9.12.16

Մայրենիին նահատակութիւնը՝ 100ամեակէն ետք ալ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
 
Ցեղասպանութեան 100ամեակէն տարի մը ետք ալ, Մայրենիին դէմ բարբարոսութիւնը, մեր լեզուին նահատակութիւնը կը շարունակուին բազմերես ու բազմայարկ «իրագործումներով», առանց փողի ու թմբուկի։
Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սփիւռքեան երկինքներու տակ, հայերէնի նահանջը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր՝ օտարում հարազատ լեզուէն, եւ կը դրսեւորուի բազմաթիւ գիծերու վրայ։ Յաճախ գրուած է ու խօսուած՝ այս մասին, վաղն ալ պիտի կրկնուին ախտաճանաչումներն ու դարմանումի առաջարկները, սակայն լսող ականջները եղած են ու պիտի մնան փոքրաթիւ, դատապարտուած՝ անզօրութեան. ասոր ալ պատճառները բազմաթիւ են։ Մեր նպատակը անոնց վերաքաղը ընել չէ։

Սփիւռքը ունի «մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց» մը։ Թէեւ կան լեզուի փրկութեան կոչուած մարմիններ, հաստատութիւններ ու հիմնարկներ, նոյնինքն մեր դպրոցներն ու միութիւնները, սակայն անոնցմէ շատեր իրենք զիրենք բանտարկած են փակ օղակներու մէջ, անոնց հսկայական աշխատանքին անհաղորդ կը մնան զանգուածները, որոնք կը նախընտրեն օրօրուիլ օտարումի եւ ինքնախաբումի ալիքներուն վրայ։ Չունինք հեղինակաւոր յենարան մը, որ կարենար իսկական հակաշարժում մը ստեղծել նահանջին դէմ, թող որ որոշ հեղինակութիւններ ալ, անհատ կամ հաստատութիւն, մատնուած են անտեսումի ու լուսանցքայնացումի, անոնց ճիգերն ու առաջարկները կը մնան բութ։ (Վիճակը արդարանալի չէ, սակայն անհրաժեշտ նկատեցինք բացատրել զայն, անոր տալով «մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց» որակումը)։


***
Հայաստանի մէջ, կացութիւնը հիմնական տարբերութիւն ունի արտերկրէն, որովհետեւ հոն կան պետութիւն, կաճառ, լեզուի տեսչութիւն եւ դեռ, շատ ու շատ հեղինակութիւններ, որոնց առաքելութիւնն ի՛սկ է կասեցնել բարբարոսութիւնները, զարկ տալ լեզուի զարգացման (որ, յամենայնդէպս, բնական ընթացք ունի պատմականօրէն)։ Սակայն, հակառակ այս հեղինակութեանց ներկայութեան, հայրենի հողին վրայ Մայրենիին նահատակութիւնը կ՛ապրի ի՛ր տարօրինակ ողբերգութիւնները, մինչդեռ սպասելի է, որ հայրենիքը ըլլայ բոլորիս ուղեցոյց փարոսը, խոտորումներէ ետ պահողն ու սայթաքողները սաստողը։ Սփիւռքը, ինչպէս նշեցինք, զուրկ է նման յենարաններէ։
Հաւանաբար որոշ ճշմարտութիւն կար այն բացատրութեան մէջ, որ արտերկրի օճախներուն ու հայրենի հողին վրայ տեղի ունեցած բարբարոսութիւնները պէտք է տեսնել իրարմէ անջատ, դիտարկել իւրաքանչիւրին ենթահողը. սակայն երբ արդէն տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախճիրը այլեւս չի մնար նեղ սահմաններու մէջ, պատկերասփիւռի ու համացանցի միջոցով որոշ տիրապետութիւն տարածած է արտերկրի հայ ընտանիքին վրայ, նման բացատրութիւններ ու տեսութիւններ կը դառնան ժամանակավրէպ…
Եւ որպէսզի չմնանք տեսական մատնանշումներու ոլորտին մէջ, խօսինք երկու գլխաւոր երեւոյթի մասին, որոնք համազօր են նախճիրի (բառը հաւանաբար ծանր կամ չափազանցեալ թուի, զգացական, եւ մասամբ նորին), երեւոյթներ, որոնք կսկիծ պատճառող իրականութիւններէ կը բխին ու մեզ կը հասցնեն ծիծաղելիութեան սահմաններուն. ու յաճախ, ողբը կը հասնի… ծիծաղի։
Առաջին գիծի վրայ, կայ հայկական անուններու խեղաթիւրման այլանդակ ողբերգութիւնը։ Եթէ սփիւռքեան գաղութներու մէջ, հայեր իրենց հայկական անունները կը խեղաթիւրեն այս կամ այն պատճառաբանութեամբ (անուն մը կամ մականուն մը երկար կը նկատուի, մարդիկ նման խեղումներ կը փորձեն արդարացնել, ըսելով՝ որ օտարը չի կրնար զայն ճիշդ արտասանել, ուրեմն՝ անունը կրնայ գլխատուիլ կամ անկէ քանի մը տառ կրնան զեղչուիլ), անդին, Հայաստանի մէջ խեղաթիւրումը կը կատարուի… պաշտօնապէս, օրէնքով, պետական-դիւանագիտական գրասենեակներու կողմէ։ Հի՞մքը այս խեղաթիւրման. տառադարձութեան «գիտական սկզբունք»ն է, ըստ որուն, այլ երկիրէ մը դիմորդ հայորդիին անունը պէտք է հայերէնի տառադարձուի համաձայն որդեգրուած տառացուցակին։ Եւ ի՞նչ կը պատահի, կը կարծէք։ Անցագիրի կամ այլ պաշտօնական թուղթերու մէջ, պատմականօրէն հաստատուած եւ նուիրագործուած անուններ կը ստանան նոր «տարազում», եզր։
Օրինա՞կ կ՛ուզէք. խնդրե՜մ. արաբական երկիրէ մը Հայաստան հասած (կամ հիւպատոսարան դիմող) Վարդան մը կը դառնայ Ուարտան. ինչո՞ւ. որովհետեւ արաբերէնը (կամ պարսկերէնը) Վեւ տառը չունի, անունը կը սկսի Ուաու տառով. հայ պաշտօնեան, իրեն ուղեցոյց տրուած տառադարձութեան սիւնակին հետեւելով, Ուաու տառը կը վերածէ ՈՒի, ու մեր պատմութեան նշանաւոր հերոսներէն՝ Մամիկոնեան սպարապետին անունը կը խեղաթիւրուի պաշտօնական կնիքով։ Արաբերէնով՝ Վարդան-ի Դա տառը գրուած կ՛ըլլայ ԹԱՀ տառով, որ տառադարձումի նոյն դրութեամբ կը վերածուի Տիւնի։ Որո՞ւն հոգը, եթէ 451ին նահատակուած Վարդանը այսօր նոր նահատակումներու կ՛ենթարկուի։ Կեցցէ՛ «գիտական տառադարձութիւն»ը, զոր գործածողը արժանի է տգիտութեան բարձրագոյն վկայականի։ Եւ որպէսզի Վարդան-ը չմնայ միակ նահատակը, զոհը՝ այս բարբարոսութեան, Կարապետը կը դառնայ Գարաբեթ, Սարգիսը՝ Սարկիս, կը ծնին Չրիստին եւ Չրիստափոր անուն-եզրերը, որոնք կրնան տեղ գտնել Աճառեանի «Անձնանունների Բառարան»ին… մէկ արդիական յաւելուածին մէջ։
Եթէ պաշտօնական այս խեղաթիւրումները կատարուէին միայն օտար անուններու պարագային, կարելի էր մտածել, որ միօրինակութեան սիրոյն, անհրաժեշտ է հետեւիլ տառադարձութեան պաշտօնական ու գիտական որոշ հիմք ունեցող դրութեան մը։ (Իսկ թէ ինչո՞ւ Հիլըրի Քլինթըն հնչուող անունը պէտք է ըլլայ Հիլարի Քլինթոն, ոտնագնդակի աստղ Ռոնալտօ-ն՝ Ռոնալդու, սա արդէն բոլորովին այլ հարց է եւ կը հետեւի տառադարձութեան նոյն այլանդակ օրէնքին, որ կ՛անտեսէ… ականջը)(*)։ Սակայն երբ պատմականօրէն հայկական եղող անուններ՝ Վարդան, Սարգիս, Կարապետ եւ այլք կ՛ենթարկուին նոյն դրութեան, չենք կրնար նախճիր որակումէն այլ բառ դնել եղածին դիմաց։
Երկրորդ երեւոյթը՝ օտարաբանութիւններու առատ գործածութիւնն է Հայաստանի մէջ, տագնապ մը, որուն յաճախ անդրադարձած են հայերէնի մաքուր պահպանման նախանձախնդիր գրողներ, մտաւորականներ եւ խմբագիրներ։ Այս ախտը հի՜ն արմատներ ունի, կու գայ 19րդ դարէն (կրնանք նաեւ շատ աւելի ետ երթալ ու ախտով վարակուած տեսնել մեր միջնադարու գրականութիւնը)։ Խորհրդային տարիները նոր խորք ու ծաւալ տուին օտարամուտ բառերու գործածութեան, ու վերանկախացման 25 տարիները անտես թողուցին բարբարոսութիւնը։ Եւ ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, սա արդէն իր տարածքը կը գտնէ Սփիւռքի մէջ, շնորհիւ պատկերասփիւռին ու մամուլին (բացառութիւնները միշտ յարգելի են)։
Ու կը մեղանչեն պետական մարդիկ, նախագահէն ու վարչապետներէ սկսեալ մինչեւ նախարարներ ու երեսփոխաններ, մտաւորականներ ու դասախօսներ, գրողներ, արուեստագէտներ ու չարուեստագէտներ, քաղաքական մեկնաբաններ, հաղորդավարներ, հոգեւորականներ ու հրապարակաւ արտայայտուող գրեթէ ամէն դասու հայորդիներ, նոյն ախտով վարակելով նաեւ մանուկներն ու պատանիները, երիտասարդները։ Այս «խլիրդ»ը վարակած է մինչեւ անգամ այնպիսի գրողներ ու հրապարակագիրներ, որոնք հայերէնի մաքրազտման ու օտարաբանութիւններէ ձերբազատման մասին յօդուածներ կը գրեն… օտար բառերով ծանրաբեռնեալ։ Եթէ խորհրդային տարիներուն այս ախտը համատարած էր՝ «մէկուն աչքը մտնելու» սին մղումով, այսօր, նման ախտի գերի մնալը բացատրութիւն կամ արդարացում չի կրնար ունենալ։ Հարցը հասած է այնպիսի տարողութեան, որ օտար եզրերը կը սեպուին մայրենիին մասնիկներ, մինչեւ իսկ մուտք գործած են… հայերէն բառարաններու մէջ, հայերէն բառերու շարքին։ Այս այլանդակութեան մէկ ձագուկն ալ՝ օտար բառերով եւ հայերէն արմատներով-ածանցներով շինուած բարդ բառերն են. աւտովթար, ակտիւացում, կլոպալիզացում, օպտիմալացնել, կոնկրետացում, եւ մասամբ նորին։
Հայկական ժապաւէններ կամ պատկերասփիւռի շարքեր ունին ռեժիսոր, օպերատոր, սցենարիստ, պրոդիւսեր, մոնթաժող։ Այս «աւանդութիւնն» ալ կու գայ խորհրդային տարիներէն, եւ յաճախ, աղբանոցի արժանի ժապաւէններու կամ պատկերասփիւռի շարքերու (որոնք կնքուած են սերիալ օտարաբանութեամբ) կու տան մենաշնորհը զանգուածներ գերեվարելու եւ… բթացնելու վսե՜մ առաքելութիւնը, կառչած մնալով օտարներու մեծագոյն ու փոքրագոյն արտառոցութիւնը կապկելու «արժանիք»ին։
Առօրեայ կեանքին մէջ, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ գետիններու վրայ, առատօրէն կը վխտան ակտիւացում, կոռուպցիա, բիզնէս, օպտիմալացնել (եթէ ասոնք կ՛արձանագրեմ Հայաստանի մէջ գործածուած «ուղղագրութենէն» խոտորող ձեւով, թող վերագրուի անգրագիտութեանս…)։ Մանրամասնենք քիչ մը.
Մեր մարզիկները սպորտ կը կիրարկեն, ունին թիմեր,
Լրատուութեան միջոցները մասսայական են,
Ազգային Ժողովի անդամները սովորաբար պարլամենտ կ՛երթան, աշխատանքները որոշ պրոցեսներու ենթակայ են, կան տենդենցիաներ։
Արկածներ կը պատահին աւտոճանապարհներու վրայ, կրնայ պատահիլ նաեւ աւիաուղիներու խանգարում,
Կինոնկարները հաճելի ժամանց կ՛ընծայեն, նմանապէս՝ մուլտֆիլմերը։
Նախարարութիւնները կը կոչուին ֆինանսական, սոցիալական, ուր օֆիցիալ գործ կը կատարուի։ Լաւ գործ կ՛ընեն կուլտուրայի մարդիկը, իսկ լրատու աղբիւրները առատաձեռն են կամ ժլատ՝ ինֆորմացիայի տարածման մէջ։
Եթէ Վրաստանի հետ դժուարութիւններ ունենանք, էներգիայի, տրանզիտի կամ տրանսպորտի հարցեր կրնան ստեղծուիլ, կրնան օպտիմալացուիլ ալ։
Կլոպիլազացումէն խուսափում չունին Հայաստանն ու… մեր լեզուն։ Հայաստանի պահանջները կրնան մակսիմալիստ կամ մինիմալիստ ըլլալ, նայած՝ թէ գործը որո՞ւն հետ է…
Մինչեւ իսկ ոգելից ըմպելիներ կը գովաբանուին իբրեւ լեգենդար. նման ծանուցում պատրաստողներ հաւանաբար այնքան մը հարբած կ՛ըլլան, որ չեն կրնար հայերէնն ու օտարաբանութիւնը իրարմէ զատորոշել։
Եւ որպէսզի աստիճան մը աւելի զօրացնենք այս ողբերգութիւնը շեշտող լուսարձակը, արձանագրենք հետեւեալը. վերջերս, պատկերասփիւռէն կը դիտէինք մանկական դաստիարակչական իսկապէս աղուոր յայտագիր մը՝ «Ինչուների մոլորակը»։ Հաղորդավարը պէտք էր քանի մը հարցում ուղղէր իննամեայ մանուկի մը, որուն ճիշդ պատասխանները անոր պիտի ապահովէին աղուոր նուէր մը։ Հարցումը կ՛ըսէր. «Ի՞նչ կը կոչուի երաժշտական խումբ մը առաջնորդող ղեկավարը», իսկ իբրեւ հաւանական պատասխան (որոնցմէ հարցապնդուողը պէտք էր ընտրէր ճիշդը), կ՛առաջարկուէր՝ ռեժիսոր, կոմպոզիտոր, տիրիժոր (չհասանք չորրորդ բառը արձանագրելու)։ Մանուկը պատասխանեց «տիրիժոր», ու շահեցաւ գրքոյկ մը… Նման պատկեր կը պարզուի նաեւ այլ յաջող ու այլապէս խնամուած յայտագիրի մը՝ «Հայ Ասպետ»ին ընթացքին։ Հոն, մրցող խումբեր չկան, այլ կան գունաւոր թիմեր. հաղորդավարը, դատաւորները եւ մինչեւ իսկ մրցակիցները անխնայօրէն կը գործածեն թիմ եզրը, առանց որուն, մայրենին ու մրցումը մե՜ծ կորուստի պիտի մատնուէին։ Մինչդեռ, նոյն յայտագիրին մէջ, հարցումներ ընտրող մանուկներն ու պատանիները կ՛ընտրեն ԱՅԲ, ՏԻՒՆ, ՔԷ եւ այբուբենին այլ տառերը, մինչդեռ Հայաստանի մէջ, ռուսերէնի ազդեցութեամբ, մեսրոպեան տառերը կորսնցուցած են իրենց անունները եւ կը կոչուին ԲԸ, ԴԸ, ՉԸ, ՏԸ, Միացեալ Նահանգները կ՛ըլլան ԱՄըՆը, եւ այլն։

***
Երբեմն մտածում մը կը տանջէ մեզ. եթէ պետական այրերը եւ լրագրողներու զանգուածը փաստած են իրենց անտարբերութիւնն ու անգրագիտութիւնը (մեր նշած ոլորտներու մէջ անգրագիտութիւն հասկացութիւնը գրաճանաչութեան կամ ուսման վկայականի հետ կապ չունի անպայման), արդեօք նոյնքան անգրագէ՞տ դարձած են կաճառներու անդամները, բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններու դասախօսներն ու վարիչները, մէկ խօսքով՝ բանիմաց մտաւորականները։
Կասկած չունինք, որ տագնապը չէ հասած համայնակուլ տարողութեան. յաճախ կը բարձրանան մտահոգ ու նախանձախնդիր ձայներ, մինչեւ իսկ բարեշրջումի նախաշարժումներ կը նշմարուին, սակայն անոնք կը մնան անվաղորդայն, կը մատնուին լռութեան կամ ալ կ՛իյնան քաղաքական այս կամ այն հոսանքին կամ շարժումին ազդեցութեան տակ, դուրս կու գան իրենց հունէն ու կ՛աղճատուին, կը բթանան, կը դառնան ամուլ, կը վիժին հազիւ ծնած։
Նուազ ողբերգական ու մտահոգիչ չէ այն մտածումը, որ կ՛արձակուի այս տագնապը լուսարձակի տակ բերողներուն երեսին. «Մենք հիմա շատ աւելի լուրջ հարցերով կլանուած ենք. կան Արցախի սահմաններուն ու Հայաստանի պաշտպանութեան սուր հարցերը, կան երկրի տնտեսական դժուարութիւնները, անոնցմէ ծագող ընկերային ու արտագաղթի տագնապները, կան կենսոլորտի, մինչեւ իսկ անամուսին կիներու եւ անհայր մանուկներու… կրայսիսները։ Ինչպէ՜ս մոռնալ յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութեանց կապուած մտահոգութիւնները, որոնք Քուէի բռնատիրութիւնը հաստատած են քիչ մը ամէն տեղ։ Այսպիսի վիթխարի հարցերու եւ գերխնդիրներու դիմաց, հայերէնի մաքրազտման կամ դասական ուղղագրութեան վերականգնումի հարցերը ի՜նչ են որ…»։
Այս տողերն ու սիւնակները կրցա՞ն սպառիչ կերպով պարզել Մայրենիին նահատակութեան մասին մեր ու շատերու մտահոգութիւնը։ Անշուշտ թէ ոչ։ Բաւականանանք այսքանով ու աւելցնենք. Աստուած հոգին լուսաւորէ Յակոբ Պարոնեանին, որ կը նախընտրէր խնդալով դաստիարակուիլ, քան գանակով…

-----
Հայերէնը զարգացնող «Գանձարան»էն՝
Սոցիալական, ֆինանսական, կուլտուրական, մեխանիզմ, օֆիցիալ, ֆունկցիա,  սենատ, պրոցես, սպորտ, թիմ, տրանզիտ, միկրասիոն, ռիսկ, պառլամենտ, մասսայական, կլոպալ, էներկիա, կինոնկար, ռեժիսոր, օպերատոր, սցենարիստ, լեկենտար։

No comments:

Post a Comment