3.12.17

Ո՞վ ի՛նչ կը սպասէ հայ դպրոցէն

 ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Եթէ Սփիւռքի, որպէս առաջադրանքներ ունեցող հայագաղութներու միասնութիւն ու միութիւն, կենսական մարտահրաւէրներէն մէկը հայապահպանումն է, ապա ուրեմն աներկբայ իրողութիւն է, որ հայապահպանութեան անփոխարինելի դարբնոցը հայ դպրոցն է:
Ուրեմն եւ` անխուսափելի հարցումը: Սփիւռքի մէջ ո՞ւր է հայ դպրոցը այսօր: Մեկնակէտ ունենանք լիբանանահայ դպրոցը, որ գրեթէ դար մը ամբողջ մնաց ու տակաւին է առաջատարը հայ գիրն ու դպրութիւնը ուսուցանող, հրատարակող ու տարածող: Բայց նոյն դպրոցին կարողականութի՞ւնը` վաղուան մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ոչ մէկ կասկած, որ հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտներու թիւի համեմատական աճին հետ նաեւ կարելի է գնահատել հայ դպրոցի յառաջընթացն ու յաջողութեան գրաւականը: Եւ այս առումով, ի՞նչ կ՚ըսէ հայ դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը այսօր: Աւելի քան մէկ տասնամեակ է, որ աննախընթաց նուազում կ՚արձանագրէ հայ աշակերտներուն թիւը հայ դպրոցներուն մէջ:
Նախ ըսենք, որ միայն վերջին տասնամեակներու հարց չէ այս, եթէ մինչեւ իսկ շեշտակի կերպով մը ակնառու է իրողութիւնը: Դեռ աւելի քան դար մը առաջ «Լոյս» շաբաթաթերթի (Կ. Պոլիս) 11 նոյեմբեր 1906-ի թիւով լոյս տեսած «Պրուսայի հայոց եկեղեցական եւ կրթական վիճակը» խորագրով յօդուածին մէջ, որ հաւանաբար կը պատկանի շաբաթաթերթի խմբագիր Բաբգէն ծ. վրդ. Կիւլեսերեանին (ապա` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս) գրչին, կը կարդանք.
«Ինչպէս դիտել տուաւ ինծի [միսիոնարուհի] Միս Ալեն, որ Խարբերդ ծնած ըլլալով` շատ մաքուր հայերէն կը խօսի, հայ ծնողներ կը բաւականանան, երբ իրենց աղջիկները քիչ մը եւրոպական լեզու մը խօսին, անգլերէն կամ ֆրանսերէն, եւ քիչ մըն ալ դաշնակ զարնեն: Մանչերու համար ալ բաւական կը համարուի մանաւա՛նդ ֆրանսերէն լեզուն, եւ իսկապէս նախնական կրթութեան մասին որոշ գաղափար չունին Պրուսայի հայ ծնողներ, եւ ասոր ապացոյցը այն է, որ անոնք իրենց զաւակները, առանց տոհմային նախակրթութեան, օտար վարժարաններ կը ղրկեն: Այս սխալ հասկացողութիւնը ուրիշ տեղեր ալ կայ, միայն Պրուսային յատուկ չէ: Ուր որ օտար վարժարան մը իր դռները կը բանայ, հոն կը վազեն հայ ծնողներ առջի վայրկեանէն, մինչդեռ պէտք էր գիտնային, որ տոհմային նախակրթութիւնը անպայման կերպով հայ ուսանող մը հայ վարժարանի մէջ կրնայ առնել» (ընդգծումը մեր կողմէ, Ե.Հ.Ք.) (էջ 1075):
Իսկ աւելի քան կէս դար առաջ, անդրադառնալով մեր օրերու մէջ շարունակուող նոյն հարցին` մեր յօդուածը կը խորագրէինք` «Տղան օտար դպրոց ղրկելու մոտան» (տես` «Ջանասէր», 15 յունիս 1963, էջ 272):
Այսօր, ժողովրդական ասոյթով` «այրած սրտի մխիթարանք» հասկնալի պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ կը նուազի հայ աշակերտներու թիւը հայ դպրոցին մէջ:
Իրողութիւն է, որ լիբանանահայութիւնը այսօր չունի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նախորդող 1960-1975 տարիներու թիւը, որ կը տարուբերէր 200.000-ի շուրջ (՞), գումարած` այն փաստը, որ հայ ընտանիքներուն մէջ նուազած է ծնելիութեան թիւը: Եթէ կար ժամանակ, երբ հայ ընտանիքը երեք կամ չորս զաւակ կը մեծցնէր, այսօր այդ թիւը մէկ կամ երկու է:
Ու դեռ, հայ համայնքի նախկին հայահոծ շրջանները նօսրացած են իրենց հարազատ բնիկներէն. բնակիչները ցրուած են զարգացող զանազան արուարձաններ, ուր յաճախ տան աւելի մօտ են ոչ հայկական վարժարանները. ժամանակի ու ճանապարհածախսի հարց կայ, կը նշանակէ` հեռաւորութիւնը հեռու կը պահէ հայ աշակերտը հայ դպրոցէն:
Ու պիտի չմոռնալ նիւթական երեսը հարցին: Իրենց օրապահիկին համար պայքարող ընտանիքներ երբ կը կենան նիւթական պարտաւորութիւններու անանցանելի պատուարին դիմաց, կը համակերպին իրենց զաւակները ղրկել պետական ձրիավարժ դպրոց, որ յաճախ նաեւ կրնայ իրենց դրացնութեան մէջ ըլլալ:
Եւ անշուշտ կայ ու կը մնայ լիբանանահայ հասարակութեան մէջ արմատացող քաղքենիութիւնը` իր ծլարձակող վարակիչ մտածողութեամբ: Քաղքենիացած այս խաւին համար հայ դպրոցը «չի բաւարարեր» իր երազանքները: Քաղքենիացած այս դասին ներկայացուցիչները յաճախ նստած կը գտնէք հայ ազգային կեանքի ղեկավար օղակներու աթոռներուն վրայ, որոնք անպայման նաեւ պահանջող են հրապարակային հանդիսութիւններու առաջին շարքի բազկաթոռները, բայց իրենց զաւակները… արժանի են միայն ոչ հայկական վարժարաններու դասասեղաններուն:
Վերոյիշեալ իրողութիւններն ու պատճառաբանութիւնները, որոնք յաճախ նիւթ դարձած են մամուլին, համոզած են մեզ, որ գիտենք, թէ ինչո՛ւ հայ աշակերտներուն թիւը կը պակսի հայ դպրոցին մէջ:
Բայց իրաւ, միայն վերոնշեալնե՞րն են պատճառները: Ո՞վ փորձած է յայտնաբերել ամբողջ ճշմարտութիւնը: Ո՞վ հարց տուած է հայ ծնողներուն, թէ ինչո՛ւ իրենց զաւակները կը վստահին ոչ հայկական դպրոցներու:
Տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող այս իրավիճակին դիմաց կատարուա՞ծ է որեւէ հարցախոյզ ու պատրաստուա՞ծ է որեւէ վիճակագրութիւն, որ կարենայ պատճառաբանել, թէ հայ ծնողը ի՛նչ կը սպասէ, ի՛նչ կ՛ակնկալէ հայ դպրոցէն, ու քանի որ հոն չի գտներ իր ակնկալածն ու սպասածը, իր զաւակը կը ղրկէ հոն, ուր կը հաւատայ, թէ իր ակնկալութիւնները կ՛իրականանան:
Անհնարի՞ն է նման ծրագիր մը իրագործել:
Այդ ինչո՞ւ է, որ թաղապետի մը (մուխթար) ընտրութիւնը գլուխ հանելու համար (դեռ չենք խօսիր երեսփոխան մը ընտրելու մասին) ամբողջ թաղամասեր ոտքի կը հանենք, հարիւրաւոր երիտասարդներ գործի կը լծենք, տասնեակներով ինքնաշարժ կը վարձենք ու կը վազենք դուռ-դուռ ծեծելու, անկողինէն հիւանդն անգամ ոտքի հանելու, որ քուէատուփ հասնի…, բայց ոչ ոք, ո՛չ համայնքապետարաններ, ո՛չ առաջնորդարաններ, ո՛չ կուսակցութիւններ, ո՛չ մշակութային ու հայրենակցական միութիւններ զոհողութիւնը յանձն կ՛առնեն հայ ընտանիքի մը դուռ թակելու եւ հարց տալու.
– Ինչո՞ւ ձեր զաւակը ոչ հայկական դպրոց կը ղրկէք:
Եւ ապա` լուռ ունկնդրելու տրուած պատասխանն ու բացատրութիւնը, իմանալու, թէ հայ ծնողքը ի՛նչ կ՛ակնկալէ հայ դպրոցէն, բայց յուսախաբ` հեռացած է անոր սեմէն:
Ու տրամաբանական չէ՞, որ տրուած պատասխաններուն ու բացատրութիւններուն ընդմէջէն հնարաւոր ըլլայ անդրադառնալ ու գիտակցիլ, թէ ո՛ւր կը թերանայ հայ դպրոցը:
Թէ` ինքնաբաւարարուած մեր եսերով ու կատարեալի սահմանները գերազանցողի մեծամտութեամբ, կրնանք յայտարարել, թէ ի՛նչ որ մերն է, ընդօրինակելի եզակի օրինակներ են դպրոցի ու դաստիարակութեան… եւ առաջ քաշել արդէն մաշած ինքնագովազդային քարոզչութիւնը, որուն կայուն դրամագլուխներն են`
պետական քննութիւններուն ձեռք բերուած յաջողութիւնները եւ «հայակերտում»-ը…
Գաղտնիք մը չենք բացայայտեր, եթէ ըսենք, որ պետական քննութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնիլը հայ դպրոցին համար ազգային առաքելութիւն իրականացնել չէ, այլ բնական, պարտաւորիչ աշխատանքի մը արդիւնքը` որեւէ ուսումնական հաստատութեան, ուրեմն` ե՛ւ հայ դպրոցին, ուր ան առանձնապէս գլուխ գովելու իրաւունք չունի: Հետեւա՞ծ էք իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի աւարտին պետական քննութիւններու արդիւնքներու յայտարարութեան, ուր յաճախ մրցանիշ յաջողութիւններու հասած են աշակերտներ, որոնք կու գան հարաւէն ու ձրիավարժ պետական դպրոցներէն:
«Հայակերտում»-ը դժբախտաբար սկսած է հայ դպրոցին նահանջը քողարկող «գովազդ»-ը ըլլալ:
Բայց նախ` ճշդում մը:
Հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին գործող որեւէ դպրոցի առաջին պարտաւորիչ առաքելութիւնը մարդակերտումն է: Մարդը` իր հաւատքով, բարոյական չափանիշերու տիրացումով, մարդկային կեանքի արժեչափերով, մարդկային յարաբերութիւններու արդարամիտ ուղեցոյցներու սեփականացումով, իբրեւ մարդ` ազգին, ընկերութեան, երկրին, հողին, աշխատանքին հանդէպ զաւկի երախտագիտութեամբ պարտաւորութիւններու գիտակցումով: Հայակերտումը բնական շարունակութիւնն է մարդակերտումին: Եւ արդեօք հայ դպրոցը յաջողա՞ծ է հայակերտումի իր առաքելութեան մէջ, եւ եթէ այո՛, կրնա՞յ ճշդել տոկոսը այդ յաջողութեան:
Կրկին` վիճակագրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ո՞վ ճշդած է, թէ այսօր ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող երեխաներու ու պատանիներու քանիի՞ն ծնողքը «հայակերտող» հայ դպրոցի շրջանաւարտ է: Ու ո՞վ հարց տուած է, թէ ինչո՛ւ հայ դպրոցին մէջ «հայակերտուած» հայ պատանին, ընտանիք կազմելէն ետք, իր զաւակը յանձնած է ոչ հայկական վարժարանի հոգատարութեան: Կա՞յ հարցախոյզ, կա՞յ վիճակագրութիւն, կա՞յ պատասխան:
Եւ… առաջնորդարաններն ու համայնքապետարանները բարի կ՛ըլլա՞ն հրապարակելու, թէ վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին ի՛նչ է թիւը խառն ամուսնութիւններուն` նշելով, թէ ի՛նչ է անոր աճի կամ նուազումի տոկոսը յաջորդական տարիներուն, ու նաեւ` ճշդելով, թէ այդ խառն ամուսնութիւններու հայածին թեկնածուներէն քանի՞ն շրջանաւարտ են «հայակերտող» հայ դպրոցէն:
Գիտենք` գայթակղութիւնն ու հրապոյրը մեծ են: Բայց խոստովանինք` խառն ամուսնութիւններու ծնունդ բոլոր երեխաները չէ, որ ոչ հայկական դպրոց կը յաճախեն: Նկատառելի է թիւը անոնց, որոնք հայ դպրոցի սան են ու` հայ աշակերտէն ակնկալուած լաւագոյն ընկալումով եւ արդիւնքով:
Դժբախտաբար կան եւ տխուր պատմութիւններ:
Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ էր, որ պատմութիւն կերտած հայկական երկրորդական վարժարանի մը ուսանողական տարեգիրքին մէջ ճերմակի վրայ սեւով տպուած էր. «Հայոց պատմութեան դասապահն է, փիժամաները հագէք»:
Այսօր ականատես ենք աւելի ցնցող պատկերի մը: Միայն վերջերս հայկական երկրորդական վարժարանի մը աւարտական դասարանին մէջ զրոյց մը կը զարգանայ ուսուցիչին եւ աշակերտներուն միջեւ: Ազգային ցաւերու ու հայ դպրոցի մասին ալ խօսք կայ: Աշակերտ մը կը խոստովանի իր տրամադրութիւնը.
– Ես զաւակս հայ դպրոց չեմ ղրկեր առաւելագոյնը մինչեւ նախակրթարանի աւարտը:
Աշակերտը առանձին չէ իր տրամադրութեան մէջ:
Այսօր ո՞վ աւելի լաւ կրնայ բնութագրել, թէ հայ աշակերտը ի՛նչ կ՛ակնկալէ հայ դպրոցէն, քան հայ դպրոցի հայ աշակերտը` ի՛նք: Դիմա՞ծ ենք հայ աշակերտին: Այս առումով հարցախոյզեր ու վիճակագրութիւններ կատարուա՞ծ են հայ դպրոցներուն մէջ, ուր նոյն աշակերտը զգայ, որ ինք եւս պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունի հայ դպրոցի բարեշրջման ու ժամանակին հետ համահունչ քայլ պահելու համար տարուելիք աշխատանքին մէջ:
Հայ դպրոցի հայ աշակերտին հետ կատարուած հարցախոյզերն ու պատրաստուած վիճակագրութիւնները շատ բան կրնան ըսել հայ դպրոցի ե՛ւ ֆիզիքական կառոյցին, ե՛ւ ուսումնական ծրագրին, ե՛ւ դասաւանդման եղանակներուն, ե՛ւ աշխատանքի արժեւորման կերպերուն, ե՛ւ դպրոցական եւ արտադպրոցական գործունէութիւններուն, ե՛ւ տնօրինութեան, ե՛ւ ուսուցչական կազմի աշխատելաոճին մասին: Բայց… հարցախոյզերու իրականացումէն եւ վիճակագրութիւններու պատրաստութենէն ետք, դպրոցի պատասխանատու մարմիններն ու տնօրէն եւ ուսուցիչ պատրա՞ստ են դիմակալելու վիճակագրութիւններու արդիւնքները, թէ «մենք ձեզմէ լաւ գիտենք»-ի ամենագիտութեամբ փակելու են տետրակը:
Եւ արդարութեան իրագործման համար` արդար պահանջ մը. կ՛ապրինք աւելի քան մասնագիտական դարու մը մէջ, այդ իսկ պատճառով պահանջելու պէս պիտի խնդրել, որ հարցախոյզերու պատրաստութիւնը, գործադրութիւնը, անոնց ընթերցումը, վիճակագրական տախտակներով արտայայտութեան մէջ դնելը եւ այս բոլորին առարկայական եւ ուսանելի գնահատանքը կատարելը վստահուի արհեստավարժ, վիճակագրութեան աշխատանքի մէջ մասնագիտացած անկախ խմբակի մը:
Շա՞տ թանկ արժէ նման ծրագրի մը իրականացումը:
Եւ ի՞նչ արժէ հայ աշակերտը, հայ դպրոցը:
Սիրողական, տնային աշխատանքով «եոլա երթալու» օրերը անցած են:
Խոստովանինք. 21-րդ դարը կը բոլորէ իր երկրորդ տասնամեակը, իսկ հայ դպրոցը կ՛ապրի 20-րդ դարու կիսուն մէջ:
Ճշդում մը. դպրոցին մէջ համակարգիչներու դասարան մը կազմակերպելը հաստատութիւնը 21-րդ դարու կրթական-ուսումնական համակարգին անդամ չի դարձներ:
21-րդ դարուն մեծ յեղաշրջում կ՚ապրի համաշխարհային կրթական-ուսումնական համակարգը, ու պիտի ըսել, որ Լիբանանի մէջ անոր արձագանգները տեղ հասած են, ու կարեւոր թիւ կը կազմեն կրթական այն հաստատութիւնները, որոնք գործնականօրէն կը փորձեն քայլ պահել բարեշրջման ընթացքին հետ: Ո՞ւր է հայ դպրոցը կրթա-ուսումնական բարեշրջման այս հոլովոյթին մէջ: Կրկնենք. դպրոցին մէջ երկու, թէկուզ տասը համակարգիչ եւ սպիտակ տախտակ տեղադրելով` կրթա-ուսումնական բարեշրջում չ՛իրագործուիր: Գիտական հիմքի վրայ ամրացած մանկավարժական ամբողջ մտածողութիւնը պիտի բարեշրջուի, եւ անոր հետ` կրթական ծրագիրն ու անոր մատուցումը, եւ առանձնապէս` տնօրէն-ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք յարաբերութեան դաստիարակչական բնոյթը, եւ աշակերտին` կրթական համակարգին մէջ պատասխանատու դերակատարութիւնը ոչ միայն իբրեւ լոկ ընկալողի, այլեւ` իբրեւ մասնակիցի:
Թապուլա ռազան 21-րդ դարու մէջ այլ ըմբռնում ու գործելակերպի այլ ոճ կը պահանջէ. եւ` այդ ըմբռնումն ու գործելակերպը ընկալող ու կիրարկող ուսուցչական կազմ ու տնօրէնութիւն:
Հարցում մը. այսօր հայ դպրոցի ուսուցչական կազմի անդամները կրնա՞ն դիմակալել իրենց դասաւանդած նիւթի ու մանկավարժական մատուցման որակաւորման քննութիւն մը:
Ու հարց պիտի տալ, նոյնինքն` ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, դպրոցի խնամակալ ժողովներուն, դպրոցի տէրերուն, թէ իրե՛նք ի՛նչ կ՛ակնկալեն հայ դպրոցէն եւ ինչո՞ւ: Հոս եւս հարկ պիտի ըլլայ հարցախոյզն ու վիճակագրութիւնը:
Դպրոցը արտադրող մեքենայ-գործարան չէ, այլ` 21-րդ դարը ապրելու ատակ մարդու դարբնոց:
Ամրագրենք. շատ ուրիշ բան է ապրիլ 21-րդ դարու մէջ, եւ շա՜տ ուրիշ բան` ապրիլ 21-րդ դարը:
* * *
Եթէ իրապէս կը հաւատանք, որ հայ դպրոցն է խարիսխն ու յենակէտը հայապահպանման ու երաշխիքը` պահանջատիրութեան դաստիարակութեան եւ ուղենիշին, ապա ուրեմն ժամանակն է (ուշ է, բայց` ոչ ուշացած), որ դադրին քրտնաթոր ճառախօսութիւնները ու վերջ տրուին ապարդիւն համագումարներու ու համաժողովներու համար յումպէտս ծախսուած ժամանակին ու գումարներուն, եւ խօսինք միայն նպատակասլաց աշխատանքի ձեռնարկելու մասին` ուղեցոյց որդեգրելով արաբական առածը` «Հացը տուր հացագործին, թէկուզ կէսը ուտէ», որ կը նշանակէ հացին պատրաստութիւնը վստահէ մասնագէտին` հացագործին:
Հայ դպրոցի բարեշրջման աշխատանքը մասնագէտի գործ է, ու գործը պիտի վստահիլ մասնագէտին:
Նպատակասլաց աշխատանքին յաջողութեան միակ գրաւականը հայրենանուէր սփիւռքակեդրոն ինքնավստահ մտածողութիւնն է եւ սփիւռք-համասփիւռքեան հիմնադրամի ստեղծումը:
Այլապէս, քանի մը տարի ետք չորս-հինգ դպրոց եւս կը փակենք, աշակերտները կը հաւաքենք մէկ յարկի տակ, կ՛ուրախանանք հոն մէկտեղուած մեծաթիւ աշակերտներու ներկայութեամբ, բայց մինչ այդ կ՛ամչնանք (կ՛ամչնա՞նք) յայտարարելու, որ մեր ծուլութեան եւ անփութութեան պատճառով քանի հայ աշակերտ ափ առաւ ոչ հայկական դպրոց:
Յուսախաբութիւնը չէ, որ գրել կու տայ այս տողերը, հապա` զայրոյթը, թէ ինչպէ՛ս իր ազգային առաքելութենէն շեղած` կը վատնուին լիբանանահայութեան մտաւորական, հոգեւոր, բարոյական ու նիւթական հարստութիւնները:
Հազա՛ր ափսոս Մոկաց Միրզէն:

«Ազդակ», 25 Նոյեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment