16.2.18

Յաւելումներու ստեղծած տագնապին ի տես. միասնաբար ամուր պահենք հայ դպրոցը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանահայ դպրոցներուն պարագային ստեղծուած նիւթական տագնապը մղած է յօդուածագիրը կրկնելու կարգ մը յայտնի ճշմարտութիւններ, որոնք կ՚երթան երկրի սահմաններէն անդին ու կը տարածուին ամբողջ Սփիւռքի վրայ։ Կ՚արժէ թուարկել քանի մը հատը՝ ի պէտս բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այսօր ջայլամի նման գլուխը կը թաղեն աւազին մէջ.
«Հայ դպրոցը ծնողք – կրթական մշակ – համայնքային ղեկավարութիւն եռեակին վրայ հիմնուած է»:
«Արդի ժամանակներու նորարարութեան պահանջներուն հետեւելու շուտիկութիւնն ու հեւքը յաճախ դպրոցներ դրած են մրցակցութեան խօլ պայքարի մէջ` զարդարելով պատերը, փայլեցնելով քար եւ կոթող, շքեղացնելով գրասենեակներ, բայց մոռնալով, որ այդ բոլորը իրենց գինը ունին»։ 
«Նոր շէնքեր, եկեղեցի, կոթող, յուշարձան կառուցելով չէ, որ հայութիւնը կը պահպանուի-:
«Հայկականք»


Տարիներու սպասումէն ետք պետական մարզի ուսուցիչներու ամսականներու արդար յաւելումներու օրինագիծի վաւերացումը խորհրդարանին կողմէ, տագնապի նոր էջ մը բացաւ սեփական մարզի վարժարաններուն մօտ, որոնք պարտաւորուած ըլլալով կիրարկել նոր օրէնքը, ուսուցիչներու ամսականներու յաւելումին համար ստիպուած զգացին տարեսկիզբէն ու վերամուտէն ետք յատուկ յաւելումներ կատարել աշակերտական կրթաթոշակներուն վրայ:
Երկրի տարածքին ծնողներու կողմէ հսկայական աղմուկ բարձրացաւ, յատկապէս քրիստոնեայ վարժարաններու պարագային: Ցարդ կատարուած ու շարունակուող շարժումները զանազան մակարդակներու վրայ, յատուկ լուծումներու չյանգեցան: Հանրապետութեան նախագահ, պատրիարքութիւն, դպրոց, ծնողական խորհուրդներ կը մնան նոյն փակ շրջանակին մէջ, մինչ տարին կը սահի ու ստեղծուած մթնոլորտը տակաւ կը թէժանայ: Տագնապը կ՛երեւի յատկապէս միջին դասակարգի ծնողներուն մօտ, որոնք արդէն իւրաքանչիւր տարի «հաւանական» յաւելումներու նախատեսութեամբ կրթաթոշակի բարձրացման տուրքը վճարած են:
Վերջին օրերուն, նոյնօրինակ մթնոլորտ մը ստեղծուած է նաեւ հայկական իրականութեան մէջ թէ՛ համայնքային, թէ՛ միութենական սեփականութեամբ վարժարաններու պարագային, ուր վարժարաններու պատասխանատուներ յաւելումներ պահանջող շրջաբերականներ յղած են ծնողներուն, ներկայ տարեշրջանին համար ուսուցչական յաւելումներ կատարելու առ ի պատրաստութիւն: Հարցերը սկսած են ստանալ այնպիսի բնոյթ, որ տարբեր խմորումներու ականջալուր եւ ականատես կ՛ըլլանք, ստորագրութիւններու հաւաք, մերժում, հաւաքական հանդիպումներ, մինչեւ իսկ հաւանական ցոյցեր:
Ու հոս արդէն կը դրուի հաւաքական համագաղութային պատասխանատուութեան խնդիր:
Եթէ երբեք ոչ հայկական վարժարաններու պարագային պատասխանատուները կրնան մտահոգուիլ աշակերտութեան թիւի անկումով զուտ առեւտրական տուեալներով, մեր պարագային նման անկում հարուած է հայկականութեան, հայու ինքնութեան եւ հայ դպրոց պահելու առաքելութեան:
Ներկայ խնդիրը կարելի չէ դիտել զուտ թուաբանական հաշիւներով: Հայ դպրոց, հայ աշակերտ, հայ ուսուցիչ պահելը շուկայական սովորական շահի եւ վնասի խնդիր չէ, այլ հայութեան պահպանման էութենական խնդիր է:
Եւ այս իմաստով հայկական վարժարաններու ներկայ տագնապը հաւաքական պատասխանատուութիւն կը պահանջէ եւ սովորական օրերու անտեղի մրցակցութենէն դուրս դիտարկելի հիմնահարց է:
Ոչ մէկ կասկած, որ արդար է ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելման պահանջը:
Ոչ մէկ կասկած, որ դժուար է հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը եւ շատ մը պարագաներու (ո՛չ միշտ) ծնողքը ի վիճակի չէ ներկայ տարեշրջանին յաւելեալ կրթաթոշակային ծանրաբեռնումի ենթարկուիլ:
Վստահաբար դիւրին չէ նաեւ վարժարաններու տնօրէնութեանց կամ հոգաբարձութեանց ներկայ դրութիւնը, արդարամիտ որոշում կայացնելը:
Հայ դպրոցը ծնողք – կրթական մշակ – համայնքային ղեկավարութիւն եռեակին վրայ հիմնուած է: Եւ այս եռեակի իւրաքանչիւր կողմ իր բեռը վերցնելու պարտաւորութեան տակ է այսօր:
Անպայմանօրէն զուտ տոմարակալական յաւելումներով հայ աշակերտը կարելի չէ դպրոցին մէջ պահել:
Նոյնպէս ալ առեւտրական հաշիւներով հայ ուսուցիչն ալ առանց հայ աշակերտի հայ դպրոցին մէջ չի կրնար շարունակել մնալ:
Արդի ժամանակներու նորարարութեան պահանջներուն հետեւելու շուտիկութիւնն ու հեւքը յաճախ դպրոցներ դրած են մրցակցութեան խօլ պայքարի մէջ` զարդարելով պատերը, փայլեցնելով քար եւ կոթող, շքեղացնելով գրասենեակներ, բայց մոռնալով, որ այդ բոլորը իրենց գինը ունին: Եւ այդ բոլորը շլացուցած են ծնողները իսկ այսօր եկած է այդ գինը վճարելու պահը:
Ու եթէ ցարդ հայ դպրոցի գոյատեւման խնդիրը հայեցի կրթութեան թէ բարձր կրթական մակարդակի ու գեղեցիկ կառուցուածքի հետ կ՛առնչուէր, այսօր սակայն հայ դպրոցը Լիբանանի մէջ վտանգուած է իր գոյութեամբ, իր աշակերտութեամբ:
Հետեւաբար չենք կրնար ձեռնածալ մնալ:
Խնդիրը միայն դպրոցական մարզի պատասխանատուներուն թողելը անպատասխանատու մօտեցում է նուազագոյնը:
Ծանրութիւնը պարզապէս ծնողներուն վրայ բեռցնելը դպրոցները փակելու լաւագոյն միջոցն է պարզապէս:
Կրօնական պատասխանատուներու կողմէ թէ այլապէս խնդիրին լուծումը այլոց վրայ բեռցնելը քրիստոնէական առաքելութիւնը խաթարող է նուազագոյնը:
Նոր շէնքեր, եկեղեցի, կոթող, յուշարձան կառուցելով չէ, որ հայութիւնը կը պահպանուի:
Այդ կառոյցները շնչելու համար, հայութեամբ ապրելու համար հայերէնով աղօթող մարդոց, հայ մարդոց կարիքը ունին, մարդիկ, որոնք հայ դպրոցով իրենց հայկականութիւնը պահած են ու կը պահեն:
Հայ դպրոցը հայութիւն է, հայկականութիւն է:
Հաւաքաբար վերցնենք ձեռնոցը:
Հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ թէ հայ աւետարանական եկեղեցիները միասնաբար պարտին գործօն պատասխանատուութեամբ լուծել խնդիրը:

Սեփական վարժարաններու պատասխանատու միութիւնները գործնական ձեւով պարտին ընդառաջ երթալ հայ դպրոցի գոյատեւման ճիգին:

Հայկական կուսակցութիւնները պարտաւոր են գործնական քայլերով մասնակցիլ լուծումներ որոնելու ճիգին:
Իրենց զաւակները օտար վարժարան ուղարկող ծնողները պարտաւորութիւնը ունին գէթ իրենց զաւակներուն տարեկից երեխաներուն հայկականութեան ի խնդիր մասնակցելու հաւաքական ճիգին:
Եթէ ցարդ կարելի էր հաւատալ, որ պատկերը տակաւին կրնայ գեղեցիկ մնալ, այսօր պատկերը պատռուելու վտանգին տակ է:
Առանց խուճապային մթնոլորտի ազդեցութեան տակ առնուող շուտիկ որոշումներու, համբերութեամբ եւ հանգրուանային լուծումներու ուղիներու որոնումով պէտք է դիմագրաւել ներկայ տագնապը:
Բոլորս, միասնաբար եւ առանց մեծխօսիկութեան, աւելորդ վերլուծումներու կամ անցեալի սխալները միայն մատնանիշ ընելու վերցնենք ձեռնոցը եւ ըսենք.
Միասնաբար ամուր պահենք հայ դպրոցը:

«Ազդակ», 12 Փետրուար 2018


No comments:

Post a Comment