12.12.17

Ի՞նչ փոխանցել, ինչպէ՞ս փոխանցել

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
 
Վերջերս, աւելի ճիշդ՝ Նոյեմբերի 18-ին, Ուաշինկթըն DC-ի մէջ, Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժնի կազմակերպութեամբ գիտաժողով մը տեղի ունեցած է «Հայերէնը յաջորդ սերունդին փոխանցելու» նիւթով: Անշուշտ խօսքը արեւմտահայերէնի մասին է:
Մինչեւ հիմա սովորաբար հայերէնը պահպանելու մասին կ՛ըլլային գիտաժողովները, ասիկա քայլ մը առաջ է, քանի որ կարծես թէ պահելը ապահովուած է ու կը մտածուի, թէ ինչպէս զայն փոխանցուելու է մեզմէ վերջ եկող սերունդին:
Կազմակերպիչ մարմիններն ու մասնակիցները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ բաւական լուրջ գիտաժողով մը եղած է: Երբ ուզեցի իմանալ, թէ ինչեր խօսուած են, կամ ինչ առաջարկութիւններ եղած են, ինծի ըսուեցաւ, որ շուտով կը հրապարակեն զեկոյցները: Սակայն, մինչ այդ, հարց տամ. եթէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու կը նկատուի ու զայն գործածողները օրէ-օր կը պակսին, ինչպէ՞ս պահպանելու է եւ ապահովելու անոր փոխանցումը:
Լեզուն պահելը կատակ բան չէ, ան ոչ ուտելիք է, որ պահածոյի տուփերու մէջ պահենք, ոչ ալ հագուելիք է, որ նաֆթալինի մէջ պահենք. լեզուն կը պահուի միայն զայն օգտագործելով եւ կենդանի պահելով: Այսօր, Սփիւռքի տարածքին քանի՞ հոգի մաքուր արեւմտահայերէն կը խօսի, կամ կը գրէ: Առանց նկատի առնելու Ռուսաստան ապրող երեք միլիոնէն աւելի արեւելահայերը, առանց նկատի առնելու նաեւ պարսկահայերը, աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ ապրող 4-5 միլիոն արեւմտահայերուն քանի՞ տոկոսը այնքան մը կը տիրապետէ հայերէնին, որ ի վիճակի ըլլայ զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդին:
Պատճէնահանումի գործընթացին նման, պատճէնուածը երթալով կը կորսնցնէ իր յստակութիւնը, կը գունաթափուի, կը տժգունի, այդպէս ալ լեզուն: Մեզմէ առաջ աւելի լաւ էր, մեզմէ վերջ աւելի վատ պիտի ըլլայ. սա անվիճելի իրականութիւն է:
Ասկէ անջատ, որո՞նք պիտի ըլլան փոխանցողները, ծնո՞ղքը, դպրո՞ցը, գրողնե՞րը, թէ՞ երեքը միասին: Պարզ է որ զաւկի մը առաջին ուսուցիչը կ՛ըլլայ մայրը, ապա ուսուցիչը եւ ապագային ալ գրողը (գիրք, թերթ, եթեր...): Առնենք մէկ առ մէկ: Պարզ է որ մայր մը իր իմացած լեզուով պիտի խօսի իր երախային հետ, իսկ իր իմացած լեզուն որքանո՞վ անապակ է, ըստ բնակավայրին, ան յագեցած չէ՞ տեղական բառամթերքովՙ անգլերէնով, արաբերէնով, ֆրանսերէնով, թրքերէնով, եւ այլն: Անշո՛ւշտ, ուրե՞մն փոխանցուելիքը որքա՞ն վստահելի է:
Գանք դպրոցներուն. ծնողքէն ետք անմիջապէս յաջորդ ուսուցանողին: Այստեղ չեմ կասկածեր, որ «վարակուած» հայերէն փոխանցուի աշակերտներուն, սակայն կը կասկածիմ, որ անոնք իրենց սորված մաքուր հայերէնը օգտագործեն դպրոցէն դուրս ալ:
Մնաց գրականութիւնն ու շատ սահմանափակ եթերը (ոչ արեւելահայերէն): Նոր սերունդը որքանո՞վ հետաքրքրուած է գիրք կամ թերթ կարդալով, նոյնիսկ հեռատեսիլ դիտելով, մասնաւորաբար ճարտարգիտական գիւտերու սրընթաց այս դարուն:
Ուրե՞մն... հարցը շատ լուրջ է ու վտանգաւոր: Յուսամ Ուաշինկթընի գիտաժողովին մէջ օգտակար առաջարկներ եղած են: Ես կը կարծեմ, որ ժողովներու որոշումներէն աւելիՙ իւրաքանչիւր արեւմտահայ ինքզինք պարտաւոր զգալու է նախ իր հայերէնը մաքրելու, ապա զայն փոխանցելու իր զաւկին:

«Ազգ», 8 Դեկտեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment