16.2.17

Հեռակայ զրոյց սփիւռքագէտ, «Diaspora» հանդէսի հիմնադիր-խմբագիր Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ


ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի ընտրութիւնը կը շարունակէ ցնցել միջազգային ընկերային ու քաղաքական շրջանակները։ Ցնցումը զօրաւոր է ու շեշտուած՝ նաեւ ԱՄՆ-ու մէջ։ Դիմեցինք փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանին իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի եւ դասախօս անգլիական բաղդատական գրականութեան՝ ԱՄՆ-ու Ուէսլէեան համալսարանին մէջ, ստանալու համար օրուան իրադարձութիւններուն մասին իր տեսակէտը՝ ներսէն, ամերիկահայու աչքով դիտուած. ինչպէս նաեւ այս ծիրէն ներս քննարկելու՝ ԱՄՆու եւ հայ համայնքի ու Հայաստանի փոխյարաբերութիւնները։


«Նոր Յառաջ» - Դուք իբրեւ սփիւռքագէտ, համալսարանի դասախօս եւ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, ամերիկահայ, ի՞նչ տեսակէտ ունիք ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքական որոշումներուն եւ տեսակէտներուն հանդէպ։
Խաչիկ Թէօլէօլեան - Ճիշդ է, որ նախագահ Տ. Թրամփի դէմ յատուկ վախ, արհամարհանք եւ նոյնիսկ ատելութիւն գոյութիւն ունի, սակայն այս բոլորը պէտք չէ մոռցնել տան, որ Ամերիկայի ժողովուրդին գոնէ 49 տոկոսը համաձայն է անոր կարծիքներուն։ Աւելի ճիշդ, ոչ մէկուն համար յստակ է, թէ Թրամփ ինչի՞ կը հաւատայ, բայց ան շարք մը կարգախօսներով եւ խոստումներով յաղթեց եւ ուրեմն հաւանաբար պիտի փորձէ որոշ չափով իրականացնել իր տուած խոստումները՝ յատկապէս գաղթականութեան առնչուող հարցերու եւ մօտեցումներու պարագային, քանզի ժողովուրդի կէսին կարծիքով պէտք է անպայման այս խնդիրներուն հանդէպ ցարդ կիրարկուող քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։ Նոյնը կարելի է ըսել Չինաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց մասին։ Ի մէջ այլոց, Թրամփ կ՚ըսէ, թէ Ամերիկայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մաս կազմող մասնագէտները երկրին տնտեսական վնաս կը հասցնեն օտար երկիրներու շահերուն ի նպաստ քայլեր առնելով։ Ինք կ՚ըսէ նախ՝ Ամերիկան, յետոյ ուրիշները, կարգախօս մը, որ մեծահամբաւ Չառլզ Լինտպերկ օդաչուէն կու գայ, 1940-1941-ին, երբ վերջինս կը հաստատէր թէ Ամերիկան իր շահերուն մասին պէտք է մտածէ, ոչ թէ՝ Լեհաստանը կամ Ֆրանսան փրկէ Գերմանիայէն։ Ինչպէս ըսի, ժողովուրդին 49 առ հարիւրն ալ այդպէս կը մտածէ։ Բայց իմ կարծիքով այդ չի նշանակեր, որ ամերիկացիները այլատեաց են։ Այս ըսածներուս կ՚ընկերանայ յորդորանք մը, որ կը հաստատէ, թէ ընդհանրապէս բարեկեցիկ երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու պարտականութիւնն է օգնել, պատասխանատու ըլլալ, ընդունիլ ապաստանեալները։ Ամերիկացի ժողովուրդը աւելի պառակտուած է այսօր քան 1968-էն ետք որեւէ ատեն։
Բայց եւ այնպէս, կը կրկնեմ որ ժողովուրդի շատ կարեւոր հատուածին մէջ գրեթէ բնազդի վերածուած բարկութիւն մը կայ նման բարոյական յորդորանքներու դէմ։ Հասարակ ամերիկացին ներկայիս կը մերժէ յիշել, թէ իր պետութեան սխալներուն պատճառած իսկական աղէտները, ամենէն աւելի Սատտամական Իրաքի վրայ Պուշի յարձակումին հետեւանքներն են, որոնք այնքան բան քայքայեցին Միջին Արեւելքի մէջ։ Ուրիշ աղէտներ, օրինակ սուրիականը՝ ինք կը վերագրէ սուրիացիներուն։ Առօրեայ կեանքին մէջ, սուրճի եւ կարկանդակի սեղանին շուրջ ընթացող անպաշտօն խօսակցութիւններուն գլխաւոր ենթադրեալը այն է, որ կան երկիրներ, որոնք հարցեր կը ստեղծեն իրենք իրենց համար ու կ՚ակնկալեն որ Ամերիկան լուծէ զանոնք։ Երբեմն իրաւացի են - աշխարհի մէջ ամէն անարդարութիւն Միացեալ Նահանգներու պատասխանատւութեան սահմանին մէջ չ՚իյնար, սակայն նաեւ կայ վերլուծումի եւ հասկացողութեան հսկայ բաց մը, որուն պատասխանատւութիւնը կ՚իյնայ թէ՛ լրասփիւռներուն եւ թէ ալ քաղաքական ղեկավարներուն վրայ։ Օրինակ՝ սովորական ամերիկացին սիւննի-շիի ներքին պայքարը չի հասկնար, 1979-էն ի վեր Ամերիկան ի՞նչ ըրած է Իրանի, Իրաքի, Աֆղանիստանի պարագաներուն, չի յիշեր, նաեւ չ՚ուզեր հասկնալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ Իսրայէլին անվարան թիկունք կենալ ու անոր «քարթ պլանշ» տալ եւ ի՞նչ է անոր հետեւանքը։ Եթէ փորձես բացատրել, պարզ ամերիկացին կտրուկ կ՚ըսէ. «Քանի տարի բանակ պիտի պահենք Աֆղանիստանի մէջ, Իրաքի մէջ, հիմա Սուրիա, Եմէն եւ Սոմալի՞ ալ մարդ պիտի ղրկենք։ Մենք ալ քաղաքացիական պատերազմ ունեցանք (ըսել կ՚ուզեմ 1861-65 արիւնալի Հիւսիս-Հարաւ պատերազմը Միացեալ Նահանգներու մէջ), բայց հաշտուեցանք, իրարու հետ եոլա գացինք («We learned to get along»)։ Այս մարդիկ (միջին արեւելքցին, որուն զանազանութիւնները կարեւոր չեն իրեն) իրարու հետ հաշտուիլ, եոլա երթալ չեն գիտեր»։
Հասարակ ամերիկացիին կը թուի, որ իր պետութիւնը իր ներքին հարցերով պէտք եղածին չափ չի զբաղիր, այլ կլանուած է համաշխարհային խնդիրներով, զորս ուրիշները կը ստեղծեն եւ ապա կը պահանջեն որ Ամերիկան լուծէ։ Ասոր դէմ զայրոյթ մը կայ եւ ատոր համար ալ Թրամփի կարգախօսը՝ «America first», հիմա մեծ ազդեցութիւն ունի եւ ոմանց համոզիչ կը թուի։ Այլ հարց, որ այս սկզբունքին վրայ նոր որոշումները - ըսենք - յստակ եւ իրատես չեն։

«ՆՅ» - Եթէ խօսինք օրինակի համար «Օպամաքէյր»-ի մասին - որ ի վերջոյ թշուառներուն օգտին միջոցառում մըն է - ինչո՞ւ Թրամփ դէմ է այդ որոշումին։
Խ.Թ. - «Օպամաքէյր»-ը եւ նման հարցերը ո՛չ մէկ կապ ունին դուրսի հետ եւ անոնք կարեւոր երկու երեւոյթներու արդիւնք են: Առաջինը այն, որ ժողովուրդին մէկ մասը պարզապէս չի հասկնար թէ իր հարուստ վերնախաւը զինք կը խաբէ եւ թէ ինչպէս բժշկական եւ առողջապահական հարցերու հետ կապուած դրութիւնը կամ եղանակը հարստացուցած է Ամերիկայի հիւանդանոցները, որոշ բժիշկներ եւ յատկապէս դեղագործական մեծ ընկերութիւնները (այս վերջինները միլիառներ կը շահին)։ Երկրորդ՝ «Օպամաքէյր»-ին դէմ բարկութիւնը - ըստ իս - զուտ տգիտութիւն մըն է, որ իր կարգին ունի երկու աղբիւր. նախ նկատի ունենալով որ ժողովուրդին կարեւոր եւ առաւել ցեղապաշտ հատուածը կը կարծէ, թէ անկէ («Օպամաքէյր»էն, սեւամորթ նախագահի մը ծրագրէն) բխած հսկայական հարստութենէն գլխաւորաբար կ՚օգտուին սեւամորթները, ապա նաեւ՝ Ամերիկա նոր հասած գաղթականները, որոնք զուրկ են բժշկական ապահովագրութենէ։ Պէտք է ըսել, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող սպիտակամորթները այսօր բարկացած են ո՛չ միայն դուրսի աշխարհին դէմ, այլ նաեւ սեւամորթներուն եւ ներգաղթողներուն դէմ՝ զուտ ցեղապաշտական դրդապատճառէ մեկնած։ Աւելցնեմ, թէ գաղթականներէն տարեկան քառորդէն կէս միլիոն հոգի անօրէն կերպով ոտք կը դնէ Ամերիկայի հողին վրայ եւ հիւանդութեան պարագային անոնց խնամքի դրամը պետութիւնը կը հայթայթէ։ Այլ խօսքով սպիտակամորթը կը հաւատայ, որ իր տուրքերը կը ծառայեն սեւամորթներու, այլամորթներու (ասիական, լատին ամերիկեան…) եւ ոչ թէ սպիտակամորթ կարիքաւորներու բժշկական հարցերու ապահովութեան: Թէեւ որոշ սահմանամերձ նահանգներու ինչպէս օրինակ՝ Արիզոնայի եւ Թեքսասի մէջ, այս տեսակէտէն անոնց կեցուածքը որոշ չափով հասկնալի է, քանի որ ապօրինի ներգաղթողներու առողջապահական, ուսումնական եւ ընկերային բեռը անհաւասար չափով անոնք կը կրեն։ Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր առմամբ կոյր ու կոպիտ ցեղապաշտութիւնն է, որ անարդար ու անհանդուրժելի է, որովհետեւ «Օպամաքէյր»-ի դէմ ըմբոստանալով՝ ամերիկացիները նախ եւ առաջ իրենք իրենց կը վնասեն՝ ինչ որ ալ ըլլայ իրենց մորթին գոյնը։ Վերջապէս, կարեւոր է նշել որ ամերիկացիներուն մէջ կայ հատուած մը, որ կը հաւատայ թէ պետութիւնը բանակ եւ ոստիկանութիւն պահելէ անդին ոչ մէկ հարց նոյնքան լաւ կը լուծէ, որքան դրամատիրական «ազատ» շուկան, ներառեալ առողջապահական ապահովագրութիւնը։ Կ՚ուզեն պետութեան դերը վերացնել գրեթէ ամէն մարզի մէջ։
Ծայրայեղականութիւնը բնակչութեան 25 տոկոսին մօտ արմատացած է։ Այլ խօսքով, երբ ըսես (ես կոպտօրէն հարց տուած եմ) «կամ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պետական անձեր պիտի ղեկավարեն ձեզ, կամ մեծ ընկերութիւններու տէրերը - որոնք ձեր ալ տէրերը պիտի ըլլան - ըսէք որո՞նք աւելի լաւ պիտի խնամեն ձեզ»։ Մարդոց մէկ չորրորդը, երբեմն մէկ երրորդը կը նախընտրեն իրենց միլիառատէրերը՝ իբրեւ իրենց ղեկավարները, տէրերը։ Արդիւնքը այն է, որ Թրամփի այսօրուան նախարարական դահլիճին 15 անդամներուն անձնական հարստութիւնը վեց միլիառ տոլար է, այսինքն անձ գլուխ՝ 400 միլիոն տոլար։

«ՆՅ» - Բայց ներքին ճակատէն անդին, այս բոլորը բնականաբար իրենց հետեւանքները ունին նաեւ արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ։ ԱՄՆ-ն, Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր եղած է կեդրոնական դերակատարը միջազգային յարաբերութիւններու՝ սահմանած է ընդհանրական չափորոշիչները, ստեղծած է միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնց շնորհիւ եղած է առաջնորդ եւ ոստիկան։ Նոյնիսկ զանազան իշխանութիւններ գլուխ բերելու կամ տապալելու իմաստով։ Արդ, միջազգային յարաբերութիւններու ակնոցով դիտելով՝ ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել ԱՄՆ-ու այսօրուան կեցուածքը։
Խ.Թ. - Հարցը այն է, որ Ամերիկան այսօր իբրեւ միաձոյլ գործօն գոյութիւն չունի այլեւս։ Երկիրը առանց արիւն թափելու ներքին քաղաքացիական պատերազմի մէջ է՝ օրինական եւ մշակութային հարթակներու վրայ։ Մէկ կողմը կանգնած են համաշխարհայնացման ջատագովները, որոնք հաւատացած են, թէ բարձր բարոյականութեամբ օժտուած Ամերիկան ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ քրիստոնէական դաւանանքին օգնելու պատրաստ պետութիւն մըն է։ Այս խումբը կը հաւատայ, թէ ԱՄՆ-էն դուրս իր գործունէութիւնը բարի նպատակներ կը հետապնդէ եւ ընդհանուրին շահը կը պաշտպանէ։ Ասիկա ի մէջ այլոց շատ տարբեր չէ Գերմանիոյ վարած քաղաքականութենէն, երբ վերջինս կը թուի հաւատալ, թէ ինք ոչ թէ ի՛ր, այլ՝ Եւրոպական Միութեան շահերուն համար կը գործէ…։ Իսկ միւս կողմէ կան այս թեւին հակառակ մտածողներ, որոնց կարծիքով համաշխարհայնացումը ո՛չ թէ 49 առ հարիւր ընչազուրկ ամերիկացիներուն իրաւունքները կը պաշտպանէ, այլ՝ օտարներուն շահը կը գերադասէ ու կ՚ապահովէ։ Չինաստանի մէջ 250 միլիոն ընչազուրկ մարդ բարձրացաւ միջին դասակարգի, Հնդկաստան ալ մօտ 200 միլիոն, բայց բազմաթիւ ամերիկացիներ կը հաւատան, թէ այդ պատահեցաւ ի գին Ամերիկայի միջին դասակարգի եկամուտին։ Ասիկա սխալ է, բայց ոչ՝ բոլորովին սխալ։ Եկամուտի նուազումը յատկապէս ծանր հարուած է երկրի մը մէջ, ուր ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, հասարակ մարդը իր եկամուտէն դրամ կը ծախսէ ուսում առնելու եւ բժշկուելու համար։ Վերջին հաշուով՝ Թրամփ շահեցաւ ընտրութիւնը որովհետեւ հասկցաւ թէ բնակչութեան 49 տոկոսը զայրացած ու յաճախ կատղած է ամէն տեսակի պատճառներու եւ երեւոյթներու դէմ, արդարօրէն երբեմն եւ անարդարօրէն յաճախ, մանաւանդ՝ ցեղապաշտութեան պարագային։
Պէտք է աւելցնել, որ համաշխարհայնացման ջատագովները երեք տասնամեակէ ի վեր իսկապէս կ՚արհամարհեն տգէտ 49 առ հարիւրը՝ անոնց գանգատներուն հանդէպ կատարեալ անտարբերութիւն ցուցաբերելով։ «Ցեղապաշտ» պիտակը կը փակցնեն (յաճախ իրաւացիօրէն) բայց նաեւ չեն ընդունիր, որ երբեմն նոյնիսկ տգէտ ցեղապաշտները գանգատելու իրաւունք ունին, իսկական ցաւեր ունին…։


«ՆՅ» - Նախկին նախագահ Օպաման իր պաշտօնավարութեան աւարտին յայտարարեց, թէ գործազրկութիւնը տասնէն հինգ տոկոսի իջած է եւ տնտեսական վիճակը բարելաւուած է։ Իրապէս այդպէ՞ս է կացութիւնը։
Խ.Թ. - Պուշ կրտսերը երկիրը քարուքանդ ըրաւ եւ Օպաման եկաւ «աւերակաց թագաւորելու», բայց ատով հանդերձ օրինակի համար յաջողեցաւ պաշտօնական վիճակագրութեան նշած գործազրկութիւնը 11 առ հարիւրէն իջեցնելու մօտաւորապէս 4,7 առ հարիւրի։ Հիմնականին մէջ, այս թիւը միայն որոշ չափով իրականութեան կը համապատասխանէ, որովհետեւ հոն չէ արձանագրուած այն խաւը որ յուսալքուած ըլլալով այլեւս աշխատանք չի փնտռեր։ Այսինքն այդ վիճակագրութեան մէջ նշուած են միայն այն մարդոց թիւերը, որոնք արձանագրուած են գործազրկութեան գրասենեակներուն մէջ եւ կը շարունակեն գործ փնտռել։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ԱՄՆ-ու մէջ մեծ է թիւը անոնց որոնց աշխատելու առիթ չի տրուիր եւ անոնք յուսահատած՝ կը դադրին գործ փնտռելէ եւ չեն «հաշուուիր» այլեւս իբրեւ գործազուրկ…։ Ուրեմն իրական գործազուրկներու թիւը այսօր գրեթէ կրկինն է պաշտօնականին՝ 8-էն 10 տոկոս։ Աւելցնեմ, թէ վճարումներն ալ այնքա՛ն ցած են, որ բազմաթիւ մարդիկ ատով չեն կրնար գոցել նոյնիսկ իրենց նախնական ծախսերը։ Գիտէք, ժամանակին Միջին Արեւելքի մէջ կային մարդիկ որոնք ակռայ չունէին քանի որ ատամնաբոյժի ծախսերը չէին կրնար հոգալ։ Այսօր Ամերիկայի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն մէջ շատեր կան, որոնք չեն կրնար իրենց եւ իրենց ընտանիքին այդ կենսականը ապահովել։ Ես Թրամփի ընտրութեան հակառակորդներէն եմ, բայց միաժամանակ կրնամ հասկնալ անոր նախագահ ընտրուելուն պատճառները, թէ ինչո՞ւ ամերիկացիները իրեն ի նպաստ քուէարկեցին։ Տիկին Գլինթընին տուի քուէս, բայց անոր կողմնակիցներու անհիմն ինքնավստահութիւնը եւ տգէտ ու անդադար ցեղապաշտ որակուած ամերիկացի զանգուածին հանդէպ անոնց ոչ թաքուն արհամարհանքը գործօն պատճառներն էին իրենց ձախողութեան։

«ՆՅ» - Անդրադառնալով հայկական հարցերուն, ներկայիս Ամերիկահայութիւնը ի՞նչ սպասումներ ունի նորընտիր նախագահէն։
Խ.Թ. - Ըստ իս, բոլոր սփիւռքահայերուն նման ամերիկահայութեան զանգուածն ալ պետութենէն իր իրատես ակնկալիքը չի գիտեր։ Ատեն մը տեղւոյս Հայութիւնը կը կազմակերպուէր ձեռք ձգելու համար ցեղասպանութեան նկատմամբ պետութեան հայանպաստ կեցուածքը, ինչ որ ի դերեւ ելաւ եւ նոյնիսկ Օպաման - որ վերջին 30-40 տարիներու ամենէն լաւ նախագահն էր - չճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ հայութիւնը պէտք է հնարամտութիւնը ունենայ այլ պահանջներ ներկայացնելու, ինչ որ նախ կ՚ենթադրէ իր շահերը տարբեր ձեւով հասկնալու։ 1978-էն մինչեւ 1998 թուականը, այսինքն մօտաւորապէս 20 տարի շարունակ «Հայկական համագումար»ը (ՀՀ) եւ «ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը Ուաշինկթընի մէջ որոշ չափով ազդեցութիւն ունեցող կազմակերպութիւններ էին։ ՀՀ-ի օրինակը բերելով յիշենք անոր պաշտօնեաներէն Ռոս Վարդեանի եւ Վան Գրիգորեանի անունները, որոնք ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ Հայութեան ի նպաստ կարեւոր աշխատանք կը տանէին։ Յատկապէս ընդգծելի են Վան Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ եւ Վարդեանի գոնկրէսական հմտութեամբ առնուած քայլերը, որոնց շնորհիւ տարիներ շարունակ արգիլուեցաւ Ազէրպայճանին տրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը։ Նաեւ Ռոս Վարդեան ամբողջ 20 տարի իր կազմակերպութեան եւ ամերիկեան Գոնկրէսի միջեւ յարաբերութեանց վարիչն էր եւ ան հմտութեամբ կը գործածէր Գոնկրէսի անդամներուն վրայ ճնշում բանեցնելու բոլոր կարելի լծակները։ Երբ սոյն կազմակերպութեան վարչութեան մէջ այս երկուքը փոխարինուեցան, իրենց յաջորդները չյաջողեցան ամենէն նպաստաւոր միջոցներով Հայութեան պահանջները ձեւաւորել՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ ալ մանաւանդ ամերիկահայ քաղաքացիին համար։ Ներկայիս Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայութիւնը ներկայացնող մարմիններուն աշխատանքը անբաւարար է, նոյնիսկ ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպաններն ալ իրենց ընելիքը յստակ չեն գիտեր։ Նաեւ յստակ չէ Հայաստանի պետութեան Ամերիկայէն սպասելիքները, այնպէս որ Հայաստան, ամերիկահայութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ կապերը ըստ իս տկար են։ Այլ խօսքով լաւապէս կազմակերպուած եւ իրատես ռազմավարութեան մը պակասը զգալի է ամէնուրեք։ Կարելի է ըսել թէ ներկայիս տեղքայլի մէջ ենք։

«ՆՅ» - Ինչո՞ւ Ռոս Վարդեանի կամ Վան Գրիգորեանի նման անձնաւորութիւններ փոխարինողներ չեղան։
Խ.Թ. - Արդարեւ նախ նուիրումի եւ յետոյ ալ փոխանցումի հարցը կայ։ Անոնք սկիզբը կամաւորներ էին, բայց յետոյ կը վարձատրուէին իրենց կատարած աշխատանքին համար։ Եթէ կ՚ուզես հմտութիւն նուաճել, արհեստավարժ գործ ընել, պէտք է կարողանաս այդ աշխատանքին համար հարկ եղած նիւթականը ապահովել։ Ներկայ դարուս միայն սիրայօժար եւ կամաւոր աշխատանքով տեղ չես հասնիր, թէեւ ընդգծեմ, որ կային ու դեռ կան նման անձեր, որոնք մէկ-երկու տարի կու գան, կ՚աշխատին, ապա կը մեկնին…։
Միւս կողմէ, պէտք է ըսել թէ ամերիկահայութիւնը մնայուն ծրագիր մը չունի, ինչ որ կարեւոր է։ Այսօր յստակ չեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին հայութեան հեռանկարները։ Բոլորս ալ անշուշտ ապահով եւ բարգաւաճ Հայաստան մը կ՚ուզենք, բայց ամերիկահայ սփիւռքը ինչպէ՞ս կրնայ համոզել Ամերիկայի պետութիւնը որ սատարէ այդ նպատակին։ Սա երկար ու շարունակական, հմուտ, առողջ վերլուծում եւ խորհրդակցական աշխատանք կը պահանջէ։ Միշտ կայ, կը տիրապետէ շահերու եւ քուէներու հարցը։ Օրինակի համար Գոնկրէսի ամենէն հասուն եւ խելացի անձերէն մէկը Լոս Անճըլըսէն ազատական գոնկրէսական մըն է՝ ծագումով հրեայ Ատամ Շիֆը, որ շատ կարող անձնաւորութիւն է, սկզբունք եւ բարոյականութեան տէր քաղաքագէտ մըն է, Հայերուն ի նպաստ լաւ աշխատանք կը տանի եւ միաժամանակ, անշուշտ, ինք ալ կ՚օգտուի հայութեան քուէներէն եւ ընտրական յատուկ նուիրատւութիւններէն։

«ՆՅ» - Դուք անդրադարձաք արհեստավարժ աշխատանքի կարեւորութեան։ Այստեղ կը ծագի այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնք այսպէս կոչուած լիաժամ վարձատրուած են, չեն արդարացներ իրենց կողմէ յանձն առնուած պարտականութիւնը։
Խ.Թ. - Ինծի համար շատ դժուար է նման հարցի պատասխանել։ Վստահ չեմ թէ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն յաջողութեան պակասը որքանո՞վ կարելի է վերագրել անոնց մասնագիտական հմտութեան բացակայութեան։ Անյաջողութեան ամենէն կարեւոր ազդակները կրնան տարբեր ըլլալ, օրինակ որ Հայաստան առաջուան պէս ազդու չէ Անդրկովկասի մէջ։ Գիտէք 1994-ի ղարաբաղեան յաղթանակէն ետք մէկ կողմէ խանդավառ ամերիկահայութիւնը սկսաւ նեցուկ հանդիսանալ Հայաստանին ու Արցախին եւ միւս կողմէ ալ միջազգային բեմին վրայ Հայաստանի վարկը ատեն մը բարձրացաւ ու բարելաւուեցաւ։ Իսկ 20 տարի ետք, այսօր նոյնը կարելի չէ ըսել, նկատի ունենալով «ո՛չ խաղաղութիւն եւ ոչ պատերազմ» իրավիճակը։ Նոյնքան կարեւոր է չմոռնալ որ Ազէրպայճանին կռնակ կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Իսրայէլը։ Նշանակալից դեր կը խաղայ նաեւ «քարիւղի» ազդակը։ «Թուրք հօրեղբայր»-ը ԱՄՆ-ու մէջ կարեւոր լծակներ ունի՝ իմա՛ հրէական որոշ ազդեցիկ կազմակերպութիւններ։ Իսկ փոքրիկ Հայաստանը առանձին է, լուրջ թիկունք պահպանող պետութիւն չունի։ Շատ դժուար է այդպիսի պայմաններու տակ հակառակորդին հետ մրցակցիլ…։

«ՆՅ» - Հոս մէջտեղ կու գայ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան կենսական հարցը…։
Խ.Թ. - Իմ կարծիքով նման համագործակցութիւն մը լիովին գոյութիւն չէ ունեցած նոյնիսկ մեր ամենէն լաւ օրերուն, երբ «Հայկական Համագումար»-ը եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ»-ը արդիւնաւոր քաղաքական գործունէութիւն կը վարէին Ուաշինկթընի մէջ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը եւ Ուաշինկթընի դաշնակցական ներկայացուցիչները 1990-97 տարիներուն չգործակցեցան, իսկ կարճ տեւեց «Հայկական համագումար»-ին հետ անոր համագործակցութիւնը, որ չշարունակուեցաւ, չյարատեւեց, այլազան պատճառներով։ Ընդհանրապէս Հայաստանի պետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ ամերիկահայ լոպիներուն միջեւ հմուտ, շարունակական գործակցութիւն գոյութիւն չունի։ Գիտէք, կարեւոր է ընդգծել, որ ուրիշ սփիւռքներու պարագային ալ հազուագիւտ է, որ անոնք քաղաքական մարզին մէջ ունենան հմուտ ղեկավարներ, խոշոր տնտեսական աղբիւրներ եւ մեծ ազդեցութիւն՝ ամերիկեան պետութեան վրայ։ Հրէական սփիւռքին օրինակը բոլորովին տարբեր է, բացառութիւն է, անոնց դիրքը ունի տնտեսական, կրօնական, պետական ծալքեր ալ - ո՛չ հայութիւնը, ո՛չ չինացիները եւ ոչ ալ Հնդկաստանէն եկող հնդիկ գաղթականները ունեցած են եւ ունին նման ազդեցութիւն, թէեւ մեզի պէս անոնք ալ արձանագրած են որոշ յաջողութիւններ։ Այս երեւոյթը ամէն տեղ նոյնն է, բայց չայութեան համար բազմապատկուած ձեւով կը ներկայանայ։

«ՆՅ» - Ուրեմն Թրամփի նախագահութեան շրջանին Հայաստանին տրուելիք վարկերը պիտի ջնջուի՞ն…։
Խ.Թ. - Թերեւս այդպէս ըլլայ։ Բայց ես լաւատես եմ հետեւեալ իմաստով.- Հայաստանին տրուած գումարները - բաղդատած Ամերիկայի ընդհանուր պիւտճէին - այնքան չնչին են, որ հայկական հարցերուն օժանդակող ամերիկացի գոնկրէսականները թերեւս կրնան այդ յատկացումներուն մէկ մասը փրկել, պատճառաբանելով որ կարելի չէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատել եթէ երկու կողմերուն վրայ ալ չկարենաս ազդեցութիւն բանեցնել…։

«ՆՅ» - Սա պահուս ի՞նչ կ՚ըսէք Թուրքիոյ հետ Ամերիկայի յարաբերութիւններուն մասին։
Խ.Թ. - Այս վայրկեանին Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ-ու յարաբերութիւնները բաւական անորոշ են։ Նոյնիսկ Փենթակոնի դուրսը կամ ներսը հիմա մարդիկ կան, որոնք մտածելով հանդերձ, թէ Թուրքիան իրենց անցեալին սիրելի համարուած դաշնակիցը չէ, միաժամանակ կը հաստատեն, որ Միջին Արեւելքի խառնակ վիճակին մէջ այլընտրանք չունին։ Ապա նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան սահմանափակ, բայց յատկանշական խորհրդակցութիւնները կը մտահոգեն Ուաշինկթընը։ Չմոռնանք, որ Փենթակոնի ամենէն մեծ զօրավարները տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ ամենէն հաւատարիմ ջատագովները եղած են եւ հիմա ալ կը շարունակեն այդպէս ըլլալ։ Եթէ կ՚ուզէք աւելի հիմնական հաստատում մը՝ ամերիկացի ժողովուրդին եւ պաշտօնէութեան մէկ զգալի հատուածը կը թուի գրեթէ բնազդի վերածուած ձեւով գերադասել Իսրայէլը, Թուրքիան, նոյնիսկ Իրանը - այո՛ Իրանը - եւ արհամարհել արաբ ազգերը, թերեւս 1950-ական թուականներէն ի վեր։

«ՆՅ» - Իսկ այս թոհուբոհին մէջ քրտական հարցը ինչպէ՞ս կ՚ընկալուի։
Խ.Թ. - Կ՚ենթադրեմ, թէ Ամերիկան կրկին պիտի դաւաճանէ քիւրտերուն, նախ որովհետեւ ԱՄՆ-ու մէջ քիւրտերը թէ՛ թիւով եւ թէ ազդեցութեամբ փոքր են, ապա նաեւ անոնք իրենց ունեցած սակաւաթիւ դաշնակիցներով աւելի բարոյական օգնութիւն կը բերեն քան՝ քաղաքական։ Եւ վերջապէս քրտական ուժերը բաժան-բաժան են, որքան որ գիտեմ չունին ղեկավար խորհուրդ մը։ Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերը ներկայիս չեն կրնար միասին ճկուն ու բազմաճակատ պայքար ծրագրել եւ խորհրդածել տարբեր մարտավարութեամբ, տարբեր պետութիւններու սահմաններէն ներս։ Ըստ իս՝ քիւրտերը չեն կրնար յաջողիլ, բայց Էրտողանը կրնայ ձախողիլ եթէ իր յաջողութիւններով գինովցած՝ սահման չճանչնայ…։

«Նոր Յառաջ», 7 եւ 9 Փետրուար 2017 

No comments:

Post a Comment