25.10.17

Նիցշէի «Դերաքրիստոս»-ը՝ Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ

ԱՆՈՒՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ
 
Պէտք չէ խաբուիլ․ «մի՛ դատէք» կ’ըսեն, բայց բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց
ճամբուն վրայ կը գտնուին դժոխք կը ղրկուին։ Երբ Աստուած կը դատէ, իրե՛նք
են դատողները․ երբ զԱստուած կը փառաբանեն, իրենք զիրե՛նք կը փառաբանեն․
երբ ա՛յն առաքինութիւնները կը պահանջեն  որոնք պատահմամբ իրենց
կարողութիիններու սահմաններուն մէջ են—աւելին՝ որոնք իրենց անհրաժեշտ են,
որպէսզի մնան վերնախաւ—,այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն որ առաքինութեան համար կը պայքարին,
որպէսզի առաքինութիւնը տիրապետէ։ 
Ֆրիդրիխ Նիցչէ
Գրականագէտ, թարգմանիչ Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ (արեւմտահայերէն) լոյս է տեսել Ֆրիդրիխ Նիցշէի «Դերաքրիստոսը․ անէծք քրիստոնէութեան դէմ» (“Der Antichrist”) գիրքը, որի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի 23-ին «Նոյեան տապան» գրախանութում։

Գրքում «Der Antichrist»-ի թարգմանութիւնից բացի զետեղուած է նաեւ Նշանեանի «Ֆրիդրիխ Նիցչէ՝ վասն ինքնիշխանութեան» վերնագրով աշխատութիւնը։
Թարգմանութեան հեղինակը իր «Երկու խօսք» համառօտ տեքստում նշում է․ «Der Antichrist» գիրքը երբեմն «Հակաքրիստոսը» վերնագիրով կը յիշուի։ Մենք նախընտրեցինք «Դերաքրիստոսը», բառ մը որ միշտ գործածուած է հայ դասական աւանդութեան մէջ, որպէս յայտնութենական էակին անունը որ պիտի այցելէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստէն առաջ։ Բայց գերմաներէն «der Antichrist» կրնայ նշանակել նաեւ պարզապէս «հակաքրիստոնեան», այսինքն՝ քրիստոնէութեան դէմ դիրքը բռնողը․․․»։
Նիցշեն գիրքը գրել է դեռ 1888 թ․-ին, սակայն տպագրուել է եօթ տարի անց․ «Այս չտպուած գործերը թիւով չորս հատ էին Նիցչէի սեղանին վրայ, երբ Ֆրանց Օվերբեքը Տորինոյ հասած է, օգնութեան գալու համար իր բարեկամին, որ ուղեղային տագնապ մը ունեցած էր 1889-ի Յունուար 3-ին»․․․
Արեւմտահայերէն թարգմանութեամբ ընթերցողին ներկայացուած 374 էջ ծաւալով գրքի յատկանշական մասը բաժին է ընկնում Նշանեանի  «Ֆրիդրիխ Նիցչէ՝ վասն ինքնիշխանութեան» աշխատութեանը, որն, ինչպէս նշում է հեղինակը, ի սկզբանէ նախատեսված էր որպէս վերջաբան՝ սահմանափակ յաւակնություններով․
«Երկարեցաւ որովհետեւ կարծեմ՝ յայտնութիւն մըն էր ինծի համար Նիցչէի շուրջ վերջին երեսուն տարիներուն աստուածաբանական մօտեցումերու (մեծ մասամբ՝ գերմանալեզու) սոսկ ծաւալը։ Ես գիտէի Նիցչէի փիլիսոփայական ընկալումը եւ ընկալումին տարբեր երանգները։ Բայց աստուածաբանական ընկալումը անակնկալ մըն էր ու պէտք ունէի անոր հետ հաշուի նստելու, գրաւականները հասկնալու։ Այդ դաշտին մէջ խորագոյն հանդիպումը, որ նաեւ կը մնայ ամենէն խորհրդաւորը, Յակոբ Տաւբէսի հանդիպումն է Նիցչէին հետ, որ տեղի ունեցած է կանուխէն ու տարիներու ընթացքին զարգացած է, հասնելով Տաւբէսի տպաւորիչ մտորումներուն, Նիցչէի եւ Պօղոս առաքեալի յարաբերութեան եւ հակադրութեան շուրջ, մտորումներ, որոնք շատ լայն արձագանգներ ունեցան Եւրոպա եւ Ամերիկա, մտաւորական շրջանակներէն ներս, ոչ թէ գիրքերու միջոցաւ (Տաւբէս ինքնագիր հատոր չէ հրատարակած իր կենդանութեանը, վախճանաբանական երեւոյթներուն շուրջ 1974-ի աւարտաճառէ ետք), այլ պիտի ըսէի՝ բերնէ բերան անցնելով եւ ուռճանալով աշխարհի չորս ծագը։
Այս իրողութիւնն ալ որոշ չափով նկատի առնելս պէտք էր։ Պէտք է հասկնայի ու հասկնալի դարձնէի իմ կարգիս այդ բարդ տրամաբանութիւնը, որ Նիցչէն կը դարձնէ Պօղոսի (եւ Պօղոսին ընդմէջէն՝ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան) ոխերիմ թշնամին։ Այս բոլորին տարօրինակութիւնը այն է, որ երկու հազար տարի անցած է, եւ յանկարծ այսօր մենք, Նիցչէին հետ ու Նիցչէի ընթերցողներուն հետ, ստիպուած ենք մեզ մեզի հարց տալու թէ ի՞նչ գիտէինք եւ ի՞նչ գիտենք ի վերջոյ Պօղոսին յառաջացուցած յեղափոխութեան մասին, ի՞նչ գիտենք անոր փիլիսոփայութեան մասին։ Եւ ինչու՞ պէտք է բացառաբար Նիցչէն մեզ այդ հարցումներուն առաջնորդէր»։

Յետգրութիւն
Գիրքը հրատարակել է «Ինքնագիր» գրական ակումբը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ։ Շապիկին՝ ԺԹ. դարի տապանաքար, Հին Գորիս, Մելիքական եկեղեցուն կից գերեզմանատուն (դրուագ)։ Էջադրումը՝ Արամ Ուռուտեանի, կողքը՝ Միսաք Խոստիկեանի (գրքի կողային ծալուածքում՝ Ֆրիդրիխ Նիցշէի «Դերաքրիստոս»-ի տիտղոսաթերթի ձեռագիրը), սրբագրումը՝ Թագուհի Սուսլինեանի, վերստուգիչ սրբագրումը՝ Վահան Իշխանեանի:

«Հետք», 24 Հոկտեմբեր 2017 (http://hetq.am/arm/news/82949/nicshei-deraqristosy-mark-nshanyani-targmanutyamb.html)

No comments:

Post a Comment