12.1.17

Արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն. մերձեցման հարցեր

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
 
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Հայերէնը մէկ եւ անտրոհելի հասկացութիւն է բոլոր հայերուս համար, անկախ անկէ՝ թէ որակապէս իրարմէ որքանով կը տարբերին մեր խօսուածքները, բարբառ ըլլան անոնք, խօսակցական լեզու, թէ գրական հայերէնի ճիւղերէն մէկը:
Գրական հայերէնի երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը, երբեք չեն դիտուած իբրեւ երկու լեզուներ, որովհետեւ զանոնք կրողները դաւանած են մէկ հայրենիքի ու մէկ ազգի գաղափարը, հետեւաբար զանոնք նկատած են իբրեւ միեւնոյն ազգային լեզուի գրական տարբերակները, որոնք կազմաւորուած են պատմաքաղաքական  եւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ, ծառայած՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, նպաստած մեր մշակոյթի զարգացման  ու ժառանգաբար հասած մինչեւ մեր օրերը՝ իւրաքանչիւրը իր տարածաշրջանին մէջ կամ խառն ի խուռն, ինչպէս է պարագան մերօրեայ քանի մը գաղութներուն:
Գրական հայերէնի արեւմտեան ճիւղը Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսնցուցած ըլլալով իր զարգացման բնական միջավայրը՝ գոյատեւելու խնդիր ունի, իսկ արեւելեան ճիւղը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փաստօրէն պետական լեզու դառնալով զարգացման աւելի նպաստաւոր պայմաններ ձեռք բերած է: Ասիկա սակայն հարցականի տակ չի դներ արեւմտահայերէնի գոյութեան իրաւունքը: Անիկա աշխարհասփիւռ արեւմտահայութեան ինքնութեան պահպանման, գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման, մասամբ նաեւ գիտութեան ու աշխարհաճանաչման ընկալման, հաղորդակցութեան լեզու է ու իբրեւ Հայ Դատի անմիջականօրէն կրող զանգուածի լեզու, յանուն ազգային գերագոյն իտէալներու, դատապարտուած է կենդանի մնալու՝ առանց տարանջատուելու գրական հայերէնի արեւելեան ճիւղէն: Մեր գրական լեզուի երկու տարբերակները այս հանգրուանին մէջ տակաւին դատապարտուած են առանձին գոյատեւելու, բայց ընդմիշտ մերձեցման ու չօտարուելու միջոցներ ստեղծելով եւ իրագործելով:
Հայ մտաւորականութիւնը գրական երկու ճիւղերը ընդունած է իբրեւ պատմական իրողութիւններ. ոչ ոք առաջադրած է մերժել մէկը եւ ընդունիլ միւսը: Զարթօնքի,  իրապաշտ  ու նախաեղեռնեան սերունդներու մեր գրողները անկաշկանդ կերպով աշխատեցան իրենց ի գործ ղրած գրական լեզուի տարբերակը զարգացնելու, կանոնակարգելու գործը՝ առաւել կամ նուազ չափով օգտուելով գրաբարի, միջին հայերէնի ու իրենց կրած բարբառներու ատաղձէն, մեր լեզուի ներքին զարգացման բոլոր հնարաւորութիւններէն: Ատոր ապացոյցն է, որ նախաեղեռնեան սերունդի մեր երկու գրական լեզուներն ալ հասան բառապաշարի հարստացման, լեզուի արտայայտչական միջոցներու զարգացման, քերականութեան կանոնակարգման ու կայունացման ցանկալի մակարդակի: Ու այդ գործընթացին մէջ շատեր թելադրեցին գրականները մօտիկցնելու ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները  նուազեցնելու սկզբունքը եւ անով առաջնորդուեցան: Ահաւասիկ ատոր հետեւանքով է, որ թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւալահայ գրականները ուղղագրութեան բարեկարգման բոլոր վէճերուն մէջ միացան ընղհանրական կանոնակարգի մը շուրջ  ու դուրս մղեցին այնպիսի բարբառային առանձին երեւոյթներ, որոնք աւելի եւս պիտի ընդլայնէին անդունդը (ինչպէս արեւտահայերէնի շարունակական ներկայի կոր-ը, ստորադասականի նէ-ն, յոգնակի ստացականութեան նիս, նիդ, նին մասնիկները, արեւելահայերէնի օժանդակ բայի ա տարբերակը, ցուցական դերանուններու էս, էդ, էն տարբերակները եւ այլն): Տիրապետող կեցուածք ստեղծուեցաւ շեշտուած բարբառայնութեան դէմ, որուն հետեւանքով շեշտակի փոփոխութիւն կը նկատուի կարգ մը գրողներու վաղ ու յետին շրջանի ի գործ դրած լեզուական որակներուն միջեւ (Պերճ Պռօշեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Աւետիք Իսահակեան. արեւմտահայոց մէջ Թլկաատինցիէն Զարդարեան անցումով լուծուեցաւ բարբառայնութեան խնդիրը): Բոլորը գիտէին լեզուի բառապաշարի հարստացման մէջ օտարամուտ եզրոյթներու անհրաժեշտութիւնը, բայց կը նկատէին նաեւ մէկ կողմէ գերակայ լեզուներու ու միւս կողմէ մեր գրական լեզուներու բաղաձայնական համակարգի տարբերութիւններէն յառաջացած այդ շերտի բառամթերքի տարանջատիչ էութիւնը:  Կեցուածք ստեղծուեցաւ օտար եզրոյթներու փոխարէն հայերէնի բառակազմական հնաւորութիւններէն օգտուելու եւ հայերէնը ազատելու այդ օտարումի ծառայող բեռէն: Ասոր մէջ կը մտնէին նաեւ արեւելեան լեզուներէն բարբառներու միջոցով յատկապէս արեւելահայ բանաստեղծութեան մէջ մուտք գործած բառերու հսկայ քանակը հայերէնով փոխարինելու անհրաժեշտութիւնը (ազիզ, ղուրբան, եարա, բալա, թաւա, շիրա եւ այլն):
Կարեւոր է նշել, որ նախաեղեռնեան շրջանին մեր երկու հատուածները մամուլէն դուրս նաեւ գործակցութեան անմիջական բեմեր ալ կրցան ստեղծել: Քաղաքական պայմաններու բերումով հալածական արեւմտահայ թատրոնը կ՛երեւէր Թիֆլիսի մէջ: Արեւմտահայ գրողներ կը ստեղծագործէին ու ճամբայ կը բանային արեւելահայոց մէջ (Ծերենց, Շանթ, Առանձար), իսկ արեւելահայ գրողներ՝ արեւմտահայ շրջանակներու մէջ (Շիրվանզադէ, Ահարոնեան, Իսահակեան): Եւ ասիկա բնականաբար պիտի երեւար գրական լեզուներու մերձեցման ոլորտին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք այդ վարչակարգի ստեղծած փակ պայմաններուն ու շատ հարցերու պարագային տիրող կուսակցութեան Կենտկոմի արտադրած օրէնքներու բերումով, կարելի է ըսել, որ մեր գրական երկու լեզուներուն միջեւ մինչ այդ ստեղծուած կամուրջները քանդուեցան: Լեզուի կանոնակարգման հարցերու քննարկումները առողջ հունէ ղուրս դրուեցան, ու նուիրականացաւ առաւօտուն լոյս տեսած պետական օրէնքը:  Գրական երկու ճիւղերու մերձեցման առաջին ծանրագոյն հարուածը եղաւ ուղղագրութեան ռեֆորմը, որ ուղղակի կերպով չինական պարիսպ ստեղծեց հինի ու նորի միջեւ, արեւելահայերէնի հին որակի եւ ընդհանրապէս դարաւոր հայ գրականութեան ու նորի միջեւ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ օտարեց աւանդական ուղղագրութիւնը պահող Սփիւռքի մեր գրական աշխարհը, արեւելահայ ըլլայ, թէ արեւմտահայ: Պետական լեզու նկատուող հայերէնը ըմբռնուեցաւ միայն արեւելահայերէնը, ու դարձեալ բնական ընթացքով արեւմտահայերէնը համարուեցաւ բարբառ ու դուրս դրուեցաւ երկրի պաշտօնական հաստատութիւններէն, տարրական դպրոցէն: Ու այս մթնոլորտին բնական հետեւանքը եղաւ այն, որ արեւմտահայերէն ստեղծագործող հին ու կայացած հայրենադարձ յայտնի գրողներ փոխեցին իրենց գրականը, մամուլը փակեց արեւմտահայերէնի էջը: Սփիւռքի մէջ արտադրուած գիրքն ու մամուլը Հայաաստանի շուկայ չիջան:
Յետագայ տասնամեակներուն, յատկապէս 1960ական թուականներէն ետք, որոշ ըմբռնումներ պարբերաբար բարեփոխուեցան, ինչպէս արեւմտահայ թէ սփիւռքահայ գրականութեան, այդպէս նաեւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ: Սփիւռքահայ հեղինակներ լոյս տեսան հայրենիքի մէջ, պարբերականներ հրատարակուեցան սփիւռքահայութեան համար (անշուշտ նոր ուղղագրութեամբ), սփիւռքահայ գրականութիւնը տեղ գտաւ բուհերու (բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) ծրագիրներու մէջ, դասական ուղղագրութեամբ դասագիրքեր առաքուեցան Սփիւռք եւ այլն: Աւելին՝ որոշ լեզուաբաններ բարձրաձայնեցին արեւմտահայերէնի բառապաշարէն օգտուելու ու յատկապէս նորամուտ օտար բառերը արեւմտահայերէնի հետեւողութեամբ հայացնելու անհրաժեշտութիւնը:  Արեւմտահայերէնի մասին խօսուեցաւ արդէն իբրեւ աշխարհաբարի գրական երկու ճիւղերէն մէկը: Ոմանք նոյնիսկ արծարծեցին նոր ուղղագրութեան բերած անպատեհութիւններուն մասին: Հայրենի մտաւորականութիւնը չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ մէկ կողմէ արեւելահայերէնի զարգացման զարտուղութիւններուն ու միւս կողմէ  մեր երկու գրականներու մերձեցման հրամայականին նկատմամբ:
Սփիւռքի մէջ գրական երկու լեզուներուն նկատմամբ նախաեղեռնեան  մօտեցումները աւելի շօշափելի դրսեւորումներ ունեցան: Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք արտասահման անցած մեր մտաւորականութիւնը տեղ գտաւ սփիւռքահայ մամուլին, բեմին, կրթութեան ու հասարակական ատեաններուն մէջ: Յեղափոխական ու քաղաքական նախկին գործիչներու վաւերագրական ու յուշագրական գրականութիւնը երեւան բերաւ երկու գրական լեզուներու իւրայատուկ մերձեցման յատկութիւններ: Հայաստանեան գրական աշխարհէն դուրս շպրտուած մեր դասականները եւ խորհրդահայ գրողները՝ Րաֆֆի, Չարենց, Ակսէլ Բակունց, Լեռ Կամսար, Գուրգէն Մահարի, Մկրտիչ Արմէն ու դեռ տասնեակ-տասնեակ գրողներ լոյս տեսան Սփիւռքի մէջ իրենց բնագրային հարազատութեամբ: Տարեկան տասնեակ-տասնեակ անուն գիրքեր: Սփիւռքի մէջ գրական ո՛ր լեզուով ստեղծագործելու, մամուլի էջ կազմելու հարց երբեք չէ դրուած:  Արեւելահայ եւ խորհրդահայ գրականութիւնը լայնօրէն կը փնտռուէին դպրոցական եւ հանրային գրադարաններուն մէջ: Սովետական գիրքի գրախանութներու հայերէն բաժիններու առջեւ հերթ կը գոյանար: Դպրոցական ընթերցարաններու մէջ միշտ տեղ գտած են արեւելահայ գրողները: Նախակրթարաններու վարի կարգերէն արեւելահայերէնը հասկնալի ու ընթեռնելի կը դառնար հայ դպրոցականին համար:  Մինչեւ օրս, Սփիւռքի նախակրթարաններէ շրջանաւարտը արդէն ոչ միայն կը զանազանէ, այլեւ անկաշկանդ կերպով արեւմտահայերէնի կը վերածէր արեւելահայերէնի բացառականն ու ներգոյականը (ջրից, ջրում), ներկայ ու անկատար ժամանակները, վաղակատարը (գրում եմ, գրում էի, գրել եմ, գրել էի), դերանունները (սա, սրա, սրան, սրանից), կը ճանչնայ խոնարհման տարբերութիւնները եւ այլն: Միով բանիւ՝ արեւելահայերէնը դեռ տարրական նախակրթարանի մէջ օտար ու անհասկնալի լեզու չէ: Կ՛արժէ վկայել, որ Արեւելքի մեր գաղութներու մէջ նախակրթարանի վերի կարգերու աշակերտը բնագիրէն կը կարդայ Թումանեանի «Գիքոր»ը, Աղայեանի հեքիաթները, Րաֆֆիի «Խենթը», «Ջալալեդդին»ը, «Կայծեր»ը եւ այլն: Ընթերցանութեան եւ քերականութեան դասագիրքերուն մէջ միշտ ալ նկատելի է արեւելահայերէնին նոր յատկութեամբ մը չհակադրուելու միտումը թէ՛ բառագիտութեան եւ թէ՛ ձեւաբանութեան մակարդակներուն վրայ: Աշակերտը հետզհետէ կը զանազանէր հիմնական բառամթերքի իմաստային, կիրառական, ձեւաբանական մասնակի տարբերերութիւնները ու միայն արեւելահայերէնին յատուկ բառերը (վայրկեան-րոպէ, ճերմակ-սպիտակ, պարպել-պարապել, ձգել-գցել, ըսել-ասել, դգալ-գդալ, հով-քամի, երեխայ-մանուկ, լեռ-սար, գիր-տառ, հէնց, ջան եւ այլն): Քերականութեան դասագիրքերը մերձեցման եզրերը գրական լեզուի կանոնակարգին մէջ յամառօրէն կենդանի պահելու միտումով թելադրեցին հոլովական ու հնչիւնափոխութեան այնպիսի տարբերակային ձեւեր, որոնք աւելի յատուկ են արեւելահայ գրականին:  Լեւոն Շանթ իր «Քերականութիւն» գիրքին մէջ շատ աւելի համարձակ քայլ առաւ: Ան հիմք ունենալով արեւմտահայ խօսակցական լեզուին մէջ գոյութիւն ունեցող, բայց գրականին կողմէ դուրս դրուած տրականաձեւ ուղիղ խնդիրի պարագան՝ թելադրեց գրել՝ ես քեզի կը սիրեմ, դուն ինծի կը փնտռես կաղապարը, ընդհուպ մերժելով հայցական հոլովաձեւի առկայութիւնը դերանուանական հոլովակարգին մէջ: Շանթի մահով ալ վերջ գտաւ Շանթի դպրոցին մէջ իրագործուող այս մօտեցումը: Հայրենիք-Սփիւռք բնականոն յարաբերութիւններու պայմաններու պարագային, կը կարծեմ, այդ տարիներուն՝ մերձեցման շատ աւելի մեծ ու կայուն ձեռքբերումներ կրնային ունենալ մեր երկու գրականները:
Սփիւռքը, իր արեւելախօս թէ արեւմտախօս հատուածներով, խորհրդային վարչակարգի հետ ամենաջերմ թէ ոչ մէկ պաշտօնական յարաբերութիւն ունեցող հատուածներով, չվարանեցաւ ու չզլացաւ տրամաբանական ու առողջ մերձեցման գործընթացին մէջ լուրջ մեխեր մխրճող հայաստանեան երեք երեւոյթներուն դէմ բարձրաձայն բողոքելէ ու կեցուածք արտայայտելէ.
Ուղղագրական բաժանումը,
Օտար եզրոյթներու  անկասելի առատացումը,
Արեւմտահայերէնի հանդէպ անհրաժեշտ կեցուածքի բացակայութիւնը:

ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Ներկայիս, ամբողջ հայութիւնը բոլորովին նոր իրադրութեան մը մէջ կը գտնուի: Կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իր Ազգային ժողովով, որ Համազգային բոլոր հիմնահարցերը անկաշկանդ քննարկելու կարելիութիւնը ունի: Լեզուի հարցով հսկայական հարցեր կան ե՛ւ հայրենիքի մէջ, ե՛ւ դուրսը, թէ՛ արեւմտախօս, թէ՛ արեւելախօս մեր մեծ զանգուածներու շրջանակներուն մէջ: Հարցեր, որոնք երեւան եկան գլխաւորաբար յետ անկախացման շրջանին, ատոր իբրեւ հետեւանք կամ զուգադիպաբար:
– Նախկին ներքին գաղութներուն վրայ եկաւ աւելնալու ու օրըստօրէ աւելի բազմանալու արեւմտեան երկիրներու մէջ ու քիչ մը ամէն տեղ կազմուող արեւելախօս բազմամարդ գաղութներ, որոնք տակաւին հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գոհացուցիչ պայմաններ չեն կրցած ստեղծել եւ ատիկա՝ տարուէ տարի ճակատագրական կրնայ ըլլալ:
– Խառն գաղութներու մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ներդաշնակ ուսուցում ջամբելու հարցը խիստ այժմէական կը դառնայ: Նոյն դպրոցին մէջ աշակերտութիւնը բաժնելու ու դասերը առանձին վարելու գործընթացը հարուած է մերձեցման որեւէ նկրտումի ու կրնայ քաղաքական իմաստով ալ տարանջատիչ գործօն հանդիսանալ մեր ազգային Դատի ճանապարհին վրայ: Ոչ ոք թող ըսէ, որ ասիկա ներգաղութային կամ ներդպրոցական հարց է:
– Արեւելահայերէնը մասամբ հեռանալով ռուսերէնի իբրեւ գերակայ լեզուի հանգամանքէն՝ հետզհետէ կը մխրճուի անգլերէնի գերակայութեան տակ, որն ալ ոչ միայն օտար բառերու քանակը կ՛աւելցնէ, այլ նոյն բառի տարբեր լեզուներէ եկած ըլլալու հնչիւնական ու տառադարձման տարբերակներու խառնիճաղանճ մը կը ստեղծէ: Այս հոսանքին առջեւ մեր լեզուի բառակազմութենէն ու արեւմտահայերէնի փորձէն օգտուելու հրամայականը քիչ-քիչ առաջ կը մղուի:
– Արեւմտահայերէնի ուսուցման ու զարգացման համար լուրջ մտահոգութիւններ ծնան՝ իբրեւ հետեւանք Մերձաւոր Արեւելքի մեր մեծագոյն գաղութներու մեծ ցնցումներուն, արտագաղթին ու ցրուումին: Արեւմտահայերէնը, որ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին հայապահպանութեան ամէնէն ապահով կռուանն է, գոյատեւելու ու նոր կեանքի կոչուելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի: Պէտք է բարձրաձայնել նաեւ, որ երկրաշարժ, անկախութիւն, Արցախեան պատերազմ եւ այլն, Սփիւռքի ներուժը տարերային ընթացքով ուղղորդեցին դէպի Հայաստան, ու բարձի թողի ենթարկուեցան մեր կրթական, մշակութային հաստատութիւններն ու կարիքները:  Ինչի՞ հետեւանք է Լիբանանի, Եգիպտոսի մեր դպրոցականներուն օտար վարժարաններ խուժելու երեւոյթը, հոս ու հոն դպրոցներու, թատրոններու, թերթերու փակումը: Սփիւռքի գերատեսչական մարմիններն ալ հոս ունին իրենց մեղքի բաժինը: Հայերէն գրողը իր տան չորս պատերէն դուրս գոյութիւն չունի, մինչ օտարագիր հեղինակներու փառաբանութեամբ կը լեցուին մեր թերթերու սիւնակները, անոնց հմայքով կը գինովնան մեր ոսկեղինիկի աշակերտները, հիւրախաղերու հրաւէրով կը ծախսուին երեւակայական գումարներ, մինչ մեր թատրոնը կը փակուի, բեմադրիչը ուրիշ գործի կը նայի: Ոչ հեռաւոր անցեալին կրթաթոշակ վճառել չկարողացողներուն բացը կը գոցուէր լռիկ-մնջիկ: Սփիւռքը իր հարիւրաւոր ղպրոցները պահելու այնպիսի փորձ ունի, որ կրնայ պետութիւններու նախանձը շարժել: Հիմա, աւելի քան երբեք, սփիւռքահայ դպրոցը համազգային հոգատարութեան ու զօրակցութեան պէտք ունի: Սփիւռքը, թէ՛ արեւմտախօս, թէ՛ արեւելախօս, ամէնօրեայ դպրոցներ հիմնելու եւ պահելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը ունի: Կրթութեան ասպարէզին մէջ համազգային նեցուկի պէտք ունի: Եթէ հայրենիքը Սփիւռքի այս կարիքներուն հանդէպ հասկացութիւն չցուցաբերէ, վաղը հայրենիքին ձեռք երկարող Սփիւռք պիտի չգտնէ:
– Նորագոյն մտահոգութիւններէն մէկն ալ հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնի տեղի փնտռ-տուքն է: Դեռ մինչեւ երէկ ա-րեւմտահայերէն հիմնական կր-թութին ստացած, արեւմտահայերէնը կրող զանգուած մը կայ հոս: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ ժառանգութեան ճակատագիրը հայրենիքի մէջ. կը կրկնուի՞ 1946ի հայրենադարձութեան, միայն մէկը յիշենք, վերջին վարագոյրը, թէ…
Այս բոլոր նոր մտահոգութիւնները աւելի եւս անհրաժեշտ կը դարձնեն հինէն եկող մեր լեզուական հիմնահարցերու լուծում բերելու, մեր երկու հատուածներու ճիգերը համակցելու ու գրականներու մերձեցման շատ աւելի պատասխանատու կեցուածքով մօտենալու աշխատանքը:

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ,
Ի՞ՆՉ Կ՛ԱԿՆԿԱԼՈՒԻ

Յետ անկախացման շրջանին արեւմտահայերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելի սուր արտայայտութիւն գտած է մեր հայրենի իրականութեան մէջ. ատիկա կ՛արտայայտուի հետեւեալ մակարդակներով.
– Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղին մեծ թիւով լեզուաբաններ, կ՛ուսումնասիրուի արեւմտահայերէնը իր բոլոր երեսներով, հնչիւնաբանութեանբ, բառապաշարով, քերականութեամբ, շարահիւսական իւրայատկութիւններով, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրողներու լեզուն, կը հրատարակուին ոչ քիչ թիւով բառարաններ, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի զուգադրական քերականութիւններ: Այս ուսումնասիրութիւններուն մէջ արեւմտահայերէնի պատկերը գլխաւորաբար տրուած է կամ կը տրուի համաժամանակեայ կտրուածքով, ուր կ՛երեւին արեւմտահայերէնի զարգացման բոլոր բազմազանութիւնները: Ու բնականաբար այդպիսի տուեալներով քերականութիւնը պիտի յանգի բոլորովին այլ պատկերի մը, որ չի համապատասխաներ արեւմտահայերէնի արդի վիճակին:  Ուշադրութեան արժանի է այն փաստը, որ սփիւռքահայ գրականութեան, մանաւանդ արձակի վերջին կէս դարը գրեթէ բացակայ է այս ուսումնասիրութիւններու շրջանակին մէջ՝ Յակոբ Պալեան, Գրիգոր Պըլտեան, Հրանդ Մարգարեան, Մովսէս Պչաքչեան, Յակոբ Միքայէլեան, Պօղոս Սնապեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Մկրտիչ Մարկոսեան, Գէորգ Աբէլեան, Արա Արծրունի, Վեհանոյշ Թեքեան, Մարուշ Երամեան, ժամանակակից մամուլը, մանաւանդ գրական հանդէսները: Ժամանակակից արեւտահայերէնը մեծաւ մասամբ անծանօթ է մեր լեզուաբան-բանասէրներուն, գրեթէ երբեք լուսարձակի տակ չեն առնուած գիտական հանրամատչելի գրականութեան լեզուն՝ բժշկական, առեւտրական, երաժշտական եւ այլն, այդ մարզերուն նուիրուած մամուլի մնայուն էջերը թէ առանձին հրատարակութիւնները:   Գերազանցապէս համաժամանակեայ կտրուածքով բերուած զուգորդութիւններու հիմքով ոմանք հսկայական քանակի կը վերածեն մեր երկու գրականներու տարբերութիւնը ու կարծես մրցակցութեան ելած են իրարու հետ տարբերութիւններու թիւը բազմապատկելու աշխատանքին մէջ: Օրինակ՝ բառամթերքի մէջ իբր արեւմտահայերէն կը բերուին հարիւրաւոր-հարիւրաւոր բառեր, որոնք ոչ մէկ ձեւով կ՛առնչուին արեւմտահայերէնի արդի որակին հետ, կամ կը բերուին քերականական այնպիսի ձեւեր, որոնք օրին մերժուած են արեւմտահայ քերականութեան կողմէ: Մէկ խօսքով, արեւմտահայերէնի ճանաչման գործընթացը տակաւին ճիշդ հունի մէջ չէ մտած, ու այդ բառարաններն ու քերականութեան գիրքերը կարելի չէ հրամցնել սփիւռքահայ դպրոցին իբրեւ ձեռնարկ: Պէտք է նշել, որ այդ հրատարակութիւններէն ոմանք անհատական նախաձեռնութիւններ են, ուրիշներ, մեծ մասով, երաշխաւորուած են Պետական համալսարանի, Մանկավարժական համալսարանի, Հր. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի եւ այլ հիմնարկներու կողմէ ու կը վայելեն սփիւռքեան աղբիւրներու աջակցութիւնը:
Պետական մակարդակով հետաքրքրութիւնը ակնբախ է. այստեղ կարելի չէ չխօսիլ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ ու անմիջական գործակցութեամբ՝ Գիտութիւններու կաճառի լեզուի հիմնարկի, Երեւանի Պետական համալսարանի, Համազգայինի եւ այլ մարմիններու համատեղ կազմակերպած գիտաժողովներու մասին, որոնք նիւթ կ՛ընեն մեր գրական լեզուները ու անոնց մերձեցման հարցերը: Ասոնք անկասկած կարեւոր իրագործումներ պէտք է նկատել հարցը սեղանին վրայ դնելու, ընկալելու ու մտահոգութիւնները ճանչնալու համար:
Այս բոլորը՝ շատ լա՛ւ, ողջունելի՛: Կարելի է թուել բազմաթիւ իրագործումներ. խորհրդային տարիներուն մենք նման գործունէութիւն չէինք կրնար պատկերացնել: Փա՛ռք մեր անկախութեան:
Սակայն իրողապէս ի՛նչ կը կատարուի լեզուական մերձեցման գետնին վրայ: Վերոնշեալ բոլոր միցոցառումները ուսումնասիրութիւններէ անդին չեն անցնիր, ու այդ պատճառով ալ շատ շրջանակներ, ամէնէն առաջ, սփիւռքահայ շրջանակներ թերահաւատ են անոնց նկատմամբ, որովհետեւ իրօք, սփիւռքահայ մարդը նախ կեցուածք կը պահանջէ կենդանի արեւմտահայերէնի նկատմամբ. չի բաւեր ըսել, որ արեւմտահայերէնը հայերէնի գրական լեզուի ճիւղերէն մէկն է, Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է, ու այդ հասկացութեան մէջ կը մտնէ նաեւ արեւմտահայերէնը, որ  արեւմտահայերէնի գոյատեւման մէջ հայրենիքը իր դերը պէտք է ունենայ եւ այլն:
Արեւմտահայերէնի նկատմամբ իրական կեցուածքը ամէնէն առաջ արեւմտահայերէնի կիրառութեան իրական պայմաններ ստեղծելուն մէջ կը կայանայ.
– Արտաքին թէ սփիւռքի նախարարութիւնը բան փոխա՞ծ է խորհրդային շրջանէն եկած իր մօտեցումներուն մէջ: Արեւմտահայերէնը ի՞նչ տեղ ունի երկրի պետական-դիւանագիտական գործառոյթներուն, արտասահմանի մեր երկրի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն մէջ: Մեր դեսպանատուներուն տեղւոյն գաղութներուն յղուած բոլոր թղթակցութիւնները, հրաւէրներն ու յայտարարութիւնները երբեւիցէ եղա՞ծ են արեւմտահայերէն եւ աւանդական ուղղագրութեամբ: Սփիւռքի նախարարութիւնը ինչպէ՞ս կը բացատրէ այս կացութիւնը: Կարիք չկա՞յ… Երէկ գիշեր մինչեւ առտու նստանք, Համահայկական Հիմնադրամի մարաթոնին հետեւեցանք, խօսնակներէն մէկը անգլիախօս էր, իսկ միւս երկուքը Հայաստանէն՝ արեւելահայերէն. Սփիւռքին դիմող ձեռնարկին մէջ արեւմտահայերէնի խօսնակ գտնե՞լն է դժուար Լոս Անճելըսի մէջ, թէ աւելորդ է: Կը սպասուի, կ՛ակնկալուի, որ արեւմտահայերէնը իր գործածութիւնը ունենայ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու մէջ, իր տեղը ունենայ պետական-հասարակական ոլորտներու մէջ, ոչ միայն բանաւոր, այլեւ գրաւոր խօսքով:
– Կրթական նախարարութիւնը բան փոխա՞ծ է խորհրդային շրջանէն եկած իր մօտեցումներուն մէջ: Արեւմտահայերէնը երբեւիցէ տեղ գտա՞ծ է նախակրթարաններու մէջ, ինչպէս որ արեւելահայերէնը, ակնարկեցինք, տեղ ունի սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ, մանկապարտէզէն սկսեալ: Արեւմտահայերէնի բացակայութիւնը նախակրթարաններէն ներս կը շարունակուի յետ անկախացման տարիներուն եւս: Անշուշտ, հայրենի միջնակարգ դպրոցին մէջ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւնը ունի ծրագրային իր համեստ բաժինը: Կը կարծենք, որ ասիկա ուշ է ու անբաւարար՝ հայրենաբնակ մեր դպրոցականները արեւմտահայերէնին հաղորդ պահելու համար: Եթէ չհաշուենք առանձին ճիգի մը կամ հայերէնագիտական բարձրագոյն ուսման մը պարագան, հայրենաբնակ մեր հայրենակիցներուն մեծամասնութիւնը հեշտութեամբ պիտի չկրնայ աղերս պահել արեւմտահայերէն հրատարակութիւնններու հետ, նոյնիսկ եթէ այդ հրատարակութիւնը կատարուած է նոր ուղղագրութեամբ, ալ ուր մնաց՝ եթէ տպագրուած է աւանդական ուղղագրութեամբ: …Վերջերս կը խօսուի արեւմտահայ թեքումով դպրոցի մասին: Ատիկա մերձեցում չեմ նկատեր ես, ընդհակառակն: Արեւմտահայերէնը տարբեր լեզու չէ. հայերէն է. այս տարանջատիչ ըմբռնումը պէտք է վերանայ: Հայրենի դպրոցականը նախակրթարանէն սկսեալ քայլ առ քայլ անհրաժեշտաբար պէտք ընտելանայ արեւմտահայերէնին իբրեւ համազգային արժէքի, իբրեւ գրական հայերէնի մէկ ճիւղին, ընտելանայ անոր, անկախ անկէ թէ ինք ի՛նչ ծագում ունի՝ արեւմտահա՞յ է, թէ արեւելահայ: Ատիկա ազգային արժէքէ մը սերունդը զրկելու համազօր արարք է ինծի համար: Կը կարծենք, որ մեր երկու գրական լեզուներու մերձեցման մեր ճիգին մէջ մենք մասնակից պէտք է դարձնենք նոր սերունդը: Լաւ կ՛ըլլայ, որ մերձեցման քայլերէն մէկը ըլլայ սփիւռքահայ դպրոցի փորձին որդեգրումը նաեւ հայրենի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ: Ի՛նչ բան կը խանգարէ, եթէ մեր հայրենի հանրակրթական վարի կարգերու դասագիրքերուն մէջ դպրոցականը կարդայ Յակոբ Պարոնեան, Երուանղ Օտեան, Մուշեղ Իշխան, Զարեհ Խրախունի, Զահրատ եւ այլն ու պարբերաբար ճանչնայ արեւմտահայերէնի մատի վրայ համրուող քերականական տարբերութիւնները ու վերածէ արեւ-մտահայերէնի:   Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք. հիմա ինծի ըսէք, հայրենաբնակ դպրոցականը Է. դասարանին Սունդուկեանի «Պեպոն» պիտի կարդայ, Չարենցի  «Տաղարան»էն ամէնէն բարբառայինը, ու պիտի չկարդայ Զարդարեանի «Զարնուած որսորդը», Վարուժանի «Օրհնութիւն»ը, Մեծարենցի «Հիւղը»: Այստեղ միայն մէկ տրամաբանութիւն կայ. արեւմտահայերէնը պէտք դուրս մնայ: Ասիկա արեւմտահայերէնը օտարել կը նշանակէ, մինչդեռ մեր գերագոյն նպատակն է սորվեցնել, որ հայերէնը մէկ է, Վարուժանն ալ հայերէն գրած է՝ հայու ու Հայաստանի մասին, Թումանեանն ալ: Եթէ Սունդուկեանի հայերէնը փարսախներով հեռու է Պարոյր Սեւակի ժամանակակից արեւելահայերէնէն, Վարուժանի եւ Մեծարենցի հայերէնը շատ աւելի մօտիկ է:
Ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ: Այդ քաղուածքները պէտք է բերուած ըլլան աւանդական ուղղագրութեամբ, որպէսզի դպրոցականը դեռ վաղ տարիքէն կարողանայ ընտելանալ անոր ընթերցանութեան: Ի դէպ, «Մայրենի» շարքի Ե. կարգի դասագիրքին նիւթերէն մէկն է «Վահագնի ծնունդը», որ բերուած է գրաբար եւ աւանդական ուղղագրութեամբ: Քաղուածքին կ՛ընկերանայ նաեւ արեւելահայերէնի վերածումը: Ուրեմն կարելի է նաեւ արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրուածքը բերել աւանդական ուղղագրութեամբ: Քանի մը վարժութիւններէ ետք դպրոցականը պիտի ճանչնայ քանի մը տարարժէք գիրերու հնչիւնները ու աճպարարութիւն չտեսնէ անոր մէջ:
Դպրոցէն պէտք է սկսիլ: Ի դէպ, վաթսունականներէն ի վեր Հայաստանէն Սփիւռքի դպրոցներուն համար նախակրթարանի դասագիրքեր կ՛ուղարկուէին. անոնց մէջ կողք-կողքի դրուած էին արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը: Ես չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ որ կարելի էր հրամցնել սփիւռքահայ դպրոցականին, ինչո՛ւ արտօնեալ չէ հայրենի մեր դպրոցականներուն համար:
Բուհական մակարդակով որոշակի ժամաքանակ մը տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ուսուցման: Այստեղ կարեւոր է նշել, որ երբ աներկբայօրէն գրական լեզուի ճիւղերէն մէկը ըլլալու համոզում կայ, ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի կողքին, անոր հետ, համատեղ ու համընթաց եղանակով, եւ ոչ թէ առանձին, տեղ չգրաւէ բուհական ծրագիրներուն մէջ: Ի՞նչ կը նշանակէ հայոց լեզուի համալսարական ուսում ստանալ, առանց արեւմտահայերէնի հիմնաւոր ուսուցման:  Ուսանողութեան մօտ արեւմտահայերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը նաեւ ունի արտագնայ աշխատանքի պարագային Սփիւռքի մեր դպրոցներուն մէջ աշխատանք ունենալու ձգտումներ: Այս ձեւով ինչպէ՞ս կարելի է ինքնահամոզում գոյացնել, որ մենք ճիշդ վերաբերմունք կը ցուցաբերենք արեւմտահայերէնի նկատմամբ:
Փաստ է, որ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսանողներուն աւարտական թէզերն ու ատենախօսութիւնները բարեկամեցողութեամբ ընդունելի կը դառնան արեւմտահայերէնով եւ աւանդական ուղղագրութեամբ, բայց կան որոշ սահմանափակումներ: Եթէ արեւմտահայերէնը գրական հայերէն է, ինչո՞ւ այս սահմանափակումը: Կը կարծեմ, որ սփիւռքահայ ուսանողներուն աւարտական թէզերն ու ատենախօսութիւնները պարտաւորիչ կերպով արեւմտահայերէնով եւ աւանդական ուղղագրութեամբ պէտք է ըլլան, մանաւանդ այն պարագային, երբ նիւթն ալ արեւմտահայերէնն է կամ սփիւռքահայ գրականութիւնը, ու դիմորդը սփիւռքահայ է կամ արտագնայ աշխատանքի հեռանկարներ ունի: Կը մնայ լեզուի, ուղղագրութեան, կէտադրութեան եւ գլխագիրի գործածութեան կայուն կանոնակարգի մը պարտադիր կերպով ենթակայ մնալու պարագան: Նկատի պէտք է ունենալ սփիւռքեան ուղեցոյց մը: Ատիկա նաեւ գործնական մերձեցման առիթ պիտի դառնայ: Այսօր արեւելահայերէնն ալ ունի կէտադրական եւ գլխագիրի գործածութեան հարցեր, չենք խօսիր ուղղագրութեան մասին: Այդ աշխատանքը բնականաբար կրնայ տանիլ երկու գրականներու կէտադրութեան ու գլխագիրի գործածութեան միօրինականացած կանոնակարգ մը ստեղծելուն:
Ես խորապէս համոզուած եմ, որ արեւմտահայերէնը հայրենի նախ հանրակրթական ու միջնակարգ դպրոցին մէջ, ապա բուհական մակարդակի վրայ պատշաճ տարողութեամբ ուսուցման առարկայ պէտք է ըլլայ: Անկէ դուրս լեզուի մերձեցման մասին մեր գիտաժողովները կամայ-ակամայ սանդի մէջ ջուր ծեծելու կը վերածուի:
Ուրիշ կարեւոր պարագայ մը. իւրաքանչիւր տարեշրջան որոշ թիւով սփիւռքահայեր հայագիտական թեքումով տարբեր մասնագիտութիւններու համար մագիստրոսական ուսման համար կ՛ընդունուին Երեւան: Անոնցմէ ոմանք հայկական միջնակարգ ուսում ունին կամ զուրկ են հայկական հիմնական ուսումէ, բայց կ՛ընդունուին պարզապէս համալսարանական վկայական մը ունենալնուն համար, մինչդեռ չեն ընդունուիր անոնք, որոնք ունին հայկական հիմնաւոր կրթութիւն, առաւել՝ հայագիտական քառամեայ ուսում Սփիւռքի հայագիտական հիմնարկէ մը, որուն ծրագիրը ոչինչով կը տարբերի Երեւանի բուհերէն: Ինչո՛ւ, որովհետեւ այդ հիմնարկը պետական ճանաչում չունի (որովհետեւ զուտ համայնքային հաստատութիւն է) կամ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական նախարարութեան հետ կազմած իր պայմանագրութեան ժամկէտը արդէն անցած է: Կարելի չէ հասկնալ այս օրինականութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ Սփիւռքի մեր հայագիտական քառամեայ հիմնարկները ճանչցուին Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ ու անոնցմէ շրջանաւարտները ինքնաբերաբար ընդունուին բակալաւրի չորրորդ դասարան, ստանան պետական վկայական ու անցնին մագիստրոսականի:
– Որեւէ ազգային լեզուի ուսուցման գործընթացը կը կառավարուի, կ՛ապահովուի պետական գերատեսչութիւններու հովանաւորութեամբ, ու ատիկա ոչ միայն իր երկրի սահմաններէն ներս, այլեւ անկէ դուրս՝ տարասփիւռ իր հայրենակիցներուն ու քաղաքացիներուն համար: Բայց հոս հարց կը բացուի, որ մեր երկիրը, քանի այնքան շատ կը խօսուի մերձեցման մասին, ի՞նչ յանձնարարականներ տուած է արեւմտահայերէնով նիւթերու հեռարձակման, տեղեկատուական պետական հնարաւորութիւններու միջոցով լեզուի ուսուցման տեսա-լսողական նիւթերու պատրաստութեան ու տարածման դաշտին մէջ: Շատ երկիրներու հեռատեսիլի պետական հաստատութիւններ առանձին կայան ունին կամ ժամ տրամադրած են ազգային լեզուի ուսուցման ծրագիրներով: Կը սպասուի, որ պետական հեռուստատեսութիւնը ունենայ զուտ արեւմտահայերէն սփռումներ արեւմտախօս զանգուածներուն համար. արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի առցանց ուսուցման մնայուն ծրագիր:
Այս բոլորը իրաւ ենթահող են մեր գրական լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման համար:

ՄԱՔՐԱԶՏՈՒՄԸ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ
– Որեւէ ազգային լեզուի անաղարտ պահպանման, զարգացման հնարաւորութիւնները ուղղորդելու ու պաշտպանելու դերը պետական գերատեսչութիւններու պարտականութեան մէջ կը մտնէ, որպէսզի հասարակական, առեւտրական, մարզական, մշակութային, տեղեկատուական եւ մնացեալ բոլոր կազմակերպութիւնները ու մանաւանդ մեր դպրոցը, դասագիրքերու հեղինակները պարտ ու պատշաճ ձեւով հոգածու ըլլան լեզուի մաքրութեան, կանոնակարգման ու հարստացման համար: Կը տեսնենք, որ մեր երկրին մէջ լեզուաբանական բոլոր հաստատութիւնները զուտ գիտական աշխարհներու մէջ են, եւ վերջին հաշուով իրենց ուսումնասիրութիւնները կենդանի հայերէնի ջաղացքին ջուր չեն լեցներ:  Ուզենք կամ չուզենք այդպէս է: Արեւելահայերէնը ներկայիս այդ չափացանց կարեւոր իրավիճակին մէջ կը գտնուի: Նայեցէք փողոցներու ցուցատախտակներուն. հայերէնը որքա՞ն տեղ ունի հոն. բացէք հանրակրթական դպրոցի դասագիրքերէն որեւէ մէկը: Ես չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կը հանդուրժենք: Մեր գրական լեզուներու մերձեցման ամէնէն ապահով կռուաններէն մէկը լեզուական մաքրութիւնն է: Իսկ լեզուի մաքրութիւնը ներքին աշխատանք է, կապ չունի երկու գրականներու յարաբերութեան հետ: Մաքրենք մեր լեզուն, ու պիտի զգանք, որ մենք աւելի լաւ կը հասկցուինք, աւելի կը մօտենանք իրարու: Այն սփիւռքահայը, որ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին հաճոյքով կը կարդար «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթը, ներկայիս ոչինչ կը հասկնայ երեւանեան մամուլի ծայրայեղ օտարաբանութեամբ, բարբառայնութեամբ ու ժարկոնով գերյագեցած էջերէն… Մենք մեզ իրարմէ կը հեռացնենք:
Գրական արեւելահայերէնի անհարկի օտարաբանութիւններէն մաքրազտումը ինքնին մերձեցման մեծագոյն գրաւականն է:
Կարեւոր կը նկատեմ խօսիլ խօսակցական հայերէնին մասին եւս: Սփիւռքահայը Երեւանի շուկային մէջ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ իր հայերէն բառամթերքով, բժիշկին մօտ չհասկցուելու վախ ունի, տունը որեւէ հարցով կանչուած արհեստաւոր-նորոգողին հետ թարգմանիչ մը ապահովելը նախապայման է… Այս դժբախտութիւնը կու գայ մեր տարաբնոյթ խօսուածքներէն ու հայերէն չգիտնալու, այսինքն գրական հայերէնը չգիտնալու, գործ չդնելու մեր իրավիճակէն: Ականջ դրէք, միայն Երեւանի մէջ դուք որքան խօսուածքներ կը լսէք, սա ռուսական կրթութեան մարդ է, սա ղարաբաղցի է, սա գաւառցի է, միւսը՝ ապարանցի, սա՝ սասունցի, սա պարսկահայ է, մեր գրական լեզուն խօսակցականին մէջ վերածուած է գերակայ լեզուի մը կամ տեղական բարբառի մը ուժեղ հետքը կրող խօսուածքի մը… Բայց կայ, չէ՞, արեւելահայերէնը, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Համօ Սահեանի, Վիգէն Խեչումեանի ու բացում այլոց ոսկեղէն արեւելահայ գրական լեզուն: Նոյնն է նաեւ արեւմտահայերէնի պարագան: Հայրենի մտաւորական մը կ՛ըսէր, թէ չկայ արեւմտահայերէն, այսօր կայ սփիւռքահայերէն մը (էվրեքա՜), որ ամէն տեղ տեսակ մըն է: Քիչ մնաց որ ըսէր ֆրանսահայերէն, ամերիկահայերէն, արաբահայերէն…  Անշուշտ որ չարաչար կը սխալի մեր բարեկամը արեւմտահայերէնի մերօրեայ արտայայտութիւնները՝ խօսուածքները, արեւմտահայերէն գրականին հետ նոյնացնելով: Դժուար չէ, կարծեմ, այս դարուն, աչք մը նետել ամերիկահայ, գանատահայ, լիբանանահայ, ֆրանսահայ առցանց մամուլին վրայ՝ նկատելու համար, որ արեւմտահայ գրական լեզուն տակաւին բաբախող սիրտ է: Բայց ընելիք կայ. Սփիւռքը գրական արեւմտահայերէնը տարածելու, ամրացնելու խնդիր ունի, հայախօսութիւնը նահանջէ փրկելու խնդիր ունի. նոյնն է նաեւ արեւելահայերէնի պարագան Հայաստանի մէջ, ուր ռուսական դպրոցներու սերունդը տակաւին կայ ու մեծ քանակ մը նախկին խորհրդային երկիրներէ եկած հայերու…
Ի դէպ, վերջերս շատ կը խօսուի հայրենիք տեղափոխուած աղէտեալ հայոց «ինտեկրման» հարցերու մասին: Բառը իր հերթին: Սփիւռքահայը հայրենիքի մէջ տեղաւորուելու հարցեր կրնայ ունենալ՝ տնտեսական, աշխատանքային, բնակութեան եւ այլ պարագաներու, բայց ոչ երբեք յարաբերութեան, եթէ չըլլայ զինք անպայման «ինտեկրելու» բովանդակազուրկ գերակայութիւնը, եւ ատիկա ամէնէն առաջ լեզուական հարց է. «ինտեկրում»ը ինքնաբերաբար կը նշանակէ լեզուի որդեգրում…  Անշուշտ այս ընթացքով այդ ալ պիտի ըլլայ, բայց պիտի ըլլայ համազգային արժէքի մը կորուստեան հետեւանքով… Այն կինը, որ դուրսը իր զաւակներուն համար մայր ըլլալու կողքին նաեւ մայրենիի ուսուցչուհի էր՝ իր խոհանոց պիտի «ինտեկրէ» թաւան, ճեզվան, խալատելնիկն ու մնացեալը՝ արտաքսելով տապակն ու սրճեփը, սառնոցն ու սառնարանը, եւ դեռ… Ամէն պարագայի, նոյնիսկ հակասութիւն մը կայ այս մօտեցումին մէջ. արեւմտահայ մարդու անուան արձանագրութիւնը նոյնիսկ ի սկզբանէ տարանջատիչ գիծ մը ունի, որ կրնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուիլ, «չինտեկրուելու» հակազղեցութեան տանիլ. Վարդան, Յակոբ, Տիգրան, Մարգար եւ այլ անուններ ունին գրութեան նոյն պատկերը հայերէնի երկու ճիւղերուն մէջ եւս, թէեւ օտար տառերով կրնան տառադարձուիլ տարբեր ձեւով. անուան նոր ուղղագրութեան տառադարձումը հայերէնի աւանդակա՞ն ուղղագրութեան համեմատութեամբ պիտի ըլլայ, թէ անգլերէնի կամ արաբերէնի: Մեր անձնագիրներուն մէջ Վարդան, Յակոբ, Տիգրան, Մարգար անունները Ուարտան, Հաքոպ, Դիկրան, Մարկար տեսնելը ոչ միայն արեւմտահայերէնի նկատմամբ կեցուածքի մը իբրեւ արտայայտութիւնը կ՛ընկալէ մեր հայրենակիցը, ոչ միայն իբրեւ «դուն ուրիշ ես» ըմբռնումի մը արտայայտութիւնը, այլեւ անհատական վիրաւորանք:
Մենք պատմական բացառիկ առիթ մը կ՛ապրինք. կ՛ապրինք համատեղ, ամէնօրեայ յարաբերութիւններու մէջ ենք դպրոցին մէջ, փողոցին մէջ, տունը, մեր երկու գրականները միասին կարդալու, ճանչնալու, սորվելու, զիրար մտիկ ընելու բացառիկ առիթը կ՛ապրինք ոչ միայն քանի մը մեծ գաղութներու, այլ մասնաւորաբար հոս՝ հայրենիքին մէջ: Կայ մտայնութիւն, արեւելահայերէնը այն է, ինչ որ է, թող արեւտմտահայերէնն ալ իրեն վերապահուած ճակատագիրը ընդունի:  Չխառնենք լեզուները: Ասիկա հակագիտական մօտեցում է, չկան անփոփոխ լեզուներ, այդպիսի հայերէն չկայ, լեզուները կը փոխուին, անոր համար ալ կան լեզուական հին ու նոր որակներ, ինչպէս գրաբարը, միջին հայերէնը, բարբառները ու արդի աշխարհաբարն ալ. արդի աշխարհաբարն ալ պիտի փոխուի, ոչ թէ ինքնըստինքեան, այլ երկու գրական ճիւղերու մերձեցմամբ, միախառնումով եւ ոչ թէ հակադրութեամբ: Կենդանի այդ լեզուն ալ պիտի որոշէ, թէ վաղը գրել բայի հրամայականը գրէ՞ք պիտի ըլլայ, թէ գրեցէ՛ք, միանգամի՞ցը պիտի մնայ, թէ մէկէն-ը, տեսել ա՞ պիտի ըլլայ, թէ տեսել է… Լեզուաբանները յաջորդ տասնամեակներուն պիտի որոշեն, թէ ո՛ւր է երկու գրականներու համատեղ զարգացման բնական մերձեցումը ու մտցնեն դասագիրներու մէջ, ինչպէս որ մենք՝ արեւմտահայերս, հաներ ենք մեկալ-ն ու մէկալնոնք-ը, արեւելահայերէնի հետ նոյնացեր ենք միւս-ով, հաներ ենք ուզես նէ-ն ու նոյնացեր ենք եթէ ուզես-ով, հաներ ենք մերին-ը, նոյնացեր ենք մեր-ով. ժողովուրդը պիտի խառնուի, նոյնանայ, ժառանգութիւնը պիտի այլափոխուի դէպի միացեալ ու մէկ հայերէնը, իր մէջ ներառելով գրաբարի, միջին հայերէնի, բարբառներու, արեւտմահայերէնի եւ արեւելահայերէնի բոլոր հարստութիւնները: Հայերէնը պիտի գոյատեւէ:

«Ասպարէզ», 31 Դեկտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment