տե­սած գիր­քին մա­սին (մա­կագ­րե­լով զայն) եւ թէ՛ ալ հա­յա­գէ­տի, պատ­մա-­բա­նա­սէ­րի այ­սօ­րուան այ­լե­ւայլ խնդիր­նե­րուն հան­դէպ իր մօ­տե­ցում­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց։

13.12.16

Armenian Art Featured at Monumental Metropolitan Museum Exhibit on Jerusalem

Florence Avakian
 
An Armenian monk from Greater Armenia, in the late 14th century wrote, “Jerusalem is the centre from which all laws, grace and prophecy emanate.”
Today, Jerusalem is a city of continuing and turbulent conflict among the proponents of Judaism, Christianity and Islam. But in the epic years of 1000 to 1400, it was home to many cultures, faiths and people, more so than at any other time in its history. And the Armenian contribution was profound.
Currently, there is a monumental exhibition of Jerusalem during this time period, entitled “Jerusalem 1000-1400: Every People Under Heaven,” showcasing the prominent role that it played in shaping its creative, universal and complex art of great beauty during these centuries.

12.12.16

Հարցազրոյց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Հետ

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այցելեց  Լիբանան: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռազմիկ Փանոսեանի հետ` մօտէն հետեւելու հիմնարկութեան կազմակերպած ու հովանաւորած ձեռնարկներուն ու գիտաժողովներու ընթացքին եւ քննարկելու ուսումնական ծրագիրներու նոր մեթոտաբանութեան եւ արհեստագիտութեան անհրաժեշտութեան, մարդուժի տագնապին, հայ սփիւռքի մարտահրաւէրներուն եւ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ այլ հարցերու մասին:

Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, ներկայացնելով «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժնի ամառնային գործունէութիւնն ու ծրագիրները, ըսաւ, թէ հիմնարկութեան ընդհանուր նպատակը արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման  մարդուժ պատրաստելն է: Մարդուժ հասկացութեան մէջ կը մտնեն ոչ միայն ուսուցիչները, այլեւ` բոլոր անոնք, որոնք կ՛արտադրեն ու կը ստեղծեն արեւմտահայերէնով:

11.12.16

Գէորգ Եղիազարեան եւ Քիւթահիայի յախճապակիներու արուեստին վերստանձնումը

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
«Նոր Յառաջ».- Մեր զրոյցի թեման բնականաբար կը վերաբերի յախճապակիներու արհեստագիտութեան, թերեւս ալ՝ արուեստին։ Նկարիչ էք, նախապէս կը զբաղէիք խեցեգործութեամբ, բայց հիմա կ՚աշխատիք յախճապակիներու վրայ։ Այդպէ՞ս է։
Գէորգ Եղիազարեան - Յախճապակիների կալուածը ինքնին մշակոյթ է եւ այստեղ նիւթը կարեւոր չէ, էականը գաղափարն է։

«ՆՅ» - Բայց ձեզ մօտ ինչպէ՞ս յառաջացաւ այդ գաղափարը, ի վերջոյ դուք նկարիչ էք։
Գ.Ե. - Մի քանի անգամ խօսել եմ այդ մասին, բայց նորից ասեմ. մի օր Ուաշինկթընի թանգարանի գիտաշխատողին հարցրեցի, թէ ինչո՞ւ հայկական մշակոյթը ներկայացուել է իսլամական արուեստի բաժնի մէջ։ Նա պատասխանեց, թէ ինք տարիներ առաջ Ճամբորդել է Արեւելք՝ թանգարանի համար արուեստի նոր նմոյշներ հայթայթելու նպատակով։ «Այդ առումով Թուրքիայի մէջ գտայ արուեստի գործեր, բայց Հայաստանի մէջ մէկ նմոյշ անգամ չգտայ», նշեց նա…։ Այս խօսքերը պատճառ դարձան, որ ես Հայաստան վերադառնալով նուիրուեմ հայ մշակոյթը զարգացնելու եւ աշխարհին ներկայացնելու գործին, որովհետեւ ճիշդ է որ մենք միշտ խօսում ենք ցեղասպանութեան մասին, բայց նոյնքան կարեւոր է հայկական մշակոյթը, որ նոյնպէս «ցեղասպանութեան» է ենթարկուել եւ չի վերածնւում։ Այդ գաղափարն էր, որ ինձ՝ իբրեւ հայ մարդ, ստիպեց աշխատել այդ ուղղութեամբ։

10.12.16

«Կեաւուր»ի քննութեան նշանակութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
 
Այս շաբաթ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն մէջ տեղ գտաւ աշխարհի 72 երկիրներու ուսանողներուն ունակութիւնը գնահատող քննութեան արդիւնքները։ Առաջին հերթին բոլորը կը խօսին Թուրքիոյ ցած մակարդակին մասին։ Եթէ չափանիշը գիտակցութիւն, ընթերցածը հասկնալու ունակութիւն, թուաբանութեան նման վերացական միտքի գործադրութեամբ յաղթահարելի գիտութիւններու մէջ յաջողութիւնը ստուգել է, անշուշտ որ Թուրքիա բաւական տկար արդիւնք մը ստացաւ։
Բայց Թուրքիոյ վարիչներուն համար այս բոլորը իսկապէս նշանակութիւն ունի՞ն։ Ի վերջոյ «կեաւուր»ի կազմակերպած քննութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր հաւատացեալ սերունդի արժանիքները գնահատելու գործին մէջ։

Աւերակներու մէջ

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Պէտք չէ զարմանալ նախ «Էւրենսել Քիւլթիւր» (Տիեզե­րական Մշա­կոյթ) պար­բե­րակա­նին ար­­գիլման։ Վասն զի հա­­մաշ­­խարհա­­յին մշա­­կոյ­­թը ճի­­հատա­­կան­­նե­­­րու եւ անոնց հետեւորդնե­­րուն գլխա­­ւոր թի­­րախն է։
ԻՒ­­ՆԷՍՔՕ ան­­ցեալ­­նե­­­րը յայ­­տա­­­րարեց թէ իր կող­­մէ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Մշա­­կու­­թա­­­յին Ժառանգ ըլ­­լա­­­լով ճշդուած 65 վայ­­րե­­­րէ 20-ը այ­­ցե­­­լել ան­­կա­­­րելի է կամ խիստ վտան­­գա­­­ւոր։
Այդ քսա­­նին մաս կը կազ­­մեն Հա­­լէպի բերդն ու շրջա­­կայ­­քը եւ Ամի­­տայի Սուր թա­­ղամա­­սը, անոր ան­­մի­­­ջական հա­­րեւա­­նութեամբ Հեւ­­սե­­­լի պար­­տէզնե­­րը։

9.12.16

Մայրենիին նահատակութիւնը՝ 100ամեակէն ետք ալ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
 
Ցեղասպանութեան 100ամեակէն տարի մը ետք ալ, Մայրենիին դէմ բարբարոսութիւնը, մեր լեզուին նահատակութիւնը կը շարունակուին բազմերես ու բազմայարկ «իրագործումներով», առանց փողի ու թմբուկի։
Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սփիւռքեան երկինքներու տակ, հայերէնի նահանջը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր՝ օտարում հարազատ լեզուէն, եւ կը դրսեւորուի բազմաթիւ գիծերու վրայ։ Յաճախ գրուած է ու խօսուած՝ այս մասին, վաղն ալ պիտի կրկնուին ախտաճանաչումներն ու դարմանումի առաջարկները, սակայն լսող ականջները եղած են ու պիտի մնան փոքրաթիւ, դատապարտուած՝ անզօրութեան. ասոր ալ պատճառները բազմաթիւ են։ Մեր նպատակը անոնց վերաքաղը ընել չէ։

Երեւանի մէջ արեւմտահայերէնի մասին հերթական քննարկումներ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրկին քննարկ­ման ա­ռար­կայ էր վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ: 26 Նո­յեմ­բե­րին, Երե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազմակերպու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Կրթու­թեան եւ Գի­տու­թեան նախարարութեան եւ Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կազ­մա­կեր­պեց «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հեռան­կար­նե­ր» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­ւար­տին մաս­նա­կից­նե­րու եզ­րա­յան­գու­մը մէկ էր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լե­զուա­կան հայ­րե­նի­քը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը:

Կիրակնօրեայ զրոյցներ



ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Վերջին քանի մը տարիներուն արեւմտահայ  Սփիւռքի մէջ սկսած է զարգանալ ու տեղ ընել մտայնութիւն մը, թէ արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը պէտք է ստանձնէ Հայաստանը: Առ այս կը գրուին յօդուածներ, կը ներկայացուին հայցեր, կը մշակուին ծրագրեր, կը կազմակերպուին համագումարներ՝ ի սփիւռս թէ ի Հայաստան, ուր ելոյթ կ’ունենան  շատ լուրջ ազգայիններ. ասոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի մէջ եւ  արեւմտահայու նախաձեռնութեամբ՝ աւարտելու համար կատարեալ ձախողութեամբ մը:

8.12.16

The AGBU Nubar Library Launches Website for Its Digital Collection

The AGBU Nubar Library in Paris is proud to announce the launch of its website, offering a wealth of information, photos and documents about Armenians in the Ottoman Empire and the Armenian diaspora. The library's collection primarily concerns the nineteenth and twentieth century and is a vital resource in the preservation of Armenian cultural heritage.