31.1.17

Ատրպէյճանի օրինակով...

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ (*)
 
Ատրպէյճանի նորընտիր նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ ամիսներուն, աւելի յստակ 12 Յունուարին ստորագրեց հրամանագիր մը, որով խորհրդային շրջանին կիւրեղեան այբուբենով տպագրուած կարեւոր հրատարակութիւնները պիտի արժանանան նոր տպագրութեան՝ այս անգամ սակայն լատինական այբուբենով, զոր որդեգրած է երկիրը։ Հրամանագրին մէջ շեշտուած է, որ երկրի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատուի նմանատիպ ձեռնարկ մը։ Յիշեալ հրամանագրին մէջ, Ալիեւ կը յիշեցնէ, թէ Ատրպէյճան 1 Օգոստոս 2001-ին պաշտօնապէս որդեգրած է լատինական այբուբենը ու կը շարունակէ.
«Ատրպէյճանի գրականութեան, մշակոյթի ու գիտութեան նախապէս կիւրեղեան այբուբենով հրատարակուած կարեւոր գիրքերուն հիմա ալ լատինական այբուբենով հրատարակուիլը կարեւոր ձեռնարկ մըն է»։ Պետական լեզուին հանդէպ ուշադրութիւնը պէտք է աւելնայ, տպագիր հրատարակութիւնները արդիական չափանիշներով պէտք է փոխանցուին յաջորդ սերունդներուն։ Որպէս առաջին քայլ պիտի պատրաստուի նոր ուղղագրութեամբ հրատարակելի գիրքերուն ցուցակը եւ նիւթական միջոցներ պիտի տրամադրուին գրադարաններուն ու դպրոցներուն, որպէսզի վերջիններս կարենան ձեռք բերել այս նոր հրատարակութիւնները։ Նոր ուղղագրութեամբ հրատարակելի գիրքերուն ցուցակը պիտի պատրաստուի Ատրպէյճանի Մշակոյթի Նախարարութեան, Գրողներու Միութեան, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ համատեղ աշխատանքով։ Բոլորն ալ Ալիեւի հրամանագրին համաձայն…
Ալիեւ ստորագրած է ուրիշ հրամանագիր մըն ալ, որով 1976-1987 թուականներուն միջեւ հրատարակուած Ատրպէյճանի Սովետական հանրագիտարանը պիտի արժանանայ նոր հրատարակութեան մը՝ աւելի կատարեալ ու մանրամասնութիւններով յագեցած, Ատրպէյճանի Ազգային հանրագիտարան անունով։ Այս նոր հանրագիտարանի աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը տրուած է Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակէ հանրագիտարանին առաջին հատորը, իսկ վերջին հատորը նախատեսուած է յանձնել տպագրութեան 2008 թուականին (այս լրատուութիւնը քաղած եմ NTV-ի կայքէջէն)։

* * *
Ատրպէյճան ուրոյն այբուբեն մը չունի։ Ատրպէյճան սփիւռք մըն ալ չունի, որու հետ ձգտէր միասնականութեան, խորհրդային տարիներուն ստեղծուած արուեստական պատնէշներու փլուզումով։ Վերջին երկու տարիներուն սակայն ցոյց տուաւ, որ խորհրդայինին պարտադրած կապանքները այսպէս կամ այնպէս փշրելու կամք մը ունի, ինչքան որ ալ կամքի այդ արտայայտութիւնը մարմնաւորէ (կարելի է ըսել նաեւ՝ սահմանափակէ) ուղղագրութեան նման “երկրորդական” խնդրով մը։ Ատրպէյճանի մէջ կիւրեղեան այբուբենին ունեցած անցեալին մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ, սակայն կը կարծեմ որ Հայաստանին 4 Մարտ 1922-ի պետական հրամանագրով պարտադրուած “սխալագրութեան” տրամաբանութիւնը կը բանէր նաեւ այնտեղ։ Այն տարբերութեամբ, որ Ատրպէյճանին գիր ու գրականութիւն շնորհող խնդրոյ առարկայ տրամաբանութիւնը, միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը կը կտրէր իր արմատներէն, 1500-ամեայ գրական աւանդութենէն։
Հայաստանի անկախացումէն վերջ, հայրենի գիտնականներէն ոմանք պեղելով պետական արխիւները (մանաւանդ՝ Կարէն Ա. Սիմոնեան, “Ուղղագրութեան խնդրին վերաբերող դիւանական փաստաթղթեր”, “Նախիջեւան” թերթ, Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր, 2000), հասան 1922-ի ուղղագրութեան փոփոխութեան տուն տուող պատճառներուն՝ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելով հրէշային ծրագրի մը մանրամասնութիւները, որոնց համաձայն այդ թուականին կատարուած ռեֆորմը հանգրուան մըն էր պարզապէս՝ սխալագրութիւնը լատինական կամ կիւրեղեան այբուբեներուն հասցնելու ճամբուն վրայ։ Այս առումով հետաքրքրական է 1922-ին ուղղագրական փոփոխութեան հրամանագիրը ստորագրած ժամանակի Կրթութեան Նախարար Պօղոս Մակինցեանի քանի մը տարի վերջ՝ 1925-ին կատարած խոստովանութիւնը.
«Արտասահմանի բազմաթիւ հայ գաղութները, Ասորիք, Կ. Պոլիս, Պարիզ, Եգիպտոս, Ամերիկա, եւ այլն, ինչպէս եւ Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեանների գիտնական հիմնարկութիւնները՝ մինչեւ օրս ո՛չ միայն չեն ընդունել այս նոր ուղղագրութիւնը, այլեւ առիթ բաց չեն թողնում ծաղրի երթարկելու այդ ռեֆորմը, այդ «սխալագրութիւնը», ինչպէս, նրանք անուանում են։
… Առանձնապէս ես ոչ մի դէպքում ոչ միայն ձայն չէի տայ ի նպաստ այդ ռեֆորմին՝ եթէ նրան չհամարէի մի աստիճան՝ դէպի լատինական գիրը անցնելու գործը դիւրացնելու համար։
Եթէ հայերէնի ուղղագրութեան ռեֆորմին վիճակուած է սառչիլ մնալ կէս ճանապարհին, այս դէպքում աւելի լաւ կը լինէր առանց այլեւայլի դառնալ էլի հին ուղղագրութեան։
… Որքան շուտ մենք արխիւը նետենք «Սահակ-Մեսրոպեան» անկիւնաւոր, տգեղ եւ աչքերի համար վնասակար այբուբենը, այնքան շուտ կ’ազատուենք Աբեղեանի ուղղագրութիւնից։
… Հայ խորհրդային իշխանութեան չորրորդ տարեդարձի մեր այս տօնը ամենեւին մթագնած չենք լինի՝ խոստովանելով անյաջողութիւնը ուղղագրական ռեֆորմի գործում» (“Մարտակոչ”, 5 Դեկտեմբեր 1925)։
Այս ու նման բազմաթիւ տուեալներու լոյսին տակ, գոնէ այսօր, կարելի է ըսել, թէ ուղղագրութեան փոփոխութիւնը կատարուած էր ոչ թէ լեզուաբանական անհրաժեշտութեան մը գոհացում տալու միտումով, այլ քաղաքական հեռանկարով մը։ Նոյն ճակատագրին արժանացած ռուսերէնի, պելառուսերէնի, ուքրաներէնի ուղղագրական փոփոխութիւնները, այլ նաեւ Խորհրդային Միութեան մեծ ու փոքր ժողովուրդներուն համար պատրաստուած ու պարտադրուած 68 լատինատառ այբուբենները շուրջը մտածելու կամ վերլուծելու երկրորդ տեսութիւն մը չէն տար մեզի։ Բոլոր այս փոփոխութիւնները հրահանգուած էին Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէէն ու պէտք է կիրառուէին Սովետական Միութեան ողջ տարածքին վրայ՝ հուսկ յանգելու համար կիւրեղեան այբուբենին։
Հայաստանի անկախացումէն վերջ, սփիւռքահայ մտաւորականներ, գրագէտներ բազմիցս արտայայտուեցան այս նիւթի շուրջ, քանի մը թերթեր ու պարբերականներ բացառիկ թիւեր պատրաստեցին, 4 Մարտ 1922-ի որոշումը ջնջելու խնդրանքով Հայաստանի Նախագահին գրուեցան բաց նամակներ, դիմումներ, որոնք բոլորն ալ մնացին անպատասխանի։ Սփիւռքահայ մտաւորականները եթէ այս նիւթին շուրջ միասնական կեցուածք մը ունէին ու ունին ալ, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել հայրենի մտաւորականներու հասցէին, որոնց մէկ մասը 1998-ին «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթին մէջ ստորագրեցին «Յանուն միասնական ուղղագրութեան» վերնագրեալ համախօսական մը, ուր կ’ըսուէր. «Սա ո՛չ միայն լեզուական կամ լեզուաբանական հարց է, այլեւ՝ խորապէս քաղաքական, ուստի եւ «լեզուաբան»-«ոչ լեզուաբանի», «մասնագէտ»-«ոչ մասնագէտ» բանակռուի, լրագրային բանավէճի կամ այդ եղանակով լուծելիք խնդիր էլ չէ, այլ, կրկնում ենք, հրատապ լուծում պահանջող քաղաքական օրախնդիր»։ Իսկ մտաւորականներու ուրիշ հատուած մը կատաղի ձեւով կ’ըսէ, թէ «Սփիւռքը իրաւունք չունի Հայաստանին պարտադրելու իր ուղղագրութիւնը»։ Չեն գիտակցիր, որ Սփիւռքը կ’ուզէ Հայաստանին 1922-ին պարտադրուած սխալագրութիւնը վերացնել, քայլ մը եւս ընել Հայաստան-Սփիւռք միասնութեան ճամբուն վրայ… Եւ ահա կը ծագի տգեղ «ուղղագրապայքար»ը, որու մասին Մարկ Նշանեան հետեւեալը կը գրէր վերջերս. «Երբ յաջորդ սերունդներու պատմաբանները իրենց ուշադրութիւնը դարձնեն մեր ժամանակաշրջանին վրայ եւ հարց տան իրենք իրենց, թէ ի՛նչ էր արդեօք այդ շրջանի հայ մշակութային կեանքի յատկանիշը, ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց պատասխանը։ … Այսինքն՝ ի՞նչ էր ասոնց մշակոյթը։ … Եւ պատասխանը պիտի ըլլայ պարզ ու մեկին։ Ո՛չ թէ Ուղղափառութեան պայքար, ինչպէս անցեալ դարերուն։ Ո՛չ թէ Գրապայքար, ինչպէս ԺԹ. դարուն։ Այլ՝ Ուղղագրապայքար։ Ծիծաղելի՞ է։ Ո՛չ իսկ։ Բայց տխուր՝ անկասկած։
Իսկ այս պատմաբանները միթէ պիտի հասկնա՞ն, թէ Ուղղագրապայքարը միայն յատկանիշ մը չէր, այլեւ՝ ախտանիշ մըն ալ էր, ընդհանուր հիւանդութեան մը ախտանիշը» («Յառաջ. Միտք եւ Արուեստ», թիւ 299)։
Տեղի սղութիւնը առիթ չի տար ուղղագրապայքարի բոլոր ծալքերը բանալու, ցուցադրելու այդ հիւանդութեան բացած երբեմն անբուժելի վէրքերը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան վրայ, սակայն կը կարծեմ, թէ ամէն ինչին մէջ Ատրպէյճանին դասեր տալ յաւակնող Հայաստանի իշխանութիւնները, գոնէ այս պարագային պէտք է գիտնան դասեր քաղել նոյն այդ Ատրպէյճանէն։
Աւերտելէ առաջ. այսօր Հայկական հանրագիտարանը փակուելու վտանգին առջեւ է։ Հայաստանի իշխանութիւնները Հանրագիտարանին շէնքը վաճառած են դրամատան մը՝ անտեսելով բազմաթիւ հաստատութիւններու, մտաւորականներու բողոքագրերը, բաց□նամակները, քանի մը ղրուշ դրամը գերադասելով գիտական ու մշակութային այս հսկայ կազմակերպութենէն, որու ունեցած կամ ունենալիք դերակատարութիւնը անգնահատելի է։ Իսկ Ատրպէյճան նոր հանրագիտարան մը կը պատրաստէ…

«Առօրեայ անկիւններ» (https://narekian.wordpress.com)
------------------------------
(*) Յօդուածը լոյս տեսած է «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ,  16 Յունուար 2004

No comments:

Post a Comment