31.1.18

Վահէ Պէրպէրեան երեւոյթը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալ շաբաթներուն աւելի քան 4500 հանդիսատեսներ ներկայ գտնուեցան Վահէ Պէրպէրեանի «Ուրեմն» մենաներկայացումին:
Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երիտասարդներ ըլլալով եւ աւելի քան յիսուն առ հարիւրը մեր ընթացիկ ձեռնարկներուն ներկայ չեղող հանրութիւն մը յաճախեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ:
Վահէ Պէրպէրեանի վէպերու, կերպարուեստի, թատերախաղերու եւ մենաներկայացումներու ծանօթը շատ ալ անակնկալի չեկաւ անոր արծարծած համարձակ եւ խիզախ նիւթերէն: Ոմանք ակնարկեցին արժէքներու խախտումի մասին, ուրիշներն ալ քննադատեցին նիւթերու ձեւը, ոճը եւ լեզուն:
Սակայն այս բոլորէն անդին եւ վեր` մէկ իրականութիւն մը կայ, որ ուզենք թէ չուզենք պիտի ընդունինք.
1.- Այսօր թատերական կամ հայկական ո՞ր նախաձեռնութիւնը մուտքը 30000 լ. ո. ընելով` ինքնաբերաբար 4500 տոմս կրնայ ծախել:
2.- Այսօր ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ այսքան մեծ թիւով երիտասարդութիւն կապուած զգայ Վահէ Պէրպէրեանին:
3.- Այլ առիթներով միութիւններուն կ՛աղաչենք, որ ձեռնարկ մը վարձեն` պարի, երգչախումբի, թատերական կամ այլ նախաձեռնութիւններ: Ինչպէ՞ս 8 ներկայացում առանց ճիգի եւ օրական 500 ամերիկեան տոլարի վարձուեցաւ:
4.- Կրօնական թեման, որ առարկելի էր եւ չափազանցուած, ինչո՞ւ մէկը սրահ գտնուած ժամանակ չընդվզեցաւ: Կամ աւելի՛ն. ինչո՞ւ, եթէ ընդվզեցուցիչ էր, այդքան խնդուք քաղեց հանդիսատեսէն:
5.- Փաստը այն է, որ անցեալ երկու շաբթուան ընթացքին «Քրիստափոր» կոմիտէն իր տարեկան հասութաբեր ձեռնարկը յաջողցուց եւ` լաւ եկամուտով: Աւելի՛ն, ճեմարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Հայ ուսանողներու միութիւն»-ը ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերը` բոլորն ալ կոկիկ գումար մը հաւաքեցին:
6.- Հարցը միայն նիւթականը չէ: 8 օրերու ընթացքին 300 հայերէն գիրք ծախուեցաւ, այսինքն 300 երիտասարդ ազատ կամքով հայ գիրք գնեց:
7.- «Քրիստափոր» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, գաղութի մէջ որոշ խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ:
8.- Խնդուքէն անդին` երիտասարդութիւնը ներգրաւող հիմնական կէտը եղաւ համարձակութիւնը:
Մեր երիտասարդները Վահէն կը սիրեն, որովհետեւ իրենց մտածելու եւ արտայայտուելու ոճով կը խօսի, բայց միեւնոյն ժամանակ կը մղէ արժէքները վեր պահելու, ընկերային ցանցերու գերին չդառնալու եւ, մանաւանդ, սուտ չխօսելու եւ խելք գործածելու:
Արժէքներու խախտումով մտահոգուողները իրենց ստանձնած պարտականութիւնները եթէ լաւ ընեն, արժէքները կը պահուին:
Թող չմտահոգուին այս եւ նման երեւոյթներէն:
Ամէն մարդ իր գործը լաւ թող ընէ, ամէն բանի արժէքը իր տեղը կը գտնէ, կամ կը պահուի: Ոչ թէ ամէն բանի եւ ամէն ինչի մասին ըսելիք ունենալով ձեր ժամանակը կ՚անցընէք:
Երիտասարդները առողջ են եւ ընելիք ունին, մենք ենք, որ իրենց ազատ մտածելու առիթ չենք տար: Վահէով անոնք իրենց ազատ արտայայտուելու հաճոյքը կ՛առնեն:
Վահէ Պէրպէրեանը այդ ազատութեան եւ համարձակութեան յոյսը կը ներշնչէ:

«Ազդակ», 31 Յունուար 2018

No comments:

Post a Comment