26.12.17

Աշխարհիկ հոգեհանգիստ՝ «Բազմավէպ»-ի խմբագիրներուն համար

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եթէ հնդկահայերը խլեցին հայերէն անդրանիկ թերթը հրատարակելու պատիւը (1794, Մատրաս), ապա Ս. Ղազարու Մխիթարեաններն ալ կրնան հպարտանալ ԱՌ ԱՅՍՕՐ հայերէն երիցագոյն ու ամենաերկարակեաց պարբերականը դիեցուցած ու ապրեցուցած ըլլալու իրողութեամբ։
Խօսքը կը վերաբերի «Բազմավէպ»-ին։
Բացառիկ երեւոյթ մըն է սա,— ըստ Հ. Լեւոն Զէքիեանի մէկ հաստատումին՝ «Բազմավէպ» ոչ միայն Իտալիոյ մէջ ցայժմ հրատարակուող թերթերուն նահապետն է, այլեւ չորրորդը՝ աշխարհի հնագոյն պարբերականներուն։
Շուրջ 175 տարիէ ի վեր այս պարբերաթերթը կը քալէ հայ կեանքին հետ անխափան։
Մտերմօրէն կը զրուցէ հայ ընթերցողին հետ, մշակութային նիւթերով կը զինէ զինք, կը գօտեպնդէ զայն՝ իր հայկական ինքնութեան ու հայրենասիրական ապրումներուն մէջ։
Փոխադարձաբար ալ՝ հայ մարդը մտաւորական սնունդի աղբիւր մը կը տեսնէ «Բազմավէպ»-ին մէջ։ Խապրիկներ կը ստանայ Մխիթարի Տունէն։
Միշտ ալ գուրգուրանքով բացեր եմ «Բազմավէպ»-ի մա՛նաւանդ հին շրջաններու թիւերը։ Զմայլանքով դարձուցեր եմ անոնց էջերը՝ հոն փնտռելով գերազանցապէս այն տոհմիկ ու տաքուկ շունչը, որ Մխիթարեաններուն յատուկ է։
Օ՜, որքան պատկառելի ու սիրելի անուններ կը տողանցեն «Բազմավէպ»-ի հաւաքածոներուն մէջ։ Որքան հետաքրքրական ու պէսպիսուն նիւթեր երեւցեր են այնտեղ։ Ի զուր չէ, որ անոր հիմնադիրները զայն կոչեր են ԲԱԶՄԱՎԷՊ, այսինքն՝ բազմապիսի տեղեկութիւններ հաղորդող, բազում բաներ վիպող։
«Բազմավէպ»-ի հրատարակութիւնը, անկասկած, անկիւնադարձ մը եղաւ Մխիթարեան միաբանութեան պատմութեան մէջ։ Թերթին Ա. թիւը լոյս տեսաւ 1843-ին, խմբագրութեամբը Հ. Գաբրիէլ Այվազովսքիի, որ իր այս պաշտօնը շարունակեց 5 տարի հետեւողաբար։ Իր անմիջական օգնականներն եղան Հ. Ղեւոնդ Ալիշանն ու Հ. Յովհաննէս Սորղուճեանը, որ տպարանի տեսուչն էր այդ շրջանին։ Թերթը ձեռքէ ձեռք խլուեցաւ Պոլսէն մինչեւ Թիֆլիս, Խրիմէն մինչեւ Հնդկաստան…։
Այդ օրերուն, մամուլը տակաւին ընդհանրացած չէր մեր մօտ։ Ամբողջ հայաշխարհի տարածքին հազիւ երկու պարբերականներ լոյս կը տեսնէին. ու երկուքն ալ՝ Զմիւռնիոյ մէջ,— բողոքական միսիոնարներու «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց» ամսաթերթը եւ Ղուկաս Պալթազարեանի «Արշալոյս Արարատեան» շաբաթաթերթը։
«Բազմավէպ»-ի առաջին սլացքին, առաջին թեւաթափումին մեծապէս օժանդակեց Պոլսէն Յովհաննէս պէյ Տատեանը (արքունի վառօդապետ ու գրասէր անձ), որ ընդառաջելով իրեն եղած դիմումի մը՝ 3 տարուան համար 200 բաժանորդագրութեան բաժնեգիները կանխիկ վճարեց խմբագրութեան…։
Թերթը առաջին 15 տարիներուն (1843-57) հրատարակուեցաւ երկշաբաթեայ պարբերականութեամբ։ Ան ի սկզբանէ, իբրեւ լեզու, խելամտօրէն որդեգրեց աշխարհաբարը, մատչելի դառնալու համար ժողովրդային խաւերուն։ Միեւնոյն դիտաւորութեամբ՝ ժողովրդային օգտակար նիւթերն են որ առաւելաբար լեցուցին անոր էջերը (բնական գիտութիւններ, տնտեսութիւն, ազգագրական տեղեկութիւններ, կրօնաբարոյական գրութիւններ, խրատներ, երկիրներ եւ աշխարհագրութիւն, առողջապահութիւն, երեւելի անձինք եւ այլն)։
1858-ին վերածուեցաւ ամսաթերթի։ Ամսական այս պարբերականութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872-ի աւարտը։ Այնուհետեւ, տասնվեց տարի շարունակ, «Բազմավէպ» լոյս ընծայուեցաւ եռամսեայ դրութեամբ, տարեկան չորս թիւերով։ Դիմագիծ փոխեց նաեւ բովանդակութիւնը։ Համաշխարհային դասական գրականութենէն ընտիր թարգմանութիւններ, հայագիտական գրառումներ, պատմաբանասիրական, լեզուաբանական, տեղագրական, հնախօսական ու մատենագիտական յօդուածները գերակշիռ դարձան։ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան ու Հ. Արսէն Սուքրեան տիրապետող ներկայութիւն են այս շրջանին։ Միով բանիւ, թերթը ժողովրդային լսարանէ մը փոխակերպուեցաւ ազգային համալսարանի։
1889-ին կը տեսնենք որ ան դարձեալ ամսաթերթի վերածուած է։ Լայնցած է անոր մշակելի արտը, բացուած են նոր ու աւելի խոր ակօսներ։ Պարունակութիւնը ճոխ է, աշխատակիցները՝ համբաւեալ դէմքեր, եկեղեցական ու աշխարհական։ Իբրեւ յաւելուած՝ զուգահեռաբար ու մերթ ընդ մերթ հրատարակուող «Գեղունի»-ներու մեծադիր պատկերազարդ թիւերը (1901-էն սկսեալ մինչեւ 1950) ակնախտիղ էջեր կը փռեն մեր առջեւ։ Ու երկա՜ր տարիներ, մինչեւ 1970, որոշ դեդեւումներով, Ս. Ղազարու պաշտօնաթերթը իր երթը կը շարունակէ նոյն տարազով, առաւելաբար իբրեւ ուսումնասիրական հանդէս։
Պատկառելի այս թերթին 100-ամեակը փառաւոր ու ոգեշունչ հանդիսութիւններով կը նշուի 1947 Հոկտեմբերին, Վենետիկի մէջ, հայ գաղութներէ պատուիրակութիւններու ալ մասնակցութեամբ։ Շուրջ կէս դար ետք, 1994 Սեպտեմբերին, բաղդատաբար աւելի համեստ պայմաններու մէջ, կը տօնախմբուի նաեւ թերթին 150-ամեակը։
1971-ին դիմագիծի ու պարբերականութեան վերջին (ու կտրուկ) փոփոխութիւն մը կը կատարուի,- «Բազմավէպ» կը վերածուի զուտ հայագիտական հանդէսի, տարեկան 1-2 ծաւալուն թիւի հրատարակումով։ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը տեւաբար կ՚օժանդակէ անոր, բայց հանդէսը այլեւս ընթերցող լայն շրջանակի մը հասանելի չէ. ընտրանիի՛ մը հետաքրքրութիւններուն գոհացում կու տայ լոկ։
Զուգահեռաբար, 1973-էն սկսեալ, «Բազմավէպ» կը հաստատէ հայագիտական մատենաշար մըն ալ, որ մինչեւ 2000 թուականը՝ պատմաբանասիրական, գրական, եկեղեցագիտական ու մշակութային բնոյթի 38 շահեկան հատորներ կը դնէ ընթերցողին սեղանին։

***
«Բազմավէպ» յառաջիկայ տարի կը դառնայ 175 տարեկան։
Մտածե՜լ պահ մը.- 175 տարի շարունակ, որոշեալ շաբթու մը կամ ամսուան մը մէջ, կամ եղանակի մը աւարտին, ժամադրուիլ եկող-գացող սերունդներուն հետ, թարմ պահել ինքզինք, դիմադրել այլատեսակ դժուարութիւններու, ականատես դառնալ աշխարհի եղափոխութիւններուն, նոր աւիւնով նո՛ր խօսք բերել նորոգուող ընթերցողներու…։ Դեռ աւելին՝ ժողովուրդի մը լեզո՛ւն յղկել, ապրեցնել զայն, ցանել անոր հունտերը չորս դին…։
Այստեղ հաւաքական աշխատանք մը կայ անշուշտ։ Ս. Ղազարի մէջ ապրող կամ պաշտօնով արտասահման գտնուող յայտնի թէ անյայտ գրեթէ բոլոր վարդապետներն ալ առաւել կամ նուազ չափով օժանդակեր են «Բազմավէպ»-ին։ Ոմանք՝ իբրեւ յօդուածագիր, ոմանք՝ իբրեւ սրբագրիչ կամ գրաշար, ուրիշներ՝ իբրեւ վարչական պատասխանատու կամ գործակալ։
Յարգա՜նք բոլորին։
Հապա՞ խմբագիրները։
Բայց որո՞նք խմբագրեր էին «Բազմավէպ»-ը անցնող սա երկար տասնամեակներուն։
Ձեռքի տակ ունեցայ վենետիկեան «Գեղունի»-ի 1947-ի թիւը, որ մասամբ ձօնուած է «Բազմավէպ»-ի դարադարձին, եւ ուր լման էջի մը վրայ փռուած գտայ Ս. Ղազարու պաշտօնաթերթին հարիւր տարիներու խմբագիրներուն փոքր դիմանկարները, քովէ-քով շարուած՝ ժամանակագրական կարգով, միացեալ շրջանակի մը մէջ։
Տպաւորիչ խմբանկար մըն է։
29 դիմանկարներ հաշուեցի այնտեղ։ Երկու լուսանկարներ ալ կը պակսէին. նշուած էր միայն անոնց անունը։ Հանրագումար՝ 31 անուն։ Հետաքրքրութեամբ ու քիչ մըն ալ յուզումով նայեցայ այդ աղուոր դէմքերուն, որոնց աչքերուն մէջ ամբողջ պատմութիւն մը կարելի էր կարդալ։ Ա՜հ, որքան պիտի ուզէի որ անոնք ողջ ըլլային հիմա, ինծի ժամանակակից, ու ես երթայի զրոյցի նստիլ իւրաքանչիւրին հետ՝ առանձին-առանձին…։
Գրեթէ բոլորն ալ երիտասարդներ էին՝ խոհուն դիմագիծերով, բոցկլտուն աչքերով ու սեփ-սեւ մօրուքով։ Եւ ճիշդ ա՛յս երեւոյթն է որ կը յուզէր զիս։ Ի՜նչ բախտաւորութիւն թերթի մը համար, երբ ան հերթաբար կ՚ունենայ նորահաս ու թարմատի խմբագիրներ, որոնք խանդավառութեամբ կը վերցնեն հիներէն իրենց փոխանցուած սրբազան դրօշակը ու զայն կը տանին դէպի ապագայ։
Մի առ մի կարդացի այդ խմբագիրներուն անունները, ու ես ինծի, իմ մտքին մէջ, աշխարհիկ հոգեհանգիստ մը կատարեցի անոնց յիշատակին,— Հ. Գաբրիէլ Այվազովսքի, Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հ. Օգսէնտիոս Գուրգէնեան, Հ. Գրիգոր Ճելալեան, Հ. Հմայեակ Պապիկեան, Հ. Անտոն Սիոնիկ, Հ. Աթանագինէս Գափթանեան, Հ. Յակոբոս Իսավերտենց, Հ. Կոմիտաս Իսկէնտէրեան, Հ. Արսէն Սուքրեան, Հ. Արիստակէս Գասգանտիլեան, Հ. Աթանաս Տիրոյեան, Հ. Յովհաննէս Թորոսեան, Հ. Թովմաս Էֆտեան, Հ. Եսայի Տայեցի, Հ. Ստեփան Սարեան, Հ. Սիմոն Երեմեան, Հ. Դաւիթ Նազարէթեան, Հ. Կարապետ Տէր Սահակեան, Հ. Ներսէս Տիրացուեան, Հ. Վարդան Հացունի, Հ. Ներսեհ Անդրիկեան, Հ. Յովհան Աւգերեան, Հ. Գաբրիէլ Նահապետեան, Հ. Քերովբէ Չրաքեան, Հ. Ղեւոնդ Տայեան, Հ. Կիւրեղ Քիպարեան, Հ. Վահան Յովհաննէսեան, Հ. Եղիա Փէչիկեան, Հ. Եսայի Գռուզեան եւ Հ. Մեսրոպ Ճանաշեան։
Ասոնք՝ մինչեւ 1943։ Խմբագիրներ, որոնք պատանի տարիքին Ս. Ղազար եկեր էին Պոլսէն, Զմիւռնիայէն, Տրապիզոնէն, Կարինէն, Պարտիզակէն, Անգարայէն, Մուշէն, Ախալցխայէն։
Բայց իմ «հոգեհանգիստ»-ը պակասաւոր պիտի ըլլար, եթէ չյիշէի ինծի ծանօթ այն քանի մը բարեյիշատակ վարդապետներն ալ, որոնք «Բազմավէպ»-ի նաւը յառաջ մղեցին աւելի վերջուան թուականներուն, ծաղկեցուցին անոր էջերը,- Հ. Ներսէս Տէր Ներսէսեան, Հ. Պօղոս Անանեան, Հ. Սահակ Ճեմճեմեան, Հ. Միքայէլ Յովհաննէսեան, Հ. Ղուկաս Ֆոկոլեան։
Մտածեցի, թէ որքան երանելի շրջաններ ապրեր էր «Բազմավէպ»-ը այս խմբագիրներուն օրով։
Ո՞ւր են այդ երիտասարդ խմբագիրներուն յաջորդները այսօր։ Չկա՛ն։
Գիտենք, որ մեր ժողովուրդը տապարի հարուածներ կրեց հարիւր տարի առաջ։ Հողին կորուստը ճամբայ հարթեց նաեւ մարդկային պաշարներու կորուստին։
Բարեբախտաբար ծիլեր արձակուեցան աշխարհագրական տարբեր գօտիներու մէջ ալ։ Բայց ժամանակ մը ետք՝ գնացքը կարծէք խանգարուեցաւ, կանգ առաւ որոշ կէտի մը վրայ։
Ի՞նչ պատահեցաւ, որ Ս. Ղազարու յորդառատ աղբիւրները ցամքիլ սկսան յանկարծ ու հրապարակը ամայացաւ։ Ինչո՞ւ հետզհետէ պակսեցան այն հսկաները, որոնք ընդունակ էին գրական պատկառելի գործեր արտադրելու, հատորներ դիզելու վրայ-վրայի՝ գիշերային տքնութեամբ։ Ինչո՞ւ նուազիլ սկսան կամ նօսրացան նոյնի՛սկ այն աւելի համեստ ուժերը, որոնք պիտի խտացնէին միաբանութեան շարքերը ու պարզապէս իրենց ձեռքը պիտի դնէին մաճին վրայ՝ որպէսզի կանգ չառնէ Մխիթարի արօրը…։
Կոչումի պակա՞ս, մշակութային կամ տոհմիկ արժէքներու այլասերո՞ւմ, կրօնական ու բարոյական արժէքներու ճգնաժա՞մ։
Միաբանութեան Ս. Ղազար հաստատումին 300-ամեակը մէկ կողմէ հպարտութեամբ կը լեցնէ իմ կուրծքը, միւս կողմէ՝ մտահոգիչ հարցականներու դուռ կը բանայ։ Ս. Ղազարու կղզիին պարտէզին մէջ կանգնեցուած Մխիթար Սեբաստացիի արձանը կը հսկէ կարծէք լռութեան ու ամայութեան մը վրայ…։
Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞ միաբանութեան միջին սերունդի այժմու ներկայացուցիչներէն Հ. Մեսրոպ Սիւլահեանի հետեւեալ հաստատումը, զոր կատարած է ան Թորոնթոյի մէջ, դեռ վերջերս, 300-ամեակին առթիւ սարքուած ձեռնարկի մը ընթացքին.
- Այսօր Ս. Ղազարի միաբանութեան դիմաց ծառացած են անյետաձգելի մարտահրաւէրներ, որոնք լուծում կը պահանջեն, ինչպիսին են՝ միաբանութեան շարքերուն նօսրացումը,— որ ծանր նահանջ արձանագրած է վերջին 30-40 տարիներու ընթացքին,— կրթադաստիարակչական կեդրոններու նուազումը կամ փակումը, գրական ու բանասիրական գործունէութիւններու լռելեայն բացակայութիւնը։ Թէեւ Մխիթարեան միացեալ միաբանութիւնը կը պահէ «Բազմավէպ»-ն ու «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն ու կը շարունակէ հրատարակել զանոնք, սակայն հոն Մխիթարի որդիներն ու Մխիթարի Տան գրիչները բացակայ են այլեւս…

«Նոր Յառաջ», 21 Դեկտեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment